Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ակնարկ. Կրօնա-Աշխարհաքաղաքական Գործընթացներն Ու Ուաշինկթընի Նախաձեռնութիւնը

$
0
0

Ընթացիկ շաբթուան մէջ կրօնական օրակարգը առանցքային հանգամանք ունեցաւ ամերիկեան Քոնկրեսի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան շրջանակներուն մէջ: Աղօթքի միջազգային հանդիպում, կրօնական եւ ազատութեան վերաբերող խորհրդաժողով,  զուգահեռ` «Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն ի պաշտպանութիւն» կարգախօսով կատարուած նախաձեռնութիւն:

Կրօնական տարազին տակ տարբեր ուղղութիւններ ներառած այս աշխատանքներուն բերումով Ուաշինկթընը համախմբած է շուրջ հարիւր երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնք կրօնական հետապնդումներէ եւ յարձակումներէ վերապրածներու հետ կը քննարկեն ստեղծուած իրավիճակներու պատճառահետեւանքային խնդիրները:

Ճիշդ է, որ կ՛արծարծուին տարբեր կրօններու եւ դաւանանքներու հետեւողներուն միջեւ հանդուրժողականութեան, համակեցութեան եւ վայրագութեան բացառման սկզբունքային մօտեցումներու կիրարկման հրամայականները, այսուհանդերձ ըմբռնելի է, որ հիմնական առաջադրանքը կը վերաբերի Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու ապրած ճգնաժամին եւ  այդ պատճառով արձանագրուող զանգուածային արտահոսքին կամ ինչպէս ընդհանրապէս քաղաքագիտականօրէն կ՛եզրաբանուի` Միջին Արեւելքի ապաքրիստոնէացման գործընթացին:

Այս հիմնախնդիրին առաջնայնութիւնը պարզ կը դարձնէր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն, երբ կը զգուշացնէր Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ անձ, մանաւանդ քրիոստոնեաները իրենց կրօնական համոզումներուն համար հալածելու երեւոյթէն: Այստեղ մանաւանդ քրիոստոնեաները  շեշտադրումը կը բացատրէ օրակարգային թէժ կէտը եւ կը պարզաբանէ Ուաշինկթընի կողմէ 115 երկիրներու ներկայացուցիչներ համախմբելու բուն շարժառիթը:

Զգուշացումը այսօրուան իրավիճակին կը վերաբերի: Վերապրածները վկայութիւններ տուած են իրենց ենթարկուած հալածանքներուն մասին: Բոլորը շեշտած անյետաձգելիութիւնը` վերջ տալու կրօնական-դաւանական պատճառներէ մեկնած ի գործ դրուող բռնութիւններուն: Քաղաքականօրէն սակայն պարզամտութիւն պիտի ենթադրէր  զուտ կրօնական տարբերութիւններու հիման վրայ այս ամբողջ գործընթացին բացատրութիւն տալը:

Կրօնական ծայրայեղականութեան անուան տակ տարածաշրջան թափանցած միջազգային ահաբեկչութեան նորագոյն դրսեւորումը` աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու հետ առնչուած վերահսկելի քաոսի տեսութեան գործնական կարեւոր բաժին էր: Շիի-սիւննի դաւանամիջեան բախումնային լարուածութեան առաջադրումէն մինչեւ քիւրտերու, եզիտիներու, քրիստոնեայ փոքրամասնական ազգաբնակչութիւններու նկատմամբ կիրարկուած ցեղային զտումները ժողովրդագրական նոր քարտէսագծումներու  գործողութիւններու շղթայական օղակներ էին` ահաբեկչութեան պիտակով գործադրուող:

Այդ գործողութիւններու հետեւանքները սակայն միշտ չէ, որ կը մնան վերահսկելի քաոս առաջադրողներու ծրագիրի սահմաններուն մէջ եւ կը յառաջացնեն անցանկալի իրավիճակներ:

Միջին Արեւելքի մէջ օգտագործուող ահաբեկչական գործօնը իր խաղաթղթային կարգավիճակը լրիւ չէ սպառած տակաւին: Ճշդուած են աշխարհագրական սահմանափակ գօտիներ, ուր մէկտեղուած են այդ տարրերը, որոնք կոճակի սեղմումներով յանկարծ կ՛աշխուժանան եւ կը ստեղծեն ապահովական կացութիւն: Քնացող-արթնցող ահաբեկչական բջիջներու արմատական մաքրագործման գործողութեան ժամը չէ հնչած տակաւին: Քաղաքական մեծ առեւտուրի վերջնական գործարքը չէ կայացած փաստօրէն:

Մինչ այդ, կ՛առաջադրուի համեմատական խաղաղութեան հաստատման առընթեր փրկել կրօնական փոքրամասնութիւններու, ի մասնաւորի քրիստոնեաներուն մնացորդացը տարածաշրջանին մէջ:

Յատկապէս սուրիական պատերազմի թէժ օրերուն միջազգային մամուլը կ՛անդրադառնար, որ տարածաշրջանին մէջ ազգային կրօնական փոքրամասնութիւններուն եւ յատկապէս քրիստոնեայ զանգուածին նկատմամբ եւրոպական երկիրներ յայտարարողական զօրակցական կոչեր կ՛ուղղէին, մինչ Մոսկուան գործնապէս, ռազմական առումով տէր կը կանգնէր անոնց: Հիմա, Ուաշինկթընը քաղաքական կարեւոր նախաձեռնութեամբ միջազգային համախմբում կ՛իրականացնէ` փրկելու համար այդ զանգուածներուն մնացորդացը: Դժուար  է միանշանակ գնահատական տալ, թէ այդ զանգուածին տարածաշրջանէն չհեռանալը, որքանո՞վ կը բխի նախաձեռնող կողմի շահերէն: Միաժամանակ պէտք է մտածել, որ անիկա որքանո՞վ ձեռնտու չէ այն պետութիւններուն համար, որոնք սատարեցին ահաբեկիչներու գործողութիւններուն:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>