ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Այս մէկը սոսկ խօսք չէ, ոչ ալ յորդոր` առանց իրական կեանքի փորձի, այլ վկայութիւնը եւ խրատը` նուիրեալ անձի մը, որ իր համակ կեանքը նուիրած էր Քրիստոսի եւ Անոր եկեղեցիին ու, տակաւին, համայնքի ծառայութեան` Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, երբ հրաժեշտ կ’առնէր մեզմէ հաստատուելու համար Միացեալ Նահանգներ եւ միանալու իր զաւակներուն:
Այս նուիրեալը Արամ Սարգիսեանն էր, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց մէկ կողմէ կրթական գործին, ապա` եկեղեցիին, հայ ժողովուրդին ու, տակաւին, գիրին ու գրականութեան: Իրեն նուիրուած հրաժեշտի հանդիպում-հիւրասիրութեան օրը, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցիի մէջ, անոր խօսք-վկայութիւնը եղաւ յորդոր մը մեր բոլորին. «ԱՊՐԵՑԷՔ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ»:
Արամ Սարգիսեանին կեանքը եղած էր ուսուցչութեան համար. ան սկսած էր իր առաքելութիւնը Կիպրոսի մէջ, ուր իր մասնակցութիւնը բերած էր տեղւոյն Հայ աւետարանական եկեղեցիին` որպէս աշխարհական քարոզիչ:
1970-ական տարիներուն վերադարձաւ Լիբանան եւ դարձեալ որպէս ուսուցիչ` ծառայեց Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Ահա հոս սկսաւ ծանօթութիւնս Արամ Սարգիսեանին հետ, երբ ես տասներորդ դասարանի աշակերտ էի նոյն վարժարանին մէջ: Ան ստանձնած էր կրօնի դասաւանդումը:
Արամ Սարգիսեանի «ծառայութեան» կեանքը կրթական մարզի սահմաններէն անցաւ շատ աւելի անդին: Այդ «շատ աւելի»-ին մէջ, ես առիթը ունեցայ քալելու հետը «առաքելութեան ճամբուն» վրայ բաւական երկար տարիներ: Արամ Սարգիսեանը պիտի շարունակէր իր կրթական գործը` որպէս տնօրէն Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին. ան նաեւ ստանձնեց Քրիստոնէական Ջանից գործադիր մարմինի ատենապետութիւնը, որուն կազմին մէջ ես ալ եղած եմ: Ան ստանձնեց նաեւ հրատարակչական գործին պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը` «Ջանասէր»-ին, «Պատանեկան Արձագանգ»-ին եւ «Լոյս»-ին: Հոս մենք միասին շալկեցինք հրատարակչական գործին «քաղցր լուծը»` իր յուսահատութիւններով, յուսախաբութիւններով, բայց նաեւ` գործին եւ անոր անհրաժեշտ շարունակականութիւնը ապահովելու վճռակամութեամբ:
Արամ Սարգիսեանի «հանդարտ» նկարագիրը եւ իմ աւելի «տաքարիւն» բնաւորութիւնս կարծէք հրաշքի համազօր եւ միաձուլուող իրականութիւններ դարձան տարիներու ընթացքին, եւ միասին շատ մարտահրաւէրներ յաղթահարեցինք… Արամ Սարգիսեան կ՛ապրէր քրիստոնէական «յոյսի» պատգամին իրականութիւնը եւ զայն կը թարգմանէր իր ստանձնած պատասխանատուութիւններով: Անյոյս թուացող գործը կ՛ուզէր տեսնել ապրող իրականութիւն:
Ինչպէ՞ս ներկայացնել ՄԱՀԱԵ միութեան եւ անոր Կեդրոնական մարմինի երկարաշունչ ժողովները ժամանակի եւ բովանդակութեան իմաստով եւ, տակաւին, բովանդակութենէ դուրս ժայթքող խնդրայարոյց բոլոր օրակարգերը: Արամ Սարգիսեանը մէկ-մէկ պիտի արձանագրէր այդ բոլորը` որպէս ատենադպիր, ան նաեւ իր հանդարտ կեցուածքով, բայց սրամիտ ու դիպուկ կատակներով պիտի հանդարտեցնէր «տաք» մթնոլորտը եւ մեզ բոլորս զգաստութեան պիտի հրաւիրէր, որ հոգեւոր եղբայրներ ենք` անկախ բոլոր անհամաձայնութիւններէն…
Այսպէս պիտի քալէինք տարիներու ընթացքին «առաքելութեան ճամբուն» վրայ: Արամ Սարգիսեանը երեւցող ներկայութիւն էր, բայց` համեստ: Չկար Արամին մէջ հպարտ ու պարտադրող մարդը : Հոգեւոր դաստիարակութիւնը իր մէջ կերտած էր քրիստոնէական արժանիքներով մարդը, որ գիտէր վեր հանել մարդկայինը մարդուն մէջ:
Արամ Սարգիսեանը ունեցաւ բազմաթիւ աշակերտներ: Ան միշտ ամուր կեցաւ իր սկզբունքներուն եւ համոզմունքներուն վրայ եւ փորձեց ջամբել իր աշակերտներուն այդ «անշեղ» դաստիարակութիւնը:
Պոսթըն հաստատուելէն ետք Արամ Սարգիսեանը շարունակեց իր նուիրական կեանքը` տարբեր բովանդակութեամբ: Իր մասնակցութիւնը բերաւ տեղւոյն Հայ աւետ. Նահատակաց եկեղեցիին: Ամերիկա այցելութիւններուս ընթացքին քանի մը անգամ կրցայ հանդիպիլ Արամին: Կրցած էր պահել իր հանդարտ նկարագիրն ու իր կատակասէր-ուրախ տրամադրութիւնը: Կրնայի նաեւ տեսնել, որ սկսած էր դանդաղիլ, ինչ որ մարդկային կեանքի բնական ընթացքն է մեր բոլորին համար: Այդ հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին, Պոսթընի մէջ, հարց տուի Արամ Սարգիսեանին. «Չե՞ս ուզեր բոլոր գրութիւններդ մէկ հատորի մէջ ամփոփել»: Իրեն յատուկ հանդարտ ու մեղմ ժպիտով նայեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Ո՞վ պիտի կարդայ…»:
Իրապաշտ մարդն էր, որ սկսած էր տեսնել ներկայ օրերու տրամադրութիւնները…
Շուտով պիտի հասնէր գոյժը… Արամ Սարգիսեանն ալ աւարտեց իր երկրային կեանքը անցնելու համար յաւիտենականութեան… Ան աւարտեց իր երկրային կեանքը` մեզի ձգելով մէկ մեծ աւանդ-կտակ. «ԱՊՐԵՑԷՔ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ»:
Արամ Սարգիսեանի մահուան գոյժը լսելով` ուզեցի երթալ անցեալ: Հոն, այն «առաքելութեան ճամբան», որ միասին քալեցինք, եւ որ եղաւ բաւական երկար: Երկար, բայց` նոյնքան լեցուն: Իսկ լեցո՞ւնը… Արամ Սարգիսեանի ծառայութեան կեանքն էր: Այն ծառայութիւնը, որ խօսքէն շատ ու շատ աւելի անցաւ` կերտելով ապրող ու վկայութեամբ լեցուն կեանք մը, որով կերտեց նոր կեանքեր: Ես ալ դիտելով այդ «առաքելութեան ճամբան» ու մեր անցած բոլոր ժամանակահատուածները` կը տեսնեմ, թէ որքա՛ն բան սորված եմ Արամ Սարգիսեանէն ու իր նման նուիրեալներէն, որոնց համար ապրիլը ծառայութեան համար էր ու անոր միջոցով կեանքեր կերտել:
Արամ Սարգիսեանի մահուան գոյժը տխուր է, բայց երբ կը շարունակեմ վերանայիլ այդ «առաքելութեան ճամբան», որուն մէջէն քալեցինք, գոհունակութիւն կ՛ունենամ, որովհետեւ սորվեցայ ծառայութեան կեանքի արժէքը: Արամ Սարգիսեանի ու իր նմաններուն կեանքերը մեզի համար եղան աւանդ, որով մենք սորվեցանք, բայց նաեւ տեսանք, որ մեր կեանքերուն հիմը արժէքի գիտակցութեան վրայ պէտք է դնենք:
Արամ Սարգիսեանի երկրային կեանքը վերջացաւ, բայց չվերջացաւ անոր ջամբած ծառայութեան կեանքը: Անիկա կը շարունակուի եւ շարունակուող իրականութեան մէջն է մեծագոյն մխիթարութիւնը, թէ` Արամ Սարգիսեան արժանացաւ մեծագոյն պարգեւին եւ պարգեւատրումին, թէ` ան «բարի պատերազմը պատերազմեցաւ ու ընթացքը կատարեց» եւ հիմա «կը մտնէ Տիրոջը ուրախութեանը մէջ»:
Իսկ մե՞նք, որ տակաւին կը շարունակենք երկրային մեր կեանքերը այս «առաքելութեան ճամբուն» վրայ, որ սակայն կը դժուարանայ ժամանակին հետ ու կը բարդանայ… Յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան մթնոլորտը կը բազմապատկուի՞… Երեւի կրնանք փորձուիլ դասալի՞ք ըլլալ… կամ ընդհատել մեր ճանապարհորդութի՞ւնը…
Բայց պիտի յիշենք պատգամը. «ԱՊՐԻԼ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ»: Արամ Սարգիսեանէն մեզի փոխանցուած` իրական ու ապրող կեանքի վկայութիւնը եւ փորձը, որ այսօր տակաւին կը հնչէ զօրաւոր եւ իրական. «ԱՊՐԵՑԷՔ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ»:
Այսպէս պիտի շարունակենք «Առաքելութեան ճամբան»…
Յարգան՛ք Արամ Սարգիսեանին ապրած երկրային կեանքին: Կեանք մը, որուն պիտակը, բայց նաեւ ինքնութիւնը մնացին….
«ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ»: