Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

ՀՄԸՄ-ը` Անցեալէն Ապագայ Երիտասարդութեան Հետ, Երիտասարդութեան Համար

$
0
0

ՏՈՔԹ. ԻՇԽԱՆ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Հանրածանօթ դէմքերու, աշխարհահռչակ անձերու, հերոսներու, պատմական վայրերու, թուականներու կամ մայրաքաղաքներու մասին կարելի է մեծաթիւ գրութիւններ, արձանագրութիւններ, յուշագրութիւններ եւ նոյնիսկ գիրքեր գտնել: Համացանցի վրայ նոյնիսկ աւելին կարելի է տեսնել:

Բայց քիչ են այն շարժումները, հասարակական կազմակերպութիւնները, կամաւորներու միութիւնները, որոնք ՀՄԸՄ-ի չափ մելան կը հոսեցնեն, անոր հմայքը ունին, ժողովուրդի հետաքրքրութիւնը կը շարժեն, շարունակական աշխատանք ունին եւ դրոշմ ձգած են անցեալին ու ներկային վրայ:

Աւելի՛ն. ՀՄԸՄ-ի հովանիին տակ 100 տարի շարունակ գործեցին համեստ միութենականներ եւ հանրածանօթ դէմքեր, աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններ ու փայլուն մարզիկներ, երբեմն նոյնիսկ` հերոսներ:

Ի տարբերութիւն հայկական կամ  օտար այլ միութիւններու, ՀՄԸՄ-ը գործած է գրեթէ բոլոր մայրաքաղաքներու եւ արուարձաններու մէջ, ուր որ հայ ընտանիքներ բոյն հաստատած են:

Ի վերջոյ, ՀՄԸՄ իր մարզական խումբերուն եւ ախոյեաններուն միջոցով բազմահազար երիտասարդներու երեւակայութեան եւ երազներու ճամբան բացած է, իսկ սկաուտական բանակումներու եւ արշաւներու ընդմէջէն անծանօթներ վերածած է եղբայրներու, ծանօթներ` հարազատներու:

Ի՞նչ է այս միութեան գաղտնիքը: Այն մղիչ ուժը, որ այսքան հզօր եղած է: Շատ հեզասահ կերպով ճեղքած է պատմութեան դաժան 100 տարիներ եւ կը պատրաստուի յաջորդ 100 տարիներու դուռը թակել` միշտ խրոխտ, ինքավստահ եւ հաստատ քայլերով:

Հասկնալու համար այս երեւոյթը` պէտք է թափանցել ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան մէջ եւ տեսնել, որ այս միութիւնը տուած է ա՛յն, ինչ որ հայ ժողովուրդին հարկաւոր եղած է տուեալ օրը:

Այսպէս, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան նախորդող տարիներուն անոր հիմնադիրներուն տեսլականն էր մէկ դրօշի տակ միացնել Պոլսոյ հայկական սկաուտական եւ մարզական  տարբեր ակումբներն ու շարժումները` ունենալու համար կազմակերպուած, ամուր,  ազգային դիմագիծով օրինակելի միութիւն մը, որ թէ ՛ երիտասարդութեան աւելի  լաւ պիտի ծառայէր եւ թէ՛ համայնքին մէջ ներդաշնակ ու կազմակերպ պիտի գործէր: Այդ օրերու միջավայրին մէջ կենսական եւ յանդուգն քայլ մըն էր ապագայ ՀՄԸՄ-ին առաջադրանքը:

Ապա վրայ հասաւ Մեծ եղեռնի արհաւիրքը: Սերունդ մը ամբողջ ոչնչացաւ, մաս մըն ալ որբացաւ ու անտէր դարձաւ: Այս հանգրուանին ապագայի հիմնադիրները եւ իրենց գործակիցները անցան որբախնամի եւ երիտասարդ նոր սերունդի մը կերտման աշխատանքներուն` մարմնամարզական, սկաուտական, դաստիարակչական թէ կազմակերպական մարզերով:

Շատ չանցած, 1918 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի պաշտօնական հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք, միութեան կը վիճակուէր հայրենիք հաստատուիլ եւ հոն տանիլ մարմնակրթական եւ կազմակերպական լայն աշխատանք, ընդհանրապէս երիտասարդներու եւ յատկապէս  Եղեռնէն ճողոպրածներու մօտ:

1920-ական թուականներէն ետք ՀՄԸՄ-ին` վիճակուեցաւ ակամայ տարագրութեան ճամբան բռնել եւ հաստատուիլ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու մէջ: Այս չորրորդ փուլը տեւեց բաւական երկար: Այս փուլին տեղի ունեցաւ գաղութներու կազմակերպում եւ բարգաւաճում` մշակութային, ընկերային, մարմնամարզական, Հայ դատի եւ այլեւայլ բնագաւառներու մէջ:  ՀՄԸՄ-ը միշտ ներկայ էր տարբեր գաղութներու վերելքին` իբրեւ հաստատ կռուան եւ անվերապահ մասնակից: Այս օրերուն է, որ կերտուեցան ՀՄԸՄ-ի պատմութեան պանծալի էջերը:

Յաջորդ փուլը պէտք է նկատել ՀՄԸՄ-ի վերադարձը մայր հայրենիք, 1989-էն սկսեալ: Շատ սպասուած այս վերընձիւղումը հայրենիքի մէջ նոր հորիզոններ բացաւ ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած բոլոր անդամներուն դիմաց: Եւ այսպէս, բանակումներն ու մարզախաղերը տեղի ունեցան մայր հողին վրայ, նախկինէն տարբեր «համով ու հոտով», շատ աւելի հայեցի մթնոլորտով:

Եւ այսօր, ահա 100-ամեակ…100 ձեռնարկ, 100 բանախօսութիւն, 100-է աւելի մասնաճիւղ ու տակաւին բաւարար չեն ՀՄԸՄ-ի մասին ամէն ինչ ըսելու համար:

ՀՄԸՄ իր 100 տարուան պատմութեան ընթացքին եղաւ համախմբողի, որբախնամի, մարմնակրթանքի, կրթութեան, ազգային շահերը պահողի եւ դեռ ինչ-ինչ առաքելութիւններ ստանձնողի դերակատարութեան մէջ`  ըստ հայու ընդհանրական շահերուն եւ պահանջներուն:

Հապա ապագա՞ ն…

Անկասկած, յառաջիկայ տարիներուն ՀՄԸՄ ունի նոր մարտահրաւէրներ` հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ: Վերնագիրները շատ են` ազգային դիմագիծի պահպանում, այլասերումի դէմ պայքար,  միջազգայնացումի վտանգներու չէզոքացում, կարգ մը նոր գաղութներու կազմութեան հետ քայլ պահելու աշխատանքներ եւ այլն:

Աւելի՛ն. յառաջիկայ շրջանին ՀՄԸՄ դէմ յանդիման կը գտնուի մերօրեայ կենցաղի ջլատիչ, ազգերը հիւծող եւ ինքնուրոյնութիւնը արհամարհող արդի դաստիարակութեան երեւոյթին:

Հաւանաբար ՀՄԸՄ-ի ներկայ մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ առաւելագոյն չափով հասնիլ հայ երիտասարդութեան, ո՛ւր ալ ըլլայ ան եւ ինչ ալ ըլլան անոր պայմանները: Պէտք է առիթը ստեղծել, որպէսզի ամէն հայ պատանի կամ երիտասարդ անպայման ժամանակ մը անցնի ՀՄԸՄ-ի «դպրոցէն», մաս կազմէ մարզական խումբերէն մէկուն եւ մանաւանդ` սկաուտական միաւորներէն մէկուն: Պէտք է առիթը ստեղծել, որպէսզի ամէն հայ պատանի մասնակցի ՀՄԸՄ-ի մարզախաղերէն մէկուն եւ բանակումներէն քանի մը հատին: Չբաւարարուիլ աւանդական քարոզչութեամբ եւ տանիլ աւելի «յարձակողական», գործնական քարոզարշաւներ` ծանօթացնելու համար մենք մեզի նոր սերունդին եւ հրաւիրելու համար զայն ՀՄԸՄ-ի ազնիւ համակարգին անդամակցութեան: Եւ, ի վերջոյ, տեղ տալ երիտասարդութեան, որպէսզի աշխատի ՀՄԸՄ-ի վարչամեքենային մէջ, սորվի աւանդութիւնները, պահէ զանոնք մասունքի նման, բայց չըլլայ աւանդապաշտ:

100-ամեայ փորձառութեամբ զինուած,  ՀՄԸՄ-ը անպայման ինքնավստահօրէն պիտի դիմագրաւէ ապագան` շնորհիւ իր սկզբունքներուն, ազնիւ ու պարկեշտ ղեկավարներուն օրինակին եւ իր նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին հաւատացողներուն:

Անթիլիաս

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles