ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ
Ընկերա-մշակութային կեանքը ողողող ձեռնարկները, յոբելեաններ ոգեկոչելու ձգտումով, կը տարուբերին սովորաբար իրենց ոճով, որակով, խորքով, ձեւով ու գաղափարով: Երբեմն, սակայն, եղած են յոբելեաններ, որոնք իրենց բուն նպատակէն շեղելով` դատարկաբանութեան մէջ սուզուած են պարզապէս բեմեր զբաղեցնելու սիրոյն:
Յոբելեաններ, որոնք կու գան վերակենդանացնելու անցեալէն եկած փառք մը, ըլլա’յ անիկա հոգեւոր թէ այլ, ու կը միտին վերաշխուժացնել ներկայ առօրեան դիմագրաւող միտքն ու հոգին, կ’արժանանան այն պարգեւին, որ յարգանք կը պարտադրէ:
Իսկո՛յն, 30 յունիս 2019-ին, հայ թէ օտար հասարակութիւն մը հրաւիրուած էր` յարգելու ու յաւերժացնելու յիշատակը մեծանուն Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը: Այս յարգանքի տուրքը մատուցուեցաւ նոյնինքն Կոմիտասի երաժշտական ստեղծագործութիւններու ունկնդրութեան ընդմէջէն:
Կոմիտաս վարդապետ եղաւ հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ երաժշտական գանձարանը հարստացնող հոգեւորականը, որ իր հանճարեղ, տքնաջան, յամառ ու կրքոտ կամքով շրջեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերն ու գաւառները` մօտէն հետեւելու գեղջուկներու հոգեբանութեան ու առօրեային: Ան տարեցներու շրթներէն քաղեց հում, անտաշ, անջատ, կապկպուած երգերը, ետքը կցորդեց ու միաձուլեց զանոնք: Կոմիտաս վարդապետի գերագոյն մտայղացումը եղաւ փրկել գեղջուկ թէ հոգեւոր երգերը խաթարումէ, օտարամուտ ազդեցութիւններէ, մանաւա՛նդ` շարքիականացումէ ու հայեցի ականջը թունաւորող տեսակաւոր ազդակներէ:
Եւ այսպէս, մեծն Կոմիտաս համոզուած` կազմեց միաձայն, միատող, երկտող կարճաշունչ, բայց բովանդակալից խճանկարներ եւ հետագային վերածեց զանոնք երաժշտական լի իմաստ կառոյցի մը` երկձայն, եռաձայն, քառաձայն:
Ուրեմն, վերոյիշեալ 150-ամեակի ոգեկոչումը, կազմակերպուած` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գուսան» երգչախումբին կողմէ, կը վայելէր հովանաւորութիւնը Համազգայինի Պէյրութի` ոգեկոչեալին անունը կրող «Կոմիտաս» մասնաճիւղին: Սոյն մասնաճիւղը, յայտնի` իր երկարամեայ հարուստ անցեալովն ու բեղուն գործունէութեամբ, աննկուն կամքով թիավարած է ու կը թիավարէ ցայսօր հոսանքն ի վեր` հայ մշակոյթը չընկրկող հարթակի վրայ պահելու համար: Հետեւաբար «Գուսան» երգչախումբը ներկայացաւ հանրութեան տալով իր լաւագոյնը` կոկուած, մաքուր աշխատանք, հեռու` թափթփածութենէ, շեղումէ եւ ինքնագլուխ արտայայտութենէ: Անոնք մէկ ժամ տեւողութեամբ երգեցին Կոմիտասի եւ այլոց գործերը` բազմաձայն եւ առանց երաժշտական գործիքի ընկերակցութեան (աքափելլա), ինչ որ կը պահանջէր խիստ կեդրոնացում, փորձելով ընդմիշտ պահել յօրինումի երաժշտական կառոյցը, նրբերանգները, սրտառուչ քնարականութիւնը (լիրիզմը) եւ վեհութիւնը: Յայտագիրը թափ առաւ «Սիրտ իմ սասանի» Մխիթար Այրիվանեցիի 13-րդ դարու մեղեդիով, երգեհոնի գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի, որուն յաջորդեց Ներսէս Շնորհալիի 12-րդ դարու մեղեդիները` մեներգող ունենալով երգչախմբային արուեստի մօտ, պաս Աւետիս Ագրապեանը: Իսկ մասնագիտացած դասական փորձառու երգչուհի սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը դիւրահաճ ձեւով մեկնաբանեց «Տէր ողորմեա՛» մեղեդիի տարբերակ մը` իր դարձուածքներով ու ելեւէջներով:
Ի դէպ, այս ունկնդրութեան ծաւալ ունեցող սոյն երգչախումբի ոսկրասիւնը կազմող խմբավարին ուսերուն դրուած էր ո՛չ հեշտ պատասխանատուութիւն մը: Ան ոչ արհեստավարժ երգողներուն վարժեցուցած էր չափողութեան զգացումը ունենալ` հարթելու համար ամէն դժուարութիւն: Կոմիտասեան մշակումներու պարագային, դժուարին չափի ընդմիջումները, անհաւասար բաժանմունքը տարբեր ձայնախումբերու միջեւ եւ նրբերանգ արտայայտութիւնը մանրակրկիտ աշխատանք պահանջած էր խմբավարէն, այնպէս ինչպէս` տարրալուծարանի մանրակրկիտ քննութիւն մը: Խմբավարը` Գրիգոր Ալոզեան մասնագիտացած է երկու տարբեր գիտութիւններու մէջ, մին կը հոգար մարդ էակի ֆիզիքական աշխարհը (տարրալուծարանը), միւսը` հոգեկան (երաժշտութիւնը):
Եզրափակելու համար, գնահատելի է Գրիգոր Ալոզեանի տարած համբերատար գործը ակնկալելով իրմէ նոր նուաճումներ` վեր պահելու հայ մշակոյթի երաժշտական ժառանգը: