Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Մրցանակներ Շահած Թրիփոլիի «Ֆայհա» Երգչախումբը Կը Սկսի Տարածուիլ Դէպի Պէյրութ

$
0
0

Համադրեց` ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

_MG_8523--copyԼիբանանի անգլիատառ «Տէյլի Սթար» օրաթերթի 19 յունուար 2016 թուականի թիւին մէջ լոյս տեսած է յօդուած մը` ստորագրութեամբ Ղինուա Օպէյտի, որով ան կ՛անդրադառնայ Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբին եւ անոր ղեկավար, Այնճարի զաւակ Պարգեւ Թասլագեանին:

Ահա՛ թէ ինչ կը գրէ Ղինուա Օպէյտ.

«Ֆայհա»-ն  ամբողջ աշխարհի մէջ միակ երգչախումբն է, որ արաբերէնով համերգներ կու տայ աքափելլա (առանց երաժշտական գործիքի ընկերակցութեան)»:

«Պէյրութ: Իրենց ձայներու համաձայն կիսաշրջանակ նստած նոր անդամները «Ֆայհա» երգչախումբին, որուն կեդրոնը կը գտնուի Թրիփոլի, կը սպասեն խումբի ղեկավարի ազդանշանին, ընկերակցութեամբ դաշնամուրին: Նախ կը սկսին երգել պասերը, ապա թէնօրները, վերջը կու գան ալթոները եւ սոփրանոները:

Երբ ամբողջ խումբը միասնաբար կը սկսի երգել, մայեսթրօ Պարգեւ Թասլագեան հրահանգ կու տայ դաշնակահարին, որ դադրեցնէ նուագը ու «Խալետ Պըն Ուալիտ Հորց»-ի քոլեճի թատերասրահին մէջ գտնուող հանդիսականները կը մագնիսանան Ղասան Սալիպայի «Եա ահլել արտ» (հողին զաւակները)» երգին մեղմանուշ հմայքով»:

– Ի՞նչ է տարբերութիւնը «Ֆայհա» եգչախումբին եւ արաբական միւս երգչախումբերուն,- կը հարցնէ Օպէյտը մայեսթրօ Թասլագեանին:

«Ֆայհա» երգչախումբին տարբերութիւնը աշխարհի միւս արաբական երգչախումբերէն այն է որ, մենք միակն ենք, որ կ՛երգենք առանց երաժշտական գործիքի ընկերակցութեան», բացատրութիւն կու տայ մայեսթրօ Թասլագեանը «Տէյլի Սթար»-ի թղթակիցին, ապա ան կ՛աւելցնէ` ըսելով. «Ես արաբական երկրի մը քաղաքացին եմ ու կ’ուզեմ երգել արաբերէն»:

«Ֆայհա» երգչախումբը հիմնուած է 2003 թուականին, Լիբանանի հիւսիսը գտնուող Թրիփոլի քաղաքին մէջ: Անիկա տարիներու ընթացքին կը սկսի մեծնալ ու ճանաչելի դառնալ Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու քաղաքներու մէջ: Խումբը կը սկսի կազմաւորուիլ միայն հինգ-վեց բաղաձայն երգիչներով, հիմա խումբը ունի 45 անդամներ, մեծ մասը` Թրիփոլիէն ու անոր շրջակայքէն, տարբեր յարանուանութիւններէ եւ մտայնութիւն ունեցող մարդոցմէ, որոնք քով քովի կու գան երգի կախարդանքով»:

«Երգչախումբին յաջողութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ ան իր դռները բանայ եւ երգողներ ընդունի նաեւ Պէյրութէն ու անոր շրջակայքէն. Պէյրութին մէջ նորանոր համերգներու ծրագրով կը յուսանք երգողներուն թիւը հասցնել մինչեւ 100-ի»:

«2011-2014 թուականներուն, երբ Թրիփոլիի մէջ «Ճապալ Մոհսէն եւ Պապ Թապպանէ» թաղերու միջեւ կռիւներ տեղի կ՛ունենային, մենք շարունակեցինք երգչախումբի փորձերը` ցոյց տալու համար, որ երգը կը յաղթէ զէնքին: Շաբաթը երեք անգամ երգչախումբի փորձ կ՛ունենայինք, անդամներուն ընտանիքները իրարու հետ կը կռուէին, բայց զաւակները միասին կ՛երգէին. ունէինք տղաք, որ զէնք կը կրէին, բայց երբ երգչախումբին միացան, մոռցան զէնքը»:

Պարգեւ Թասլագեան դժգոհ է տեղի լրատուական միջոցներու հետաքրքրութեան պակասէն, խումբին ձեռք բերած յաջողութիւններուն նկատմամբ:

Շարունակելով իր զրոյցը` Թասլագեան կ՛ըսէ,

«Ֆայհա»-ն մէկ օրուան ընթացքին մէջտեղ չեկաւ եւ անոր յաջողութիւնն ու վերելքը այնքան ալ հեշտ չէին: Խումբը տեղէ տեղ կը տեղափոխուէր փորձերու ատեն, բայց ժամանակի ընթացքին մարդիկ սկսան գնահատել եղած աշխատանքը ու սկսան նիւթական աջակցութիւններ կատարել, եւ անդամներուն թիւը սկսաւ աճիլ»:

«2005 թուականին գացինք Վարշաւա` Լեհաստան, մաս կազմելու Վարշաւայի միջազգային երգի փառատօնին: Վարշաւա ճանչցուած է որպէս աքափելլա երգերու մայրաքաղաք: Առաջին անգամն էր, որ արաբական երգչախումբ մը կը մասնակցէր նման փառատօնի մը: Մենք հոն երկրորդ հանդիսացանք: 2007-ին մենք կրկին Վարշաւա էինք ու շահեցանք երկու մրցանակներ` «Լաւագոյն երգչախումբը» եւ «Լաւագոյն խմբավարը»: Այս յաջողութիւնները շատ մը դռներ բացին երգչախումբին առջեւ: Այդ օրէն ասդին «Ֆայհա»-ն Լիբանանը ներկայացուց շատ մը միջազգային փառատօներու եւ մրցումներու, նոյն ատեն` բազմաթիւ համերգներ տալով երկրին մէջ:

2015-ին «Ֆայհա» երգչախումբը կը շահի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի  IMC-Music Rights Award-ը` իր Music Rights-ի հինգ գլխաւոր պայմաններու գործադրութեամբ: «Ֆայհա» երգչախումբը նաեւ կը գործակցի գաղթականներու միջազգային կազմակերպութիւններու հետ:

«Բոլոր անոնք, որոնք բեմ կը բարձրանան, արժանաւոր քաղաքացիներ են, իսկ արժանիքը առանց աշխատանքի` տեղ չի հասնիր», կ’ըսէ Թասլագեան նոր անդամներուն, որոնք զինք ուշադրութեամբ մտիկ կ՛ընէին. «Մենք զիրար չենք հանդուրժեր, անոր համար կը ձախողինք հաւաքական աշխատանքներու մէջ: Հաւատարմութիւն երգչախումբին եւ ներկայ ըլլալ երգչախումբին փորձերուն` կարեւոր պահանջներէն է յաջողութեան համար: Անոնք, որոնք այդ պատրաստակամութիւնը չունին, անոնք պարզապէս երգչախումբին բարեկամները կրնան ըլլալ: Երգչախումբին անդամագրութեան տարիքը 17-40 է: Պայման չէ, որ անոնք նախապէս երգող եղած ըլլան, ամենակարեւորը «ականջ» ունենալն է»:

«Նպատակը բոլոր այս ջանքերուն` լաւ քաղաքացի պատրաստելն է, զարգացնել արաբական երաժշտութիւնը եւ ոչ թէ փոխել, զայն պահելով ու տարածելով», եզրակացուց մայեսթրօ  Պարգեւ Թասլագեանը:

8 փետրուար 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>