Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Հայ Իրաւաբանական Միութեան` Հայերու Իրաւունքներու Դիտորդական Յանձնախումբը (ARWC) Հայաստանի Ոստիկանութեան Կը Յիշեցնէ` Առանց Ուժի Գործադրման Ծառայելու Եւ Պաշտպանելու Իրենց Պարտականութեան Մասին

$
0
0

Երկուշաբթի, օգոստոս 19-ին, «Ամուլսարի հանքարդիւնաբերման նախագիծ»-ի ծիրին մէջ հանքի շահագործման վերսկսման դէմ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող բողոքարարներու գործողութիւնները նկատի ունենալով, Հայ իրաւաբանական միութեան` Հայերու իրաւունքներու դիտորդական յանձնախումբը ականատես եղաւ քաղաքացիներու նկատմամբ Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ  ուժի անհամաչափ կիրարկման:  Մենք նկատեցինք, որ ձերբակալուած են վեց ցուցարարներ, որոնք ակնյայտօրէն կ՛իրականացնէին խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան իրենց քաղաքացիական իրաւունքները:

Վստահելի տեղեկութիւններով հաստատուած է, որ ոստիկանութիւնը չէ պահպանած ընթացակարգով նախատեսուած չափանիշներն ու  կարգը, ինչը յանգեցուցած է կալանքի եւ կամ ձերբակալութեան: Մեր հետաքննութեան որպէս արդիւնք` պարզուած է նաեւ, որ ոստիկանութեան կողմէ դէմքի եւ ոտքերու շրջանին հասցուած վնասուածքներու պատճառով տուժած երեք քաղաքացիներէն մէկը տեղափոխուած է հիւանդանոց: Մենք տեղեակ ենք, որ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը եւ քաղաքացիական հասարակութեան տարբեր խումբեր տեղւոյն վրայ աշխուժօրէն կը վերահսկեն իրավիճակը: Կ՛ողջունենք անոնց աշխատանքի թափանցիկութիւնը եւ կը միանանք անոնց շարունակական ջանքերուն` գնահատելու Հայաստանի իրաւապահներու գործունէութեան համապատասխանութիւնը խաղաղ հաւաքներ իրականացնելու քաղաքացիներու իրաւունքներու միջազգային չափանիշներուն:

Ձերբակալուած ցուցարարները ի վերջոյ ազատ արձակուած են: Թէեւ  մենք կը գիտակցինք, որ ոստիկանութեան գործողութիւնները ուղղուած եղած են Եւրոպական օրէնսդրութեան համապատասխան Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներու կիրարկման, որոնք կ՛արգիլեն փողոցներու արգելափակումը քաղաքացիական անձերու կողմէ, մենք կը շարունակենք  բաւական անհանգստացած մնալ այն հաղորդումներուն պատճառով, որ որոշ պարագաներու, ձերբակալութիւն իրականացնողները  պատշաճ զսպուածութիւն չեն ցուցաբերած օրէնքը կիրարկելու ընթացքին: Աւելի՛ն. մենք անհանգստացած ենք հաւաստի այն տեղեկութիւններէն, որ ձերբակալուողներուն չեն ներկայացուիր քաղաքացիի ազատութեան սահմանափակման մասին իրաւական հիմքեր:

Նախայեղափոխական Հայաստանի մէջ Հայ իրաւաբանական միութեան` Հայերու իրաւունքներու դիտորդական յանձնախումբը արձանագրած է ոստիկանութեան դաժանութեան եւ բիրտ ուժի կիրարկման տասնեակ դէպքեր: Սկիզբը մեր դժգոհութիւնը յայտնած ենք հայ կիներու իրաւունքներու խախտման դէպքերու առիթով, որոնք մնացած են անպատիժ: Մեր «Նոր Հայաստանի մէջ», այսօր, առաւել քան երբեւէ, մենք Հայաստանի ոստիկանական ուժերէն կը խնդրենք ցոյց տալ փոփոխութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան, եւ պայքարիլ անցեալի ծանր միջոցներու դէմ, այլ ոչ թէ` ընդդէմ Հայաստանի խաղաղ ցուցարարներու եւ, առաւել ընդգծուած, վճռականօրէն որդեգրել Հայաստանի մէջ ցուցարար կիներու նկատմամբ յարգանքով վերաբերելու ուղղութիւն:

Հայ ժողովուրդի ձայները 2018-ի մեր հայրենիքի փողոցներէն դեռ կը  շարունակեն հպարտօրէն արձագանգել` «Ոստիկանը մերն է»: Հայաստանի ոստիկանութիւնը պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ այդ կոչին եւ չտրուի յետյեղափոխական Հայաստանի ժողովուրդի բարի կամքը վատնելու մղումին` կիրարկելով բռնի ուժ: Փոփոխութեան ուղղուած բոլոր խաղաղ ձայները  նոր պայմաններու մէջ արժանի են աւելիին:

Ինչպէս միշտ, Հայ իրաւաբանական միութեան` Հայերու իրաւունքներու դիտորդական  յանձնախումբը կը հետեւի իրադարձութիւններուն: Մենք կ՛ակնկալենք մանրակրկիտ քննութիւն այն դէպքերուն համար, երբ ոստիկանութիւնը ներգրաւուած  եղած է եւ, անշուշտ, պաշտօնական հետաքննութիւն` այն բոլոր ոստիկաններուն նկատմամբ, որոնք, հնարաւոր է, մասնակից եղած են քաղաքացիի իրաւունքներու խախտման որեւէ դէպքի: Խաղաղ հաւաքներ կատարելու իրաւունքն էր, որ հնարաւոր դարձուց թաւշեայ յեղափոխութիւնը, եւ ցաւալի կ՛ըլլայ անշուշտ, եթէ այդ քաղաքացիական իրաւունքները ոտնահարուին, յատկապէս` այժմ:

ՀԱՅ  ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ  ՄԻՈՒԹԵԱՆ`
ՀԱՅԵՐՈՒ  ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ  ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>