ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ
Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը կանխող վերջին օրը կը կոչուի «Բուն Բարեկենդան», որուն իմաստը, կը խորհիմ, որ պարզ պէտք է ըլլայ ձեզի համար. այսօր, հետեւաբար, Բուն Բարեկենդանի մասին պիտի չխօսիմ, այլ` ծառայութեան մասին, որովհետեւ առանց ծառայութեան` չկա՛յ Բուն Բարեկենդան: Բայց որո՞ւ կամ ի՞նչ բանի պէտք է ծառայել եւ ինչպէ՞ս պէտք է ծառայել: Վեհափառ հայրապետը ծառայութեան վերաբերող իր հռչակագիրին մէջ կը հաստատէ, որ պէտք է ծառայել Աստուծոյ, մեր եկեղեցիին, մեր ազգին եւ մեր նմանին: Խօսինք ասոնց մասին առանձնաբար.
1) Ծառայութիւն Աստուծոյ
Ի՞նչպէս կրնանք ծառայութիւն մատուցել Աստուծոյ: Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցելու համար նախ պէտք է մեր անձերը իբրեւ ծառայ մատուցենք Աստուծոյ: Աստուծոյ մատուցուած որեւէ ծառայութիւն փառք չի բերեր Աստուծոյ եւ ո՛չ ալ վարձատրութիւն մեզի, եթէ երբեք մենք զմեզ չենք յանձնած Աստուծոյ` իբրեւ ծառաներ: Աստուած կ՛ընդունի մեր ծառայութիւնը միայն այն ատեն, երբ մեզ ընդունի իբրեւ ծառայ:
Ի՞նչ պէտք է ընել Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցած ըլլալու համար: Երբ Քրիստոսի թագաւորութեան երկրի վրայ տարածման համար կ՛աշխատինք, Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցած կ՛ըլլանք: Իսկ ինչպէ՞ս կրնանք Քրիստոսի թագաւորութիւնը երկրի վրայ տարածել.
Երբ Քրիստոսի փրկութեան աւետիսը կը հնչեցնենք մարդոց կեանքին մէջ, եւ երբ մարդիկը Քրիստոսի փրկութեան կ՛առաջնորդենք, Քրիստոսի թագաւորութիւնն է, որ երկրի վրայ տարածած կ՛ըլլանք, եւ սա Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցել է:
Երբ վկայութիւն կու տանք Քրիստոսի սիրոյն մասին, եւ մանաւանդ երբ Քրիստոսի սիրոյն արտացոլացումը կը դառնանք մարդոց կեանքին մէջ, եւ ատով մարդիկը Քրիստոսի սիրոյն կ՛առաջնորդենք, Քրիստոսի թագաւորութիւնն է, որ երկրի վրայ տարածած կ՛ըլլանք, եւ սա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցել:
Երբ Աստուծմէ հեռու եղող մարդիկը Աստուծոյ կը մօտեցնենք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք Աստուծոյ: Երբ ճշմարտութենէն հեռացած մարդը ճշմարտութեան կ՛առաջնորդենք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք Աստուծոյ: Երբ մոլորած մարդուն երկինք առաջնորդող ճամբան ցոյց կու տանք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք Աստուծոյ:
2) Ծառայութիւն եկեղեցւոյ
Ի՞նչ կը հասկնանք եկեղեցիին ծառայել ըսելով: Երբ կառչած կը մնանք մեր մայրենի եկեղեցիին, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր եկեղեցիին: Երբ անվթար ու անաղարտ կը պահենք մեր առաքելական հաւատքը, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր մայրենի եկեղեցիին: Երբ եկեղեցիէն հեռու եղողը եկեղեցի կը բերենք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր եկեղեցիին: Երբ կը սիրենք եկեղեցին եւ մեր մանուկներուն ու պատանիներուն ալ եկեղեցին սիրել կը սորվեցնենք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր եկեղեցիին: Երբ մեր գործնական մասնակցութիւնը կը բերենք եկեղեցական արարողութեանց, յատկապէս` Սուրբ պատարագին, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր եկեղեցիին:
Երբ կը պատուենք ու կը պաշտպանենք մեր եկեղեցին, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր եկեղեցիին:
Եկեղեցին մեր հոգեւոր ծննդավա՛յրն է. պէտք է տէ՛ր կանգնիլ մեր հոգեւոր ծննդավայրին:
Եկեղեցին Աստուծոյ թագաւորութեան դո՛ւռն է` մեր ազգի զաւակներուն դիմաց բացուած. պէտք է արթուն պահակները ըլլանք այս դուռին:
Եկեղեցին տո՛ւնն է Աստուծոյ ու տո՛ւնն է մեր ազգին, կ՛ըսէ վեհափառ հայրապետը. ուստի պէտք է հաւատարիմ պաշտպանները դառնալ Աստուծոյ եւ մեր ազգի տան` եկեղեցիին:
«Հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդով կը ստանայ իր իսկական ինքնութիւնը», կը հաստատէ Նորին սրբութիւնը. պէտք է տէ՛ր ու պահապան ըլլալ մեր ազգի ինքնութեան պահպանիչ` Հայ եկեղեցիին:
3) Ծառայութիւն մեր ազգին
Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայել մեր ազգին: Երբ հեռու կը մնանք խառն ամուսնութիւններէ եւ հայ, հայաբոյր ու հայասէր ընտանիք կը կազմենք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր ազգին:
Երբ ինքնութիւն աղարտող մեր շրջապատին մէջ անաղարտ կը պահենք մեր ազգային ինքնութիւնը, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր ազգին:
Երբ հայ ոգին մեզմէ դատարկող աշխարհայնացումի դիմաց անբասիր կը պահենք մեր մէջ հայու ոգին, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր ազգին:
Երբ մաքուր հայերէն կը խօսինք եւ մեր զաւակներուն ալ մաքուր հայերէն խօսիլ կը սորվեցնենք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր ազգին:
Երբ հայ ուսուցիչը հայեցի կրթութիւն կը փոխանցէ իր աշակերտներուն` սորվեցնելով անոնց հայերէն խօսիլ ու գրել, հայերէն երգել ու արտասանել, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլայ մեր ազգին:
Երբ կը սիրենք ու մեր զաւակներուն ալ կը սորվեցնենք սիրել մեր ազգն ու հայրենիքը, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր ազգին: Իսկ մեր ազգն ու հայրենիքը սիրելը լոկ խօսքով չ՛ըլլար: Մեր սէրը գործնապէս պէտք է արտայայտել: Երբ հայ հաւատացեալը աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած` մեր ազգին ու հայրենիքին հզօրացման ու նորոգութեան համար, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլայ մեր ազգին ու հայրենիքին: Երբ հայ հարուստը դրամ կու տայ, հայ եկեղեցի ու հայ դպրոց կառուցելու կամ նորոգելու համար, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլայ մեր ազգին ու հայրենիքին: Վեհափառ հայրապետը ծառայութեան կապուած իր պատգամին մէջ կ՛ըսէ. «Պատմութիւնը միշտ յարգանքով պիտի յիշէ ո՛չ թէ մեր ունեցածը, այլ` մեր տուածը, ո՛չ թէ մեր գեղեցիկ խօսքերը, այլ` մեր բարի գործերը: Պատմութեան փոշիներուն մէջ կը կորսուին անոնք, որոնք միա՛յն ունենալու համար պայքարած են: Պատմութեան մայր էջին վրայ կը մնան միա՛յն անոնք, որոնք տուած են ի խնդիր գերագոյն արժէքներու կենսագործման ու յաւերժացման եւ սրբազան նպատակներու ու վեհ իտէալներու իրականացման»:
4) Ծառայութիւն մեր նմանին
ա) Մեր նմանին ըսելով` առաջին հերթին կը հասկնանք աղքատներն ու կարիքաւորները: Մենք մի՛շտ պէտք է աղքատներուն օգնենք, բայց մանաւանդ` Նոր տարուան առիթով, Տէր Յիսուսի ծնունդին առիթով, քառասնօրեայ պահեցողութեան ժամանակ եւ Քրիստոսի հրաշալի յարութեան տօնին առիթով:
Ինչո՞վ կ՛օգտուինք, երբ Նոր տարուան առիթով նուէրներ կու տանք իրարու եւ սակայն նուէր մը չենք տար աղքատի մը, որուն համար Աստուծոյ Որդին աղքատացաւ ու իր կեանքը նուիրաբերեց:
Ինչո՞վ կ՛օգտուինք, երբ Ս. Ծնունդի առիթով սեղան կը բանանք իրարու դիմաց, եւ սակայն սեղան չենք բանար աղքատին դիմաց, որուն նմանութեամբ ծնաւ ու ապրեցաւ Յիսուս, եւ կը մոռնանք Յիսուսի պատուէրը, որ երբ սեղան պատրաստենք, պէտք է աղքատները ճաշի հրաւիրենք (Ղուկաս 14.13):
Ինչո՞վ կ՛օգտուինք, երբ քառասուն օր պահք կը պահենք եւ սակայն քառասուն օրուան ընթացքին անօթի մը չենք կերակրեր. քառասուն օր մենք զմեզ որոշ բաներէ կը զրկենք եւ սակայն ոչինչ կու տանք զրկուածներուն: Յովհան Մանդակունի հայրապետը դիտել կու տայ, որ մեր անօթի մնալուն նպատակը ուրիշ անօթի մը կշտացնելը պէտք է ըլլայ, եւ այն բանը որմէ կը զրկենք մենք զմեզ, պէտք է զայն զրկուածին տանք:
Ինչո՞վ կ՛օգտուինք, երբ Ս. Յարութեան տօնին առիթով յարուցեալ Աստուածորդիին անուան փառքին համար կ՛երգենք, բայց անոր անուան փառքին համար ոչինչ կ՛ընենք աղքատին համար:
բ) Մեր նմանին ըսելով` կը հասկնանք որբերն ու որբեւայրիները: Որբ մը որդեգրելը կրնայ պատճառ դառնալ, որ որդեգրուինք Աստուծոյ կողմէ: Որբի մը հոգ տանիլը մեզ Աստուծոյ հոգատարութեան կ՛արժանացնէ: Եթէ կ՛օգնենք որբերուն ու որբեւայրիներուն, Դատաստանի օրը Աստուծոյ օգնութեան պիտի արժանանանք, իսկ եթէ զանոնք երեսի վրայ կը ձգենք, Դատաստանի օրը երեսի վրայ պիտի մնանք:
գ) Մեր նմանին ըսելով` կը հասկնանք վիրաւորներն ու տառապողները: Ճշմարիտ հաւատացեալը պէտք է հոգիներու, սիրտերու ու զգացումներու բժիշկ ըլլայ: Պէտք չէ ցաւցնենք մէկը, որուն համար Յիսուս ցաւ կրեց: Պէտք չէ վիրաւորենք մարդը, որուն համար Աստուծոյ Որդին վիրաւորուեցաւ. ընդհակառակը, պէտք է բալասան ըլլանք անոր վէրքերուն համար: Համբերութեամբ տարուած վէրքը մեզ վարձքի կ՛արժանացնէ, իսկ ուրախութեամբ ուրիշին վէրքը բուժելը մեզ ո՛չ միայն վարձքի, այլեւ փառքի կ՛արժանացնէ, Աստուծոյ նմանութեան կ՛առաջնորդէ:
դ) Մեր նմանին ըսելով` կը հասկնանք մեր հարազատներն ու ազգականները: Հարազատներ ու ազգականներ պարտականութիւն ու պարտաւորութիւն ունին իրարու նկատմամբ: Սուրբ Կոյս Մարիամ երբ Գաբրիէլ հրեշտակէն լսեց, թէ իր ազգականը` Եղիսաբէթ վեց ամսուան յղի էր, անմիջապէս անոր քով գնաց ու սկսաւ անոր ծառայել: Ղուկաս կ՛ըսէ, թէ Մարիամ շուրջ երեք ամիս մնաց Եղիսաբէթի մօտ (1.56): Եթէ Եղիսաբէթ վեց ամսուան յղի էր, երբ Մարիամ անոր քով գնաց, եւ եթէ Մարիամ երեք ամիս մնաց Եղիսաբէթի մօտ, սա կը նշանակէ, թէ Մարիամ տուն դարձաւ Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդէն ետք միայն, որ կը նշանակէ, թէ Մարիամ իր պարտականութիւնը լիովին կատարեց իր ազգականին` Եղիսաբէթի նկատմամբ: Ան սկսաւ Եղիսաբէթի ծառայութեան եւ իր ծառայութիւնը կիսատ չթողուց. Մարիամ Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդով իր ծառայութիւնը ամբողջացուցած նկատեց եւ հանգիստ խղճով տուն դարձաւ: Մենք պատրա՞ստ ենք Մարիամի նման ծառայելու մեր ազգականներուն. յատկապէս անոնց, որոնք կարիքը ունին մեր ծառայութեան: Եղիսաբէթ Մարիամի ծառայութեան կարիքը ունէր, ո՛չ միայն որովհետեւ յղի էր, այլ նաեւ որովհետեւ ծեր էր (Ղուկաս 1.7): Սուրբ հայրեր այս իրողութեան վրայ հիմնուելով` կը վկայեն, թէ Մարիամ կը սիրէր ծերերը եւ ծերերուն օգնելը: Այսօր մեր ազգի զաւակները ինչպէ՞ս կը վերաբերին ծերերուն հետ ընդհանրապէս, եւ իրենց ծերացած ծնողներուն հետ` մասնաւորաբար: Այսօր շատերու համար իրենց ծնողները բեռ կը նկատուին, ազատութեան կաշկանդում կը նկատուին, եւ իրենց այս բեռէն եւ ազատութեան կաշկանդումէն ազատելու համար իրենց ծնողները ծերանոց կը դնեն: Ո՛չ, սիրելիներ, մեր ծերացած ծնողները օրհնութիւն են մեզի համար եւ ո՛չ թէ` բեռ ու ազատութեան կաշկանդում:
Երբ ծերանոց կը դնենք մէկը, որուն հոգ տանելու կարելիութիւն չունինք, հասկնալի ու ընդունելի է, բայց երբ ծերանոց կը դնենք մէկը, որուն կրնանք հոգ տանիլ, բայց կը զլանանք, անհասկնալի ու անընդունելի է: Վերջերս իմացայ, որ հայ ընտանիք մը ուզելով, որ իր Կաղանդը աւելի հանգիստ ու ազատ անցընէ, իրենց ծերացած մայրը ծերանոց դրին Կաղանդէն քանի մը օր առաջ. սրտի նեղութեան պատճառով այս հայ մայրը Կաղանդէն 3-4 օր ետք հոգին աւանդեց: Այս հայ մայրը, որ ո՛վ գիտէ, թէ անցեալին ինչե՜ր ըրած էր իր զաւակները Կաղանդի գիշերով ուրախացնելու համար:
ե) Մեր նմանին ըսելով` կը հասկնանք մեր բարեկամները:
Բարեկամ մարդը այն մարդն է, որ նեղութեան ժամանակ յենարան կ՛ըլլայ մեզի եւ կ՛օգնէ դո՛ւրս գալու մեր նեղութենէն:
Ճշմարիտ բարեկամը այն մարդն է, որ կը բաժնէ իր յաջողութիւնն ու ուրախութիւնը մեզի հետ, եւ առիթ կու տայ մեզի, որ բաժնենք մեր ցաւն ու վէրքը իրեն հետ:
Ճշմարիտ բարեկամը այն մարդն է, որ ականջ կու տայ մեզի ու կը հասկնայ մեզ, երբ կը խօսինք մեր զգացումներուն ու վիշտին մասին:
Ճշմարիտ բարեկամը այն մարդն է, որ խոնարհութեամբ ու սիրով մեզ կը սրբագրէ, երբ սխալի կամ մեղքի մէջ կ՛իյնանք, եւ խոնարհութեամբ ու սիրով կ՛ընդունի սրբագրուիլ մեր կողմէ, երբ ի՛նք սխալի կամ մեղքի մէջ կ՛իյնայ:
Ճշմարիտ բարեկամը այն մարդն է, որ կ՛օգնէ մեզի աճելու մեր հոգեւոր կեանքին մէջ, եւ միաժամանակ կ՛օգնէ մեզի հանդէս բերելու այն շնորհները, որոնք ծածկուած են մեր սրտին մէջ:
Ճշմարիտ բարեկամը այն մարդն է, որ զօրավիգ կ՛ըլլայ մեզի, երբ կը գլորինք, եւ` խնդակից, երբ կը բարձրանանք:
Ճշմարիտ բարեկամը այն մարդն է, որ ուրախակից կ՛ըլլայ մեզի` մեր ձեռք ձգած յաջողութիւններուն համար, եւ սրտանց կը ներէ, երբ բանի մը մէջ կը ձախողինք կամ կը սխալինք:
զ) Մեր նմանին ըսելով` կը հասկնանք ընդհանրապէս մարդը, ծառայութեան կարիքը ունեցող մարդը: Այս մասին շատ բան կարելի է ըսել, բայց հակիրճ ըլլալու համար լոկ հաստատեմ, որ Աստուած մարդը ստեղծեց եւ օժտեց գործելու, աշխատելու, տքնելու ու երկնելու կարողութեամբ: Ճիշդ է, որ Աստուած մարդը ստեղծեց իր փառքով ու իր փառքին համար, ինչպէս կը վկայէ Եսայի մարգարէն (43.7), բայց միաժամանակ զայն ստեղծեց, որպէսզի անիկա Աստուծոյ փառքը ճառագայթէ եւ անոր փառքին տարածիչը դառնայ մարդոց կեանքին մէջ, եւ ատիկա տեղի կ՛ունենայ իր ծառայութեամբ: Ճիշդ է, որ մարդը Աստուծոյ ձեռքին գործն է, բայց միաժամանակ անիկա Աստուծոյ գործակիցն է, եւ անիկա այդ գործակցութիւնը կրնայ արտայայտել` ծառայելով մարդոց. արդարեւ, մարդը Աստուծոյ ձեռքին գործը ըլլալով` պէտք է Աստուծոյ օգնող ձե՛ռքը ըլլայ օգնութեան կարօտ մարդոց կեանքին մէջ: Ճիշդ է, որ մարդը Աստուծոյ սիրոյն պտուղն է, բայց նաեւ սիրոյ պտուղ բերելու կոչուած անձն է: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետը կ՛ըսէ. «Մարդը պէտք է նմանի ծառի: Ինչպէս ծառը ինքնիր համար չ՛ապրիր եւ ինքնիր համար պտուղ չի բերեր, այլ կ՛ապրի ու պտուղ կը բերէ ուրիշին համար, նոյնպէս ալ մարդ արարածը պէտք է ապրի, գործէ ու պտուղ բերէ իր նմաններուն համար»:
Հարց տանք մենք մեզի. մենք կ՛ապրի՞նք ուրիշին համար, կը գործե՞նք ու պտուղ կը բերե՞նք ուրիշին համար: Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը այն սքանչելի ժամանակահատուածն է, երբ կրնանք բարին գործել ուրիշին համար, մանաւանդ երբ այդ ուրիշը աղքատ մարդն է, անտեսուած մարդն է, լքուած ու մոռցուած մարդն է, հիւանդ ու տագնապահար մարդն է:
Աղքատին տուողը աղքատասէր Աստուծոյ է, որ տուած կ՛ըլլայ: Անօթին կերակրողը անոր փոխարէն կրնայ Կենաց հացը ձեռք ձգել: Ծարաւին ջուր խմցնողը անոր փոխարէն Կենաց աղբիւրով կրնայ վարձատրուիլ: Անտեսուածին տեսութեան գացողը կրնայ ամենատես Աստուծոյ տեսութեան արժանանալ: Կարօտեալին կարօտը գոհացնողը անկարօտն Աստուծոյ օգնութեան կ՛արժանանայ: Եւ այս բոլորը ծածուկ կերպով պէտք է կատարուին, որովհետեւ իսկական ծառայութիւնը ծածուկ կերպով կատարուած ծառայութիւնն է. իսկական ծառայութիւնը Աստուծոյ փառքին համար կատարուած ծառայութիւնն է. ծառայելու պարգեւը Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած պարգեւ մըն է, ուստի միայն Աստուած ի՛նք պէտք է փառաւորուի: Եթէ երբեք կը ծառայենք մարդոց, որպէսզի անոնք խօսին մեր ծառայութեանց մասին, աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ չծառայենք, որովհետեւ ճիշդ չէ, որ մարդիկ զԱստուած փառաւորելու փոխարէն` մեզ փառաւորեն:
Եկէք, Բուն Բարեկենդանի առիթով եւ մեր Բուն Բարեկենդանը վերագտնելու նպատակով, ծառայութեան ճամբով վերադառնանք Աստուծոյ եւ մեր նմանին:
Եկէք` ընդառաջենք վեհափառ հայրապետի հրաւէրին եւ 2016 տարին եւ գալիք բոլոր տարիները լեցնենք ու հարստացնենք ծառայութեանց արարքներով, որպէսզի մենք մեծնանք եւ Աստուած մեծարուի:
(*) Խօսուած է մայրավանքի մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 7 փետրուար, 2016-ին: