Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Համահայկական Հիմք Եւ Աւանդ

$
0
0

«Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք  եռամիասնութիւնը ընդունած ենք` իբրեւ մտածելակերպ, կենսակերպ: Այդ եռամիասնութեան շնորհիւ` թեւակոխած ենք կայուն փուլ:… Մեր ընտրած ուղին անշրջելի է»:

Բակօ Սահակեան
Արցախի նախագահ

Համահայկական խաղերը լոկ պարզ մրցումներ չեն, որոնց ընթացքին աշխարհի չորս ծագերէն եկած հայորդիներ, հայրենիքի իրենց քոյր-եղբայրներուն հետ, իրարու դէմ կը մրցին` գերազանցելու, յաղթական դուրս գալու եւ, ի վերջոյ, մետալի կամ բաժակի մը տիրանալու:

Այս բոլորը զանազան ու զարմանազան, անհատական թէ խմբային մարզաձեւերու կիրարկումն է` գնդակը կողովին մէջ կամ դարպասէն ներս զետեղելու, ժամանման գիծ առաջին հասնելու եւ այլն:

Այսպէս, տարբեր իմաստ ունին համահայկական խաղերը` վերոյիշեալ կիրարկուող մարզաձեւերէն բոլորովին տարբեր բացատրութամբ եւ հասկացողութեամբ: Համահայկական գիտակցութիւնը, զգացումն ու պատկանելիութիւնն են այդ խաղերուն օրէնքը: Եւ այդ ակնոցով դիտուած` պարտեալ ու պարտուող գոյութիւն չունի: Համահայկականն է յաղթողն ու յաղթականը:

Դեռ աւելի շեշտելու համար այս մթնոլորտը, հայորդիին համար պարզ ու յստակ էր, թէ Արցախի մէջ կատարելով բացման հանդիսութիւնը, որքա՛ն տպաւորիչ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ: Համահայկականի այս ջահը վառած էր խորհրդանշական երեք վայրերու մէջ` Կիլիկեան Հայաստան` Մուսա Լերան ստորոտին, Արարատեան դաշտ` Խոր Վիրապի մէջ, եւ Արցախ` Տիգրանակերտի մէջ: Այս բոցավառ ջահերու երրորդութեան պատգամը ամրօրէն կը շաղկապէ «Համահայկական» հասկացողութիւնը:

Ստեփանակերտի բեմահարթակէն կատարուած յայտարարութիւնները, իրենց կարգին, քաղաքական խոր ու սրընթաց «վազք» մըն էին, որ բնականաբար անհանգստացուց Ազրպէյճանը: Սովորական շինծու եւ խեղաթիւրիչ փաստարկներով Պաքու հակազդեց, որ համահայկական խաղերուն ազդանշանը տրուած էր ազրպէյճանական պատմական տարածքէն` յերիւրածոյ կերպով հաստատելով, որ Արցախը Ազրպէյճանի մէկ անբաժանելի մասն է:

Այդ խոր ու իմաստալից հանդիսութիւններէն ետք, դաշտերուն վրայ կատարուած վազքերն ու գնդակներու փոխանցումները, ուրախութեան թէ հիասթափութեան ճչոցները երկրորդական իմաստաւորում կը ստանան` իրենց հետեւող ու եզրակացնող արդիւնքներուն նման:

Տեղին է կրկնել ու ընդմիշտ ընդգծել, որ համահայկական խաղերուն պարտութիւն չեղաւ եւ պիտի չըլլայ: Հայորդին է յաղթականը…իսկ յաղթանդամ համահայկականն ալ` անպարտելին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>