Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Թիֆլիսեան Յուշեր

$
0
0

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Այս ամառ դէպի Հայաստան մեր այցելութեան ընթացքին առիթ ունեցանք այցելելու նաեւ Վրաստան: «Զուարթնոց» օդակայանէն ուղղուեցանք Լոռիի մարզ` վայելելու բնութիւնն ու ծանօթանալու մեծանուն գրագէտ Յովհաննէս Թումանեանի տուն թանգարանին: Ապա, ըստ մեր ծրագրաւորումին, անցանք Վրաստան:

Հետաքրքրական էր ինքնաշարժով երկրէ երկիր անցնիլը, մանաւանդ` մեր երեխաներուն համար: Լոռիի մարզէն գրեթէ մինչեւ վրացական սահման, ճամբուն ամբողջ երկարութեան, լեռնանցքներուն մէջէն մեզի կ՛ընկերակցէր Դեբետ գետը, մերթ մեղմ, մերթ քիչ մը ուժգին հոսանքով, եւ որուն կը հսկէին կանաչապատ, ծալքաւոր, անտառուտ լեռները: Անվերջանալի լեռներ, որոնք իրենց կը կապեն անցորդը` կամայ թէ ակամայ:

Կախարդական բնութիւնը դիտելով, ինքնամոռացութեան մէջ թաղուած` հասանք վրացական սահման: Սահմանը` այն երկրին, ուր դարեր առաջ ունեցած ենք հայ գաղութ, եկեղեցի, պատմութիւն, հայկական կառոյցներ, մշակոյթ: Վերջապէս, սահմանէն բաւական ճամբայ կտրելէ ետք, հասանք մայրաքաղաք Թիֆլիս:

Քաղաքը գեղեցիկ էր հեռուէն եւ մօտէն` իր պարզած տեսարանով:

Հին եւ արդի ճարտարապետութեամբ կառուցուած շէնքերը, տուները, փողոցները, կեդրոնական հրապարակը կը գրաւէին այցելուին ուշադրութիւնը: Զբօսաշրջիկներու հոծ բազմութիւն մը կ’երթեւեկէր թաղամասերուն մէջ: Քաղաքին պարզած գեղեցկութեան յաւելեալ փայլք կու տար Կուր գետը:  Պատմական Հայաստանի մեր նշանաւոր գետը, որուն մասին սորված ենք մեր աշխարհագրութեան դասերէն,  իր հանդարտ գնացքով քաղաքը բաժնած էր երկուքի: Իր տիրական ներկայութեամբ քաղաքին տալով յատուկ տեսք մը:

Կուրի երկու ափերուն, բլուրի մը վրայ հանգչած Թիֆլիսը յատկանշական էր նաեւ իր բազմաթիւ եկեղեցիներով, որոնք նեղ թաղերուն մէջ, կողք-կողքի կառուցուած էին եւ շատ նման էին իրարու: Այնքան նման, որ կարելի չէր զանազանել վրացականը հայկականէն:

Կովկասի նշանաւոր այդ կեդրոնին մէջ վրացիներ եւ հայեր դարերով ապրած են միասին: Աւելի՛ն. հայեր հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են քաղաքին զարգացման մէջ: Մեզի համար Թիֆլիս այցելել` կը նշանակէր մտքով փոխադրուիլ դէպի հայոց պատմութեան ակունքները, վերյիշել Թիֆլիսի հայութեան փառքի օրերը եւ բաց աչքերով փնտռել մեր ենթագիտակիցին մէջ դրոշմուած հայ գաղութին պատմութիւնը: Որոնել հետքերը 19-րդ դարու մեր արեւելահայ մտաւորականութեան, հայկական թաղամասերուն, կառոյցներուն, եկեղեցիներուն: Չէ՞ որ Թիֆլիսը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի մեզի համար: Վկա՛յ հայոց պատմութեան դասագիրքերը` Իւանէ եւ Զաքարէ իշխաններէն մինչեւ ռուս-պարսկական պատերազմին մասնակցած Վրաստանի հայութեան կամաւորական ջոկատները, Ներսէսեան դպրոցը, Թիֆլիսի մէջ կազմաւորուած մեր գրականութիւնը եւ հիմնուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

Այո՛: Թիֆլիս այցելութիւնը մեզի համար երազ մը կատարելու համազօր էր:

Հոն էինք պարտականութիւն մը կատարելու:

Համարեա մինչեւ կէսօր քաղաքին մէջ շրջելէ, հիանալի կերպով կառուցուած հին եւ նոր ճարտարապետական կառոյցները, կոթողները  դիտելէ, Ս. Էջմիածին, Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցիները, Սայաթ Նովային գերեզմանը այցելելէ ետք, պահն էր կատարելու խղճի պարտք այցելութիւն մը: Պէտք էր գտնէինք Հաւլաբարի Խոջիվանքի հայ գրողներու եւ գործիչներու գերեզմանը:

Երեւանցի մեր վարիչին յայտնեցինք մեր այցելելիք վայրին մասին: Բարի մարդը զարմացաւ մեր առաջարկին վրայ, որ աս մարդիկը հեռաւոր Լիբանանէն եկած են Վրաստան եւ փոխանակ ճոպանուղիով, ճաշարաններով, շուկաներով հետաքրքրուելու` ուրիշ բան ունին իրենց միտքին մէջ: Սկիզբը քիչ մը տատամսեցաւ, բայց եւ այնպէս ձայն չհանեց:

– Գիտցայ ձեր փնտռած տեղը,- ըսաւ ու շարժեցաւ (հակառակ անոր որ փնտռտուքի ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ չէր ալ գիտեր):

Կեդրոնական հրապարակէն անցանք եւ փնտռտուքէ ետք հասանք Հաւլաբար:

Երբեմնի հայկական թաղամասը, որուն բնակիչները հայեր էին եւ են տակաւին:

Մեծ եղաւ մեր ուրախութիւնը Հաւլաբարի մէջ, որովհետեւ մինչ գերեզմանոցը կը փնտռէինք, հանդիպեցանք հայերու: Հայու տարօրինակ հոգեբանութիւնը: Ուր ալ երթանք, եթէ հայ մը  տեսնենք կամ նուազագոյնը գիտնանք, որ մեր հանդիպած անձը հայ մըն է, կը զօրանանք:

Ու հաւլաբարցի  պապիկի մը բացատրութեամբ առաջնորդուեցանք դէպի Խոջիվանքի գերեզման, իր բառերով` պանթէոն:

Եւ հասանք այն վայրը, զոր կը փնտռէինք, որուն համար եկած էինք Թիֆլիս: Հոն, ուր կը տիրէր մեր ՄԵԾԵՐՈՒՆ շունչը:

Այդտեղ, այդ պանթէոնին մէջ, Րաֆֆիի, Թումանեանի, Ծերենցի, Մ. Եկմալեանի, Գ. Արծրունիի, Մուրացանի, Նար Դոսի եւ շատերուն շունչն ու ոգին կը տիրապետէին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին հոգին կը ճախրէր մեր վերեւ: Գիտէինք, որ պանթէոնի տապանաքարերուն մեծ մասը այդտեղ զետեղուած էր առանց աճիւններու: 1900-ական թուականներուն սկիզբը Խոջիվանքի գերեզմանատունը քանդուած էր, հոն գտնուող շիրիմները ոչնչացած եւ շիրմաքարերէն մնացոդներ փոխադրուած այս պանթէոնը:

Պանթէոնի լռութեան մէջ ոչինչ կարելի էր մտածել` բացի իւրաքանչիւր տապանաքարի արձանագրութիւնը կարդալէ, պատին տակ հանգչող քանդուած շիրմաքարերը հաշուելէ, փշաքաղուելէ  եւ ԱՆՈՆՑ հետ ըլլալէ: Հիանալով` ազգին ի նպաստ անոնց կատարած անսակարկ նուիրաբերումին եւ խոնարհելով ԲՈԼՈՐԻՆ առջեւ:

Յարգանքի տուրքը, խղճի պարտքը կատարելէ ետք նստանք ինքնաշարժ ու վերադարձանք պանդոկ:

Նոյն օրը նաեւ կատարած էինք այլ պարտաւորութիւն մը: Պատմութեան հետ` պահ մը աշխարհագրութեան ալ բաժին հանած: Կուր գետին վրայ շրջած էինք նաւով, աւելի՛ն, գետին մէկ ափէն միւսը քալեցինք կամուրջէն` ոտքով:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles