ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Ձկնորսն այսօր կը պոռայ,
Լեցուն սակառ ուսէն կախ,
Կ՛ուզէ ծախել քալելով,
Վերադառնալ տուն շուտով:
Հաւաքուած են դիտողներ,
Մեծ ու պզտիկ կը զննեն,
Կը չարչարեն խեղճ ձուկեր,
Կ՛առնեն միայն կարծիքներ:
Աջէն, ձախէն բիրտ խօսքեր`
Ձկնորսը, բայց կամքի տէր,
Կատակներ կը հանդուրժէ,
Կ՛ուզէ ծախել իր ձուկերն:
Յանկարծ կու գան գնորդներ,
Մէկ նայուածքով կը գնեն,
Կը վճարեն ժպտադէմ,
Կը հեռանան ձկնորսէն:
Հարուստ ծովու գերիներ`
ազատութիւն սիրեցէք,
Զգուշացէք ուռկանէն,
Գաղտ թակարդներ կը լարէ:
Եթէ որսան ձեզ ձեռքեր,
Դառնաք օրուան նիւթը մեր,
Շուտ կ՛որոշեն ծախու գին,
Կը վաճառեն ձեզ մութին:
Լիբանան