ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Թուրքիոյ հիմնական նպատակն է «ապահով գօտի» մը ստեղծել Սուրիոյ հիւսիսը` մաքրելու համար շրջանը քիւրտ զինեալներէն: Թուրքիոյ համար Սուրիոյ մէջ քրտական հարցը կենաց մահու հարց է, եւ ան պատրաստ է նոյնիսկ գործակցելու սուրիական պետութեան հետ` վերջ դնելու համար քրտական զինեալ խմբաւորումներու գործունէութեան:
Տարիներ առաջ, երբ սուրիական տագնապը իր գագաթնակէտին հասած էր, եւ անորոշութիւն կար Սուրիոյ քաղաքական ապագային շուրջ, այս մասին քննադատութիւններ կ՛ուղղուէին մանաւանդ իսլամական կամ ազատական սուրիացի քաղաքական գործիչներու կողմէ: Կը հասկնայինք իսլամականներու համակրանքը եւ հանդուրժողականութիւնը Թուրքիոյ իշխանութեան եւ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նկատմամբ, սակայն չէինք հասկնար արտայայտութիւնները ազատականներու կամ կարգ մը ձախակողմեաններու, որոնք կը հաւատային, որ «ժողովրդավար Թուրքիան» պիտի «ազատագրէր» Սուրիան բռնատիրութենէ: Յաճախ կ՛ամբաստանուէինք, որ կոյր ատելութիւն ունէինք Թուրքիոյ նկատմամբ եւ քաղաքական իրադարձութիւնները կը տեսնէինք հայ-թրքական հակամարտութեան դիտանկիւնէն: Այսօր, ութ տարի ետք, ընկերային ցանցերու վրայ կը տեսնենք հետեւեալ գրառումները. «Հայերը իրաւունք ունէին, թուրքին կարելի չէ վստահիլ», «Էրտողանը կը ծախէ մեր դատը»:
Յուլիսին թրքական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ կը նպատակադրէ «խաղաղութեան ճանապարհ» մը կառուցել Սուրիոյ հիւսիսը քրտական կիսանկախ շրջաններուն մէջ, ուր նաեւ կը գտնուին ամերիկեան ռազմական կեդրոններ: Անշուշտ այս գօտին ոչ մէկ կապ ունի խաղաղութեան հետ, այլ պիտի մաքրագործէ շրջանը ո՛չ միայն ՔԱԿ-ի (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն) համակիրներէն եւ զինեալներէն, այլ նաեւ կրկնէ այն, ինչ որ պատահեցաւ Աֆրինի եւ Ճարապլուսի մէջ, ուր Թուրքիա պարպեց այդ շրջանները քիւրտ բնակչութենէն: Յունուար 2018-ին 150.000 քիւրտեր լքեցին Աֆրինը, եւ շրջանը վերաբնակուեցաւ 330.000 արաբ սուրիացի գաղթականներով, որոնք տեղափոխուած էին Թուրքիայէն: Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթի 12 օգոստոս 2019-ի թիւին մէջ գրուած է, որ թրքական կողմը իր շուրջ հաւաքած է 14.000 սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներ` իրագործելու այս ծրագիրը: Նոյն ընդդիմադիր զինեալները, որոնք կը կռուէին սուրիական պետութեան դէմ, ներկայիս կը շեղին իրենց հիմնական նպատակէն եւ կը կռուին քիւրտերուն դէմ, պարզապէս որովհետեւ իրենց թուրք վերակացուները այդպէս հրաման տուին:
Թուրքիա այս գործողութեամբ կ՛ուզէ շրջանը վերաբնակեցնել 700.000 արաբ գաղթականներով` փոխելու համար ժողովրդագրական պատկերը սահմանային շրջանին մէջ: Իսկ Ուաշինկթընի առաջարկը` բարձրացնելու համար քրտամէտ Սուրիական ժողովրդավարական բանակի զինեալներուն թիւը 110.000-ի, զայրացուց թրքական կողմը, որ այս առաջարկը ընկալեց իբրեւ Թուրքիոյ անվտանգութեան հարց:
2018-ի յունուարին, երբ սկսաւ Աֆրինի գործողութիւնը, աւելի քան 20.000 սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներ, համախմբուած` արաբ եւ թուրքմեն ջոկատներու մէջ, իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանը քիւրտերէն պարպելու աշխատանքներուն մէջ: Այն ժամանակ վերլուծաբաններ մտածեցին, որ Աֆրինը կը բանար դէպի Հալէպ ճամբան, եւ ընդդիմադիր խմբաւորումները կը սաստկացնեն ճնշումը սուրիական պետութեան վրայ: Սակայն ասիկա տեղի չունեցաւ, եւ այսօր Թուրքիա կ՛օգտագործէ այս ուժերը` իր քաղաքական հաշիւները պարտադրելու համար:
Դամասկոսի համար ասիկա գաղտնիք մը չէ, եւ ան հրճուանքով կը դիտէ պատահածը: Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ շահերուն կը համընկնի, որ ընդդիմութիւնը եւ քրտական ջոկատները իրարու դէմ պատերազմին եւ տկարանան, որպէսզի հետագային սուրիական պետական ուժերը եւ բանակը իրենց հակակշիռին տակ առնեն շրջանը: Ըստ երեւոյթին, ասիկա նաեւ կը բխի Թուրքիոյ շահերէն: Նախ` Թուրքիա վերադարձուցած կ՛ըլլայ սուրիացի տեղահանուածները, ապա շրջանը պարպած կ՛ըլլայ քիւրտ զինեալներէ: Քիւրտերուն մնաց դարձեալ վճռել Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական քարտէսը: