Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13424

Սիմոն Վրացեանի «Խարխափումներ»-ը Եւ Արշակ Ջամալեանի «Յ. Քաջազնունին Եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը» Հատորներու Հրատարակութիւն

Image may be NSFW.
Clik here to view.
11904705_992339857463226_6181525848748774099_n
Image may be NSFW.
Clik here to view.
խարխափ-1
Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնին նախաձեռնութեամբ  վերահրատարակած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի «Խարխափումներ» հատորը (190 էջ) եւ հրատարակուած է Արշակ Ջամալեանի «Յովհաննէս Քաջազնունին եւ ՀՅ դաշնակցութիւնը» հատորը, որ առաջին անգամն ըլլալով լոյս կը տեսնէ:

«Խարխափումներ» հատորը լոյս տեսած էր 1924-ին Պոսթընի մէջ, արեւելահայերէնով եւ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ: «Անի» կեդրոնը հատորը վերահրատարակած է արեւելահայերէնով, բայց` աբեղեանական ուղղագրութեամբ:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
22222_021716

Վրացեանի հատորը պատասխան է առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի «ՀՅ դաշնակցութիւնն անելիք չունի այլեւս» գիրքին:

Արշակ Ջամալեանի «Յովհաննէս Քաջազնունին եւ ՀՅ դաշնակցութիւնը» հատորը որպէս յօդուածաշարք  տպագրուած է Պոսթոնի «Հայրենիք» ամսագիրի 1924 թուականի թիւերուն մէջ: Ջամալեանի հատորը պատասխան է առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի «ՀՅ դաշնակցութիւնն անելիք չունի այլեւս» գիրքին:

Գրքոյկներուն խմբագիրն է լրագրող Թաթուլ Յակոբեանը:

Հատորները լոյս կը տեսնեն «Լուսակն» տպարանէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13424

Trending Articles