Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ակնարկ. Գաղտնաբառի Աւանդական Ոճն Ու Իրաւական Պետութիւնը

$
0
0

Լիբանանեան հերթական թնճուկ հանգուցալուծելու համար պետական ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ մագոգային հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան: Անել ճամբաներէ ելք գտնելու կախարդական փայտիկը օգտագործելու համար գաղտնաբառի գրանցման հրամայականին մասին կը խօսուի, եւ այդ իրաւունքը աւանդական կարգով կը վերապահուի խորհրդարանի քաղաքական երկարակեացութեամբ յատկանշուող նախագահին: Տարբեր հանգամանքներ այստեղ կարեւորագոյն գործօնի դեր ունին: Նախ աւանդաբար իրերայաջորդ նախագահներու եւ վարչապետներու միջեւ տարակարծութիւններու պատճառով ստեղծուած անդամալուծուած իրավիճակը վերականգնելու համար անհրաժեշտութիւն կը զգացուի երրորդ բարձրագոյն օղակի միջամտութեան, որ այս պարագային խորհրդարանի նախագահի կերպարով կը մարմնաւորուի:

Թաէֆէն առաջ գերնախագահական, Թաէֆէն ետք կարելի է ըսել առաւելաբար վարչապետական, բայց անպայման նախագահին հետ համաձայնութեամբ գործընթացը կը սառի, եթէ գործադիր իշխանութեան երկու օղակներուն միջեւ տարակարծութիւն կամ հակասութիւն ստեղծուի: Բնականաբար երկու օղակները կ՛ունենան կարեւոր չափաբաժին գործադիր իշխանութեան մէջ, եւ մէկը կրնայ չէզոքացնել միւսը եւ փոխադարձաբար: Ուժի կշիռը գործընթացի ապասառեցման երրորդ օղակն է` օրէնսդիր բարձրագոյն դէմքը եւ ոչ անպայման օրէնսդիր ժողովը` հաւաքականօրէն:

Այս պարագային, դրական ակնկալութիւն կայ օրէնսդիր ժողովի նախագահէն գործընթացը ապասառեցնելու առումով: Բայց գործօնը եթէ դերակատար է իրադրութիւններու տեղաշարժման, կրնայ նաեւ դերակատար ըլլալ գործընթացի սառեցման:

Նախագահական պալատին մէջ հաշտեցման հանդիպումով հանգուցալուծման մեկնարկ ապահովելու ճիգերը առ այս պահը ձախողած են: Այժմ վարչապետ-խորհրդարանի նախագահ ուղղութիւնն է, որ ճիգերու գերլարում կը ցուցադրէ` անել ուղիէն ելքի ուրուագիծեր տեսնելու: Մինչ այդ միջադէպին առնչուած ներհամայնքային կողմերու յայտարարութիւնները բացարձակ են եւ բանակցութիւններու պատուհան չեն բանար:

Լիբանանի մէջ շատ արագ ներհամայնքայինը կը վերածուի միջհամայնքայինի եւ միջհամայնքայինէն կ՛անցնի պետական հարթութիւն` նախ առկախելու եւ յետոյ անդամալուծելու համար գործադիր, ապա օրէնսդիր իշխանութիւններու բնականոն գործունէութիւնը:

Պետական մտածողութեան գերակայութիւնը` համայնքայինին, իբրեւ անհրաժեշտ հրամայական ինքզինք պէտք է դրսեւորէ: Համակողմանի գիտակցական մօտեցումը միայն կրնայ յանգիլ այն եզրակացութեան, որ ներհամայնքային թէ միջհամայնքային որեւէ միջադէպ պէտք չէ անմիջապէս առաջնորդէ պետական մարմիններու, այս պարագային կառավարութեան նիստերու առկախման, որքան ալ որ այդ իրավիճակի գոյառման պատճառը լարուածութիւնը լիցքաթափելը ըլլայ կամ առնուազն լարուածութիւնը գերլարուածութեան չվերածելու մղումը:

Ընդհակառակն` կառավարութեան կամ պետական որեւէ մարմինի յաւելեալ աշխուժութեամբ գործունէութիւնը որեւէ գլխաւոր միջադէպէ ետք աւելի կը նպաստէ հիմնահարցերու լուծման մօտեցումներու իրականացման:

Հիմա սակայն գաղտնաբառի դեռ աւանդական ձեւն է, որ կը շարունակուի: Մինչ, իրաւական պետութիւնը կ՛ենթադրէ որեւէ յանցակազմ պարունակող միջադէպի պարագային տալ իրաւական գնահատական եւ օրէնքի սահմանուած կարգով դատական ընթացակարգէ բխած վճիռներ` անխափան պահելով պետական բոլոր մարմիններու սահմանադրական գործառոյթներ իրականացնելու ընթացակարգը:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>