Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

$
0
0
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագիրներու Վերանորոգութիւն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի ձեռագիրներու վերանորոգման աշխատանքները սկսած են մայրավանքին մէջ: Այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը կը վայելէ Գերմանիոյ կառավարութեան հովանաւորութիւնը` «Աշխարհի մշակութային ժառանգութեան պահպանումը» ծրագիրին ծիրէն ներս եւ կը կրէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սիսի կաթողիկոսարանէն փրկուած գանձերու պահպանում. հնատիպերու պահպանում եւ վերանորոգութիւն» վերնագիրը: Ծրագիրը նախաձեռնուած է` համագործակցութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Գերմանիոյ մէջ «Հայկական մշակոյթի պահպանութեան ընկերութեան» եւ «Շթութկարտի արուեստի եւ ձեւագծումի ակադեմիայի պահպանութեան գիտութեան հիմնարկ»-ին:

Երկու տարուան նախապատրաստական աշխատանքէ ետք, այս տարուան օգոստոսին ծրագիրը մեկնարկեց իր աշխատանքները: 5 օգոստոս 2019-ին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելութիւն մը տուաւ աշխատակազմին, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնայ աշխատանքի ընթացքին: Վեհափառ հայրապետին գահակալութեան շրջանին, երկու առիթներով, կաթողիկոսարանի ձեռագիրները վերանորոգուած են Հայաստանի մասնագէտներու կողմէն:

Երիտասարդական Խտացեալ Դասընթացքի Բացման Նիստը Տեղի Ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ` Ներկայութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի

Նկատի ունենալով ընդհանրապէս երիտասարդութեան ու յատկապէս համալսարանական երիտասարդներու կարեւոր դերակատարութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ եւ այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախանձախնդրութիւնը, երկրորդ տարին ըլլալով, կաթողիկոսարանը, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին ու դպրեվանքին միացեալ ճիգով, կը կազմակերպէ երիտասարդական խտացեալ դասընթացք: Յիշեալ դասընթացքը կ՛ընդգրկէ երկու շաբթուան վրայ երկարող աստուածաշնչական, Հայց. եկեղեցւոյ պատմութեան, միջեկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, Հայ դատի, կենսոլորտի եւ ընկերաբարոյական բնոյթ ունեցող նիւթեր: Ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Միացեալ Նահանգներէն եւ Քանատայէն ժամանած համալսարանական երիտասարդներ:

5 օգոստոս 2019-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական խտացեալ դասընթացքին պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր ուղղած պատգամին մէջ ըսաւ, թէ ծրագիրը յստակ նպատակ կը հետապնդէ, եւ բացատրեց, որ հոն ներառուած են ոչ միայն կրօնական, այլ մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութեան հետ աղերս ունեցող նիւթեր ու հարցեր: Այս իմաստով, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ եկեղեցին չի կրնար ինքզինք հեռու պահել ընկերութիւնը յուզող հարցերէն ու մարտահրաւէրներէն: Ընկերութեան հարցերն ու մարտահրաւէրները մե՛ր ալ հարցերն ու մարտահրաւէրներն են, ըսաւ ան ու շարունակեց. «Այս տարի ծրագիրին մէջ աւելի լայն տեղ կը գրաւեն եկեղեցի-ժողովուրդ փոխյարաբերութեան առնչուած նիւթերը: Այն գիտելիքները, որոնք հոս պիտի ամբարէք, ձեզի հետ ձեր համայնքները տանելով` ի գործ պիտի դնէք հաւաքական բարօրութեան, որովհետեւ գիտութիւնը ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ չի՛ կրնար ըլլալ: Գիտութիւնը կ՛ենթադրէ` պատասխանատու վերաբերում եւ մասնակցութիւն, յանձնառութիւն ու նպատակասլաց գործունէութիւն: Այս գիտակցութեամբ դուք կոչուած էք մասնակից դառնալու մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին»:

Ապա տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին երիտասարդները նորին սրբութեան իրենց հարցումները ուղղեցին եւ մտահոգութիւնները յայտնեցին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ մեր եկեղեցին ու ազգը յուզող հարցերուն գծով: Հանդիպումէն ետք վեհափառ հայրապետն ու երիտասարդները միասնաբար ունեցան իրենց կէսօրուան ճաշը, որուն ընթացքին շարունակեցին իրենց մտերմիկ երկխօսութիւնը:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէթահայ Ազգային Գործիչ Կիրակոս Գույումճեանը

Երկուշաբթի, 12 օգոստոս 2019-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին այցելեց քուէթահայ ազգային գործիչ, բարերար, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեանը:

Կիրակոս Գույումճեանը ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է քուէթահայ համայնքին մէջ եւ իր նիւթական ու բարոյական մասնակցութիւնը բերած է համայնքի ազգային կեանքին մէջ: Անոր այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ազգային կեանքին առնչուած զարգացումներուն: Ան նաեւ վեհափառ տիրոջ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական բարգաւաճման համար իր նախաձեռնած «Գնեցէք Հայաստանէն-Shop In Armenia» ծրագրին մանրամասնութիւնները, այդ ուղղութեամբ կատարած քարոզչական եւ կազմակերպչական աշխատանքները:

Վեհափառ տէրը, ինչպէս` հայրենաշէն բոլոր ծրագիրներու պարագային մեծապէս գնահատեց եւ իր օրհնութիւնը տուաւ «Գնեցէք Հայաստանէն» ծրագիրի գործադրութեան եւ յաջողութեան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>