Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13424

Վազգէն Շուշանեանի Հետ` Սիրոյ Եւ Մեղքի Պարտէզներուն Մէջ (Մահուան 75-Ամեակին Առիթով) Ա.

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

V.Shoushanian1_022216Մեր բոլոր գրականագէտներն ալ միահամուռ կը հաստատեն` որ Ֆրանսահայ արձակագիրներու փաղանգին մէջ ամէնէն շատ տպուած ու կարդացուած հեղինակը Վազգէն Շուշանեանն է:

Կ՛ենթադրեմ, որ սխալ չէ այս տեսակէտը:

Վազգէն Շուշանեան հմայիչ անուն մըն էր անցեալ դարու 30-ական թուականներուն:

Լայն բազմութիւններու համար հմայիչ մնաց իր ողբերգական մահէն ե՛տք ալ, տասնամեակներ շարունակ, երբ դէս ու դէն հրատարակուեցան իր անտիպ մեծաթիւ ձեռագիրները:

Ան հմայք մը կը պահէ այսօ՛ր եւս, մանաւանդ` Հայաստանի նորահաս սերունդին մօտ, քանի որ այնտեղ իրարու ետեւէ կը վերահրատարակուին իր գործերը`«Ներքին բնանկար», «Օրագիր», «Քրոնիկոն քնարական», «Խառնիխուռն», «Ընտրանի» եւ այլ վերնագիրներով, մինչ հայրենի մեր գրականագէտներն ալ լրջօրէն կը հակին անոնց վերլուծման ու արժեւորման գործին վրայ…

Շուշանեանի շատ կարդացուած գրող մը ըլլալուն փաստացի ապացոյցն ալ ունիմ: Այցելեցէ՛ք հայկական հանրային գրադարան մը (դպրոցական կամ ակումբային)ու Շուշանեանէն գիրք մը խնդրեցէք: Ձեզի պիտի հրամցուի մաշած, հինցած, պատառոտած, գզգզուած հատոր մը: Այնքա՜ն մեծաթիւ ընթերցողներ առեր-կարդացեր են այդ գիրքերը, որ տարիներու երկայնքին փետրաթափ եղեր են անոնք:

Բախտաւո՜ր Շուշանեան:

Բախտաւոր` յետ մահու…

* * *

V.Shoushanian2_022216

Արդարեւ, Շուշանեան կատարեալ ԱՆԲԱԽՏ մը եղաւ իր կեանքին ընթացքին: Կարճատեւ կեանք մըն էր ատիկա (1902-1941), ուր սեղմուեր էին նուազ քան 40 գարուններ: 39 տարեկանին փոսը դրին այս հէք տղան` փարիզեան գերեզմանատան մը անծանօթ ու անտէր հասարակաց մէկ հողաշերտին մէջ` ԱՆՅԱՅՏ ու ԱՆՇԻՐԻՄ մնալու դատապարտելով զինք…:

Արդէն, դժբախտ պատանութիւն մը սահմանուած էր իրեն: Մեծ եղեռնի օրերուն, հեռաւոր Ռոտոսթոյէն (Թուրքիոյ եւրոպական ափ) դէպի Տէր Զօրի անապատները աքսորուած իր ամբողջ ընտանիքը պիտի անհետանար: Ինք` ծնողազուրկ պատանի, պիտի յաջողէր ապաստան գտնել Հալէպի հայկական որբանոցներէն մէկուն մէջ: Յետոյ, զինադադարին, պիտի յաջողէր պահ մը վերադառնալ իր հայաթափուած ծննդավայրը, անկէ պիտի անցնէր Արմաշ, ապա` Հայաստան (Ա. Հանրապետութեան օրերուն), այնուհետեւ ալ Պոլսոյ վրայով պիտի հաստատուէր Ֆրանսա, 20-ականներու սկիզբը, վերջնականապէս: Այստեղ իր հասուն երիտասարդութիւնը պիտի խամրէր մերթ գաւառական դպրոցներու գորշ միջանցքներուն, մերթ ալ գործարաններու ծուխին ու մուրին մէջ` պատառ մը հացի ետեւէն…

Զարմանալի չէ բնաւ, որ Շուշանեանի որբութիւնը դրոշմ դնէր իր ամբողջ գրականութեան վրայ: «Զրկեալ»-ի հոգեբանութիւնը տիրական եղաւ իր գրական էջերուն լայնքին ու երկայնքին: Միշտ ապրեցաւ անկարեկիր ու անոք մարդու տագնապը, ներքնապէս միշտ ալեկոծ, հոգեխռով, ծայրայեղօրէն զգայուն:

Սեփական ճիգով ու քրտինքով կազմաւորուած, ինքնուս գրագէտ մըն էր Շուշանեան, որ նաեւ մօտէն կը հետեւէր եւրոպական գրականութեան` ուղղակի բնագրէն կարդալով դասական թէ ժամանակակից գործեր:

V.Shoushanian3_022216

Շատ տարիներ առաջ, դեռ ճեմարանական, Պէյրութի երբեմնի«Նայիրի» շաբաթաթերթին հին հաւաքածոները պրպտելու ատեն,իսկական յայտնութիւն մը եղաւ ինծի համար Վազգէն Շուշանեանի գրականութիւնը: Անունին ծանօթ էի թէեւ, բայց վաստակը կը մնար անճանաչ:

Շուշանեանը դպրոցական մեր դասագրքերուն մէջ չկար այն ատեն (հիմա արդէն կա՛յ): Ֆրանսահայ գրողներէն մեզի կը մատուցուէր միայն Շահնուրը` թէ՛ իր «Պճեղ մը անոյշ սիրտ»-ով, թէ՛ «Նահանջ»-ով:

Ծառուկեանի «Նայիրի»-ն, որ յայտնապէս շեշտուած համարում մը ունեցեր է Շուշանեանի նկատմամբ, առիթ չէ փախցուցած սիրուն ու գրաւիչ էջեր հրամցնելու Շուշանեանէն: Շրջան մը հրատարակեր է անոր անտիպ «Օրագիր»-ները:

Իմ առաջին ընթերցումը կը կոչուէր «Բանաստեղծը եւ կինը», տպագրուած` «Նայիրի»-ի 80-ականներու իրերայաջորդ քանի մը թիւերով:

Որքան որ կը յիշեմ, օրագրաշունչ խորհրդածութիւններու շարք մըն էր ատիկա` առանցք ունենալով սիրային տարփալից պատում մը… Հրապուրիչ ու սահուն ոճ մը, վարակիչ շունչ մը, զգացումներ ու յորդահոս բխում մը, առագաստային մտերմիկ կեանքի անխոստովանելի ցնցիչ պատկերներ եւ վարդագոյն երազներ` մէն մի տողի վրայ: Այլեւ` գեղեցիկու հարուստ հայերէն մը, գողտրիկ բառամթերքով, որ խորապէս տպաւորիչ էր. ահա՛ Շուշանեանի գրականութիւնը:

Անկէ ետք Վազգէն Շուշանեան քաշեց-տարաւ զիս իր ետեւէն, պտտցուց զիս սիրոյ ու մեղքի պարտէզներուն մէջ…

* * *

Այո՛, «Սիրոյ եւ մեղքի պարտէզ»-ը:

Ասիկա խորագիրն է Շուշանեանի ծանօթ մէկ գործին, որ առանձին գիրքի ձեւով տպագրուելէ առաջ երեւցած էր Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին մէջ:

Անցեալները վերանորոգ հաճոյքով կարդացի այդ գիրքը:

Ինծի ծանօթ նոյն սիրուն եւ առոյգ ոճն էր, որ բացառաբար ի՛րն էր, Շուշանեանի՛նը: Բարի ու հէք տղու մը (որ իրականութեան մէջ ի՛նք է, հեղինակը) սիրարկածն է, ու անկէ զգացուած «մեղք»-ի զգացումը: Այնքա՜ն փափկասիրտու դիւրազգաց է իր հերոսը (ինք), որ իր պարմանուհի կենակիցին հետ հեշտալի գիշեր մը անցընելէ ետք անոր մասին մեղապարտօրէն կը գրէ. «Ճերմակ ու թրթռուն շուշան մըն էր ան, զոր ես ճմլեցի»

Օրերս վերընթերցեցի նաեւ Շուշանեանի «Մահուան առագաստը»:

Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը զայն լոյս ընծայեր է 1952-ին` որպէս իր սեփական մատենաշարին 58-րդ հատորը: Ունի ենթախորագիր մը` «Երիտասարդ արուեստագիտուհիի մը օրագիրը»:

Շուշանեան, որ անվիճելի վարպետ մըն է օրագրային գրականութեան, կը մտնէ իր հերոսուհիին` երիտասարդ դաշնակահարուհի ու դերասանուհի օրդ. Սիրանուշ Մանուկեանի  մորթին մէջ ու կը գրէ օրագիր մը` իբրեւ թէ անոր գրչով…

«Մահուան առագաստը»սիրոյ չափազանց յուզիչ պատմութիւն մըն է, որուն վերջաւորութեան ընթերցողը կրնայ նոյնիսկ փղձկիլ…

Սիրանուշ կը սիրահարուի աղքատ, որբ, բայց արուեստագէտ հայ տղու մը` Սուրէնին, որ Փարիզ նետուած է Մեծ եղեռնէն ետք (գուշակեցիք արդէն, որ այս Սուրէնը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչի՛նք, Շուշանեա՛նը…): Անդիմադրելի  ու մեծ սէր մը, որ վերջ կը գտնէ հիւանդանոցի մը անկիւնը Սուրէնին վաղահաս մահով, առանց որ սիրատոչոր երկու թարմատի էակները իրարու հպին կամ զիրար գգուեն երբեւէ:

Սիրանուշ իր օրագրի տետրակին մէջ ինք իր մասին կը գրէ.

– Շտապէ՛ կո՛յս, շտապէ՛: Քանի մարմինէդ մեկնած չէ սիրոյ շունչը, արտասանէ՛ բոլոր սիրոյ խօսքերը, որ գիտես, փորձէ՛ բոլոր գգուանքները, որպէսզի վաղը մարմինդ չմսի խաւարին մէջ` առանց յիշատակի, ու շրթունքներդ պահեն մեղքի համը, ինչպէս խորանը` խունկի հոտը: Շտապէ՛, սիրո՛յ աղջիկ, քանի ծաղիկները կը բացուին հոգւոյդ պարտէզին մէջ, սիրոյ կապոյտ ու սպիտակափրփուր ծաղիկները:

Պարզ կը դառնայ, որ Շուշանեանի բովանդակ գրականութեան մէջ տիրապետողը սէրն է: Աւելի յստակ խօսելով` կնոջական գգուանքին երա՜զը:

Իր շարք մը գործերուն խորագիրներուն մէջ անգամ` «սէր»-ը կը գահակալէ փառաւորապէս. «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը», «Սիրոյ եւ մեղքի պարտէզ», «Գարնանային. սիրոյ հեզ նամակներ», «Առաջին սէր»

Իր գրութիւնները, նիւթի կամ պարունակութեան տեսակէտէ, յաճախ այնքան նման են իրարու, որ միատեսակ, միակերպ ըլլալու տպաւորութիւնը կը թողուն: Բայց ձանձրոյթի առիթ չեն տար: Ընդհակառակն, իրենց ձգողական արժանիքներով կը համակեն ընթերցողը ու կը գերեվարեն զայն… Այս առնչութեամբ, Անդրանիկ Ծառուկեան առիթով մը կը գրէր.

– Վազգէն Շուշանեան կը նմանի էապէս համակրելի այն մարդուն, որուն երբ հանդիպինք, գիտենք, թէ նոր բան մը չունի ըսելիք եւ պիտի կրկնէ գրեթէ նոյն բաները, ինչ որ ըսած էր երկու օր առաջ ու կրնար ըսել նաեւ երկու օր վերջ. բայց դարձեալ կը փնտռենք զինք, մտիկ կ՛ընենք հաճոյքով ու չենք ուզեր բաժնուիլ իրմէ, առաջին մեր հանդիպումին թարմ վայելքը վերապրելով ամէն անգամ, անպակաս ջերմութեամբ եւ անաղարտ յստակութեամբ («Գարնանային» հատորին յառաջաբանէն, 1956):

Հալէպ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13424

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>