Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ամերիկահայեր Դատ Բացած Են Թուրքիոյ Դէմ` Իրենց Հայրենի Երկիրը Առանց Անձնագիր Այցելելու Համար

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

29 մայիս 2019-ին երկու ամերիկահայեր Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ կեդրոնական շրջանի դաշնակցային դատարան դիմած են դատական եզակի խնդիրքով, որ հիմնուած չէր Հայոց ցեղասպանութեան վրայ: Անոնք դատ բացած են թրքական կառավարութեան դէմ:

Դատական հայցը յարուցուած է 88 տարեկան Պարգեւ Ղազարեանի եւ անոր զաւկին` Կարօ Ղազարեանի կողմէ` պնդելով «տարեցներու նկատմամբ օրէնքով սահմանուած բռնութեան գործադրման, դիտաւորեալ յուզական տագնապի պատճառման, միջազգային օրէնքի խախտման, վստահուած անձի պարտականութիւններու խախտման եւ ժառանգութեան ակնկալիքի դիտաւորեալ միջամտութեան մասին», գրուած է «Քըրքոնեան Տաճանի» ՍՊԸ փաստաբանական ընկերութեան կողմէ ներկայացուած 44 էջնոց բողոքին մէջ:

Հայցուոր Պարգեւ Ղազարեան Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է, ծնած է 20 ապրիլ 1931-ին, Թուրքիոյ Գալատուրան գիւղը: Ան ներկայիս կ՛ապրի Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքը: Անոր որդին եւս` Կարօ Ղազարեան, որ ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է եւ կ՛ապրի Կլենտէյլ:

Բողոքին մէջ կը հաստատուի, որ հայցուորներուն անձնական վիրաւորանք հասցուած է`  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական կառավարութեան պաշտօնեաներու կամ գործակալներու խճճուած գործողութիւններու կամ թերացման պատճառով:

1930-ական թուականներուն Գալատուրանը հայկական փոքրիկ գիւղ մըն էր, ներկայի Սուրիոյ Քեսապ հայկական աւանի մերձակայքը: Պարգեւ Ղազարեան մկրտուած է իբրեւ հայ քրիստոնեայ «Պալումի մէջ, Թուրքիա գտնուող սրբազան արարողութիւններու վայրը, 1931 թուականին», նշուած է դատական հայցին մէջ: Պալումը կամ Պառլումը յունահռոմէական աւերակներու հնագոյն վայր մըն է, որ կը գտնուի Գալատուրանէն քիչ մը անդին: Դարեր շարունակ տեղւոյն հայերը, ներառեալ` Պարգեւին ընտանիքը, Պալում գացած են ուխտագնացութեան` կատարելու համար իրենց կրօնական եւ մշակութային ծէսերը:

1939-ին Գալատուրանը բաժնուեցաւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ` Պարգեւին տունը ձգելով  սուրիական կողմը, մինչ անոր ընտանիքին պատկանող դաշտերն ու հողերը մնացին թրքական կողմը: Քանի որ Պալումը նոյնպէս կը մնար թրքական հսկողութեան տակ, Գալատուրանի հայերը այլեւս չէին կրնար իրականացնել իրենց ծէսերը այդ վայրին մէջ:

11 հոկտեմբեր 2017-ին Պարգեւ որոշած է մեկնիլ Թուրքիա` Պալում այցելելու համար: Ան դիմում ներկայացուցած է վիզայի համար` Ուաշինկթընի թրքական դեսպանատուն եւ` նշած, որ կ՛ակնկալէ Թուրքիա մուտք գործել 23 դեկտեմբեր 2017-ին: Վիզայի դիմումին մէջ «անձնագիրի տեսակը» խմբաւորման տակ ան նշեր է` «այլ», եւ «կը խնդրենք մատնանշել» վանդակին տակ գրած է` «հայ քրիստոնեայ»: Պարգեւ նաեւ նշած է, որ ինք ծնած է Գալատուրան, Թուրքիա, ուր եւ կ՛ուզէ մուտք գործել «կրօնական ուխտագնացութեան» նպատակով: Համաձայն խնդրանքին, ան նպատակ ունէր «հայրենի կրօնական եւ մշակութային աւանդոյթները փոխանցել զաւկին` հայցուոր Կարոյին եւ շառաւիղներուն»:

Պատահականօրէն, 8 հոկտեմբեր 2017-ին, Թուրքիա դադրեցուցած է վիզաներու տրամադրումը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն` ի պատասխան Ամերիկայի կողմէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ նմանատիպ արգելքի, մինչեւ 28 դեկտեմբեր 2017: Պարգեւ չունէր ամերիկեան անձնագիր, սակայն եթէ նոյնիսկ ունենար, Թուրքիա պիտի մերժէր անոր մուտքի վիզա տալ` վերոնշեալ արգելքին պատճառով: Թուրքիոյ դեսպանութիւնը Պարգեւի` վիզայի վերաբերեալ դիմումը ստացած է Թուրքիա հասնելէն 71 օր առաջ, մինչդեռ դեսպանութիւնը կը պահանջէր, որ նմանօրինակ դիմումները ներկայացուին մեկնումի ակնկալուած թուականէն առնուազն 30 օր առաջ: Պատասխան չստանալով Թուրքիոյ դեսպանատունէն` Պարգեւը յիշեցում ղրկած է 6 դեկտեմբեր 2017-ին` հետաքրքրուելով իր վիզայի դիմումին մասին:

11 դեկտեմբեր 2017-ին Թուրքիոյ դեսպանատան պաշտօնեան հեռաձայնած է Պարգեւի զաւկին գրասենեակը` նշելով, որ դեսպանատունը չի գիտեր, թէ ի՛նչ տեսակի վիզա կը խնդրէ Պարգեւը, հակառակ անոր որ դիմումնագիրին մէջ յստակ նշուած էր` «կարճատեւ այց»: Ի պատասխան` 18 դեկտեմբեր 2017-ին Պարգեւ ելեկտրոնային նամակ մը ուղարկած է դեսպանատուն:  Այնուհետեւ, 21 դեկտեմբեր 2017-ին ան յիշեցում մը եւս ուղարկած է դեսպանատուն` գիշերային թղթատարով: 22 դեկտեմբեր 2017-ին, երբ նոյն օրը Պարգեւ պէտք էր թռչէր Թուրքիա, դեսպանութեան հիւպատոսական բաժինը ելեկտրոնային նամակ մը ուղարկած է Պարգեւին` յանձնարարելով անոր, որ իր անձնագիրով դարձեալ դիմէ Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարան: Պարգեւի փաստաբաններուն ներկայացուցած դիմումին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները «անհանգստացուցած, վրդովուեցուցած, շփոթեցուցած եւ խանգարած են Պարգեւը` նպատակ ունենալով արժեզրկել անոր ինքնութիւնը` իբրեւ Թուրքիա ծնած հայ քրիստոնեայ»:

Դիմումին մէջ մէջբերուած է նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի 1923 թուականի յայտարարութիւնը` ուղղուած թուրքերուն. «Հայերը ընդհանրապէս իրաւունքներ չունին այս բարգաւաճ երկրին մէջ: Հողը ձերն է, հողը կը պատկանի թուրքերուն: Պատմութեան մէջ այս հողը թրքական էր, հետեւաբար անիկա թրքական է եւ յաւիտեան պիտի մնայ թրքական: Վերջապէս հողը վերադարձուած է իր օրինական տէրերուն: Հայերը եւ միւսները հոս ոչ մէկ իրաւունք ունին: Այս օրհնուած շրջանները իսկական թուրքերու հայրենի հողերն են»:

Փաստաբաններու դիմումին մէջ նաեւ արձանագրուած է, որ` «այդպիսի յայտարարութիւններով, իսկ յետոյ օրէնսդրական, գործադիր, վարչական եւ այլ պաշտօնական եւ (կամ) ոչ պաշտօնական գործողութիւններու միջոցով է, որ ամբաստանեալը ստեղծած է  նպատակային քաղաքականութիւն` նոյնինքն Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման ժամանակ: Նպատակային քաղաքականութեան հիմնական նպատակը բնիկ հայ քրիստոնեաները իրենց իրաւունքներէն եւ ինքնութենէն զրկելն էր` անմարդկայնացնելու, նուաստացնելու, սեփականազրկելու, թշնամացնելու, ընտրելու իրաւունքէն զրկելու, լուծարելու եւ այլ կերպ հեռացնելով հայ քրիստոնեաները իրենց հայրենի հողերէն, հայրենի աւանդութենէն եւ կրօնական սովորութիւններէն, այդ հողերուն մէջ: Այս նպատակային քաղաքականութիւնը իրականացուած, հիմնարկուած, կատարելագործուած եւ պահպանուած է ամբաստանեալի յաջորդական կառավարութիւններուն եւ գործակալներուն կողմէ»:

Դիմումին մէջ Թուրքիա եւ պաշտօնեաները կը մեղադրուին միջազգային հետեւեալ պայմանագիրները խախտելու յանցանքով` Պարգեւի նկատմամբ իրենց վատ վերաբերմունքով.

– ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու հռչակագիրը,

– ՄԱԿ-ի սկզբունքները տարեցներու համար,

– Լոզանի պայմանագիրը,

– Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը,

– Տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրը,

– Ծերացման խնդիրներու Վիեննայի գործողութիւններու միջազգային ծրագիրը,

– Ծերացման խնդիրներու մատրիտեան միջազգային ծրագիրը,

– ՄԱԿ-ի հռչակագիրը` բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն վերաբերեալ:

Ցաւօք, Պարգեւին առողջութիւնը վատթարացած է 2017-ին, Թուրքիա կատարելիք այցելութեան թուականէն ետք, եւ ան այլեւս ի վիճակի չէ ճամբորդելու: Ասիկա վերջին հնարաւորութիւնն էր, որպէսզի Պարգեւ կարենար այցելել իր բնօրրանը եւ իբրեւ հայ քրիստոնեայ` կատարէր իր կրօնական ծէսերը: Թուրքիոյ կառավարութիւնը Պարգեւը զրկեց այդ կարելիութենէն` Թուրքիա մտնելու արտօնութիւն չտալով անոր:

10 յունիս 2019-ին Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարանը հայցուորներէն խնդրեց գրաւոր դիմում ներկայացնել մինչեւ 28 յունիս 2019 այն մասին, թէ ինչո՛ւ գործը պէտք չէ փակել առարկայական իրաւասութեան բացակայութեան պատճառով: Դատարանի պահանջով հայցուորները 25 էջնոց յուշագիր ներկայացուցին 28 յունիս 2019-ին` բացատրելով, որ Թուրքիա` իբրեւ օտար երկրի գերիշխանութիւն, իրաւունք չունի խախտելու Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքները, մասնաւորապէս` ամերիկեան հողի վրայ:

11 յուլիս 2019-ին դաշնակցային դատարանը որոշում կայացուց, որ` «Կը յետաձգէ իր իրաւասութեան մասին որոշումը, մինչեւ որ Թուրքիա ստանայ հայցը եւ հնարաւորութիւն ունենայ տրամադրելու իր տեսակէտները այս հարցին մասին»:

Այս դիմումը եզակի հնարաւորութիւն կու տայ հաստատելու հայերու իրաւունքները` առանց անձնագիրի այցելելու իրենց հայրենի հողերը, որոնք այժմ գրաւուած են Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>