Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Սուրիական Օրագրութիւն 77

$
0
0

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Մեծ գաղափարները մարդկանց մեծացնում, զօրացնում, ազնուացնում են, մի խօսքով, մարդը դառնում է գաղափարական: Բայց դրա համար պէտք է մարդու գլուխը էնքան մեծ ու բանական լինի, որ մի որեւէ մեծ գաղափար նրա մէջ մտնի ու մերուի (ձուլուի, նոյնանայ, համասեռ դառնայ բանի մը հետ – Լ. Մ.):
Դժբախտաբար մեծ մասամբ էդպէս չի լինում, գաղափարը չի մտնում գլխի մէջ, այլ գլուխն է մտնում գաղափարի մէջ…
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մարդիկ ինչպէս որ կապուածութեան մէջ կ՛ըլլան իրերու, վայրերու կամ անձերու, նոյնպէս եւ` գաղափարներու: Բայց որքան որ խոպան ու աղքատիկ է մարդու մտային ու հոգեկան աշխարհը, նոյնքան մանր, խղճուկ, նեղ ու եսական գաղափարներու համար տեղ կ՛ունենան` զգացական ստորին մակարդակի վրայ:

«Լաւ»-ի կամ «գէշ»-ի մեր կաղապարները կը շինենք, անհատաբար թէ հաւաքականօրէն` յենած սերունդէ սերունդ կուտակուած տեսութեանց վրայ: Այդ տեսանկիւնէն կը դիտենք ու կը դատենք մարդերն ու երեւոյթները, պարիսպ կը դնենք ոչ միայն մեր եւ ուրիշներուն միջեւ, այլ մեր իսկ ստեղծած կաղապարին մէջ կը մտնենք եւ անծանօթ կը մնանք կեանքի անվերջ յարափոփոխ ընթացքի իմաստութեան:

Այս պատերազմին այդպիսի մարդոց քով սրեցաւ կամ դիւրութեամբ հող գտաւ  խաւարածին ու շահամէտ քարոզչութիւնը, որ խտրութիւն ու ատելութիւն սերմանեց տեսքով, մտայնութեամբ ու մանաւանդ դաւանանքով տարբերողին հանդէպ:

Որքան ալ պետութիւնը տարբեր ձեւերով ազգերու եւ կրօններու համերաշխութիւն կը քարոզէ (ինչ որ նախապէս կար առանց նման ճիգի), մարդիկ կը շարունակեն նեղ ու մերժողական պատերու մէջ քարանալ, կարծես` որպէս սեփական ինքնութեան պաշտպանութիւն կամ հաստատում: Մասնաւորը չեմ ընդհանրացներ, քանի որ շատ են նաեւ լայնախոհ մարդիկ, նոյնիսկ` ամէնէն խոնարհ խաւերուն մէջ: Բայց միայն անձնական տպաւորութիւններ չէ, որ կը փոխանցեմ, եթէ ըսեմ, որ վերջին տարիներուն նկատելի ու ցաւ պատճառող երեւոյթ է քրիստոնեայ մարդոց դէմ շատերու խուլ, քողարկուած անբարեացակամութիւնը:

Ահա միջադէպ մը, որ դրոշմուեցաւ միտքիս մէջ ու ճիգով հաւասարակշռուող լաւատեսութեանս դառնութիւն խառնեց:

Մեքենաներու երթեւեկութիւնը արգիլուած փողոցէ կ՛անցնէի: Մօտակայ դպրոցէն խումբ մը 10-11 տարեկան տղաք հոն ֆութպոլ խաղալու վրայ էին: Նման պարագաներու ինքս կը զգուշանամ պատահմամբ ծուռ զարնուած գնդակէ: Սակայն այս մէկը բնաւ պատահական չէր: Տղաքը զիս տեսնելով` զիրար կանչեցին, դաւադիր ակնարկներ ըրին, քրքջացին: Զգացի, որ պիտի զարնեն, բայց երթալիք տեղ չունէի, միջոցին կեցած` կը սպասէի հակառակ կողմէն երթեւեկող մեքենաներու դադրիլը: Եւ ահա գնդակը ուժգին թափով անցաւ գլխուս քովէն: Նման հարուած մը անկասկած գետին պիտի տապալէր զիս: Անոնցմէ ոմանք վար առին նայուածքները, ուրիշներ մօտեցան ու հերոսական գործ տեսածի յաղթակա՛ն, ծաղրական հայեացքներով աչքերուս նայեցան. անդրադարձ կը սպասէին: Մանուկներու դէմքերու այդ անմաքուր արտայայտութիւնը ե՛ւ ցաւցնող էր, ե՛ւ նողկալի: Ցաւ` մանկութեան մէջ թունաւորուածներուն համար: Եթէ հարուածը նպատակին հասած ըլլար, ֆիզիքականը աւելին պիտի չըլլար, քան` այդ նենգամէտ նայուածքներուն դէմ իմ զգացած հոգեկան ցաւը: «Պրաւօ՛», ըսի ու ծափեցի: Քրիստոնեայ մարդ մը անցաւ ու «հարա՜մ» մրմնջեց: Անոնք աչքերուս նայելով` կը ժպտէին…

Այդ ժպիտը սեւ կը խառնէ վաղուան հանդէպ իմ լաւատեսութեան, քանի որ անոնք իրենց ետին ունէին աւագներու տրամադրութիւններուն դրոշմը` մանուկ հոգիները եղծող…

***

Յանկարծ կ՛ալիքուի սքանչելի շարական մը, ու մինչ հիացումի մէջ ես, կու գայ անդրադարձը. մահն է, որ իր ամէնօրեայ այցը կատարած` վաղաժամ կամ սպասուած այցելութեան աւարով կը տողանցէ` բօթաբերի դերը տուած Կեանքի ու Լոյսի աղօթքին: Շարականը այս գուժկան դերին մէջ անդրաշխարհի խորհրդաւոր ու մեզի յաւերժաբար անհասանելի ոլորտներ կը փոխադրէ, պահ մը սթափութեան կը հրաւիրէ ու իր բացարձակ տիրապետութեան զգացողութեան տակ կ՛առնէ հոգիները:

Սակայն` «Կեանքն իր ճամբով, մահն` իր» ճշմարտութիւնը հաւանաբար ոչ մէկ տեղ այսքան առարկայօրէն ու որոշ կ՛ընկալուի, որքան մահուան «մեծաքանակ» որսին ակամայ «վարժուած» այս երկրին ու այս քաղաքին մէջ: Խիստ իրատես իմաստութիւն, որ կը սրի մանաւանդ մահուան առատութեան պայմաններուն: Կ՛ըսուի, որ երբ մարդկային խմբաւորումներ կ՛անդրադառնան մահուան անմիջական ու անխուսափելի վտանգին, յաճախ կը նետուին ծայրայեղ զուարճանքներու, հաճոյքներու գիրկը, թէկուզեւ` կարճատեւ պահու մը ծծելու համար կեանքէն այն, որ կը խլուի իրենցմէ: Հալէպը այդ ծայրայեղութիւնը չունեցաւ, սակայն առաւել փարեցաւ կեանքի երակներուն: Պատերազմի առաջին երկու տարիներուն փողոցներուն մէջ լռած էին սիրահար տղոց հոգիներուն կանչ` «նորոյթ» երգերը, որ գիշերային ժամերուն ինքնաշարժէն ի լուր ողջ աշխարհի կը տարածուէին: Մարդիկ կը զգուշանային նոյնիսկ հարսանիքի կամ այլ խրախճանքներ ցուցադրաբար ընելէն, կը յարգէին մերձաւորներուն սուգը: Իսկ սգաւոր էր երկիր մը ամբողջ:

Ապա քիչ-քիչ կեանքը սկսաւ իր իրաւունքները պահանջելու: Արդէն կը խրախճանեն ամէն առիթի ու բարձր երաժշտութեամբ: Կը հիանամ մեր ժողովուրդի, յատկապէս կիներու կենսասիրութեամբ ու կորովով, երբ կեանքը բնականոն շարունակելու աշխատանք կը տանին, յաճախ «կին» կ՛ըլլան, կը գեղեցկանան, ձեռնարկներ կը կազմակերպեն կամ կ՛այցելեն: Նոյնիսկ հեռացածներ նկատողութիւն կ՛ընեն, թէ հալէպցիները հոս «բանէ մը չեն զրկուիր»: Հետաքրքրական հոգեբանութիւն. պիտի ուզէին,  որ, Պարոնեանի ըսածին պէս, Եփրատն ու Տիգրիսը արցունք ըրած` միայն լայի՞նք… Եթէ ամուսնանալու համար սպասէին պատերազմին աւարտը, շատ երիտասարդ զոյգեր պիտի ծերանային, մինչդեռ այսօր նաեւ ծնունդնե՜ր կան Հալէպ…

Ինչպէ՞ս բացատրել այս երեւոյթը: Կ՛ըսեն, թէ մարդ որեւէ վիճակի երեք օրէն կը սկսի վարժուելու: Իսկ մենք հինգ տարի է, որ մահուան թագաւորութեան մէջ ենք եւ կամայ թէ ակամայ իրավիճակին կը համակերպինք, կը «վարժուինք» քանի մը հարիւր մեթր անդին մարդակերներու ներկայութեան, ստէպ տեղացող հրթիռներու եւ հրասանդի ռումբերու (գոնէ ես ասոնց տարբերութիւնը չհասկցայ) աւերածութիւններուն: Պատերազմական վիճակին մէջ մարդու մահը կը դառնայ սովորական: Մինչդեռ մա՛րդ է այս աշխարհէն յաւերժաբար գացողը, մէկու մը հարազատը, սիրելին, անփոխարինելին…

Կենցաղային դժուարութիւնները օրերուն հետ աւելցան, մինչդեռ այլեւս գանգատներ չես լսեր, իսկ տակաւին գանգատողին կը լսեն արդէն ձանձրոյթով:

Համակերպո՛ւմ, երբ որեւէ բան բարեփոխելու կարելիութիւնը քեզմէ դուրս է:

Հեռացի՛ր, եթէ ունիս կարելիութիւն, քանի որ անիմաստ է գանգատիլդ:

Ու կը հալի քաղաքը, ու կը հալի գաղութը, ու թաղեր կը նօսրանան, ու շէնքեր կը պարպուին, ու կարօտի ծուխեր կը բարձրանան սիրելիները օտար երկիրներու պահ տուած` մնացողներուն հոգիներէն, ու քաղաքը կը նմանի… Բայց շատոնց ես զայն ուրուականներու քաղաքի նմանցուցեր եմ ու հիմա նոր պատկեր չեմ կրնար գտնել:

Իսկ տակաւին մնացողները կ՛ոգորեն, Մայր գաղութին աւանդոյթները շարունակել կը փորձեն, նաեւ` կանգուն պահել, ինչ որ ստեղծուած էր հարիւր տարիներու ընթացքին, կը փորձեն մայրենի լեզուի պահպանութեան մեծ օճախին դերը չկորսնցնել, քանի որ բնա՜ւ շատ չեն այդ դերը ստանձնել յաւակնողները…

***

Որքա՜ն հակասական են պատերազմի աւարտի մասին կարծիքները: Խօսքը գիտակներուն է եւ ոչ` զոհերուս, ուր կան անպայման լաւատես մնալ ուզողներ ու ամէն առիթի նոյն խօսքը կը կրկնեն` «Փա՛ռք Աստուծոյ»:  Անդրովկիանոսեան սրտացաւ բարեկամ մը վերջերս հարցուց սովորական «ինչպէ՞ս էք»-ը, ու ես, մեքենայաբար, «Փա՛ռք Աստուծոյ»-ս արտասանեցի: Ան զարմացաւ` «Փառք Աստուծո՞յ…»: Ու այդ հարցական-հեգնական շեշտադրումը արթնցուց զիս. չէ՞ որ անվերջ կասկածներու մէջ եմ, վերջապէս ե՞րբ պիտի ուզեն պատերազմը հոս աւարտել: Դէմ չեմ Աստուծոյ փառքին, սակայն կ՛ուզէի անկեղծ ըլլալ ինքս ինծի հետ ու նաեւ Անոր առջեւ չկեղծել: Ուրիշ բան է, նոյնիսկ ինքնահամոզումով, լաւատեսութիւն խաղալը, ուրիշ բան` անոր համար հիմքեր ունենալը:

Քի՞չ երկիրներ կան, այլեւս ուրի՛շ տեղ թող խաղան: Մի՛ կարծէք, թէ ուրիշներու վատը կը ցանկամ: Պարզապէս կարծիք մը եւս լսեցի, թէ մեր պատժաժամկէտը նախատեսուած եղած է հինգ տարի եւ ահա անիկա լրացաւ: Կամ, եթէ լուրջ խօսիմ, հինգ տարուան քանդումի համար դրամ յատկացուած է, այնպէս որ, տղաքը ուրիշ խաղավայր պիտի ընտրեն… եղեր:

***

Իսկ խաղավայրը տակաւին կը շարունակէ մնալ Արեւելքի կարեւոր բանալիներէն մին` Սուրիան ու մեր բնակավայրերը: Եւ ահա ես կրկին բախտ ունեցայ անոնց նետած «գնդակը» տունիս տանիքին ընդունելու…

Քրիստոս խաչելութեան առջեւ խնդրեց Հօրմէն` «Անցո՛ւր ինձմէ այս գաւաթը»: Ու Ան Աստուած էր, ու Ան անմահ էր… Իսկ մենք` մահկանացուներս, անվերջ կը խմենք դառնութեան գաւաթէն, ու չ՛երեւիր անոր վերջը…

Աղէտը, եթէ յաւերժին չի տանիր զքեզ, նոր իմաստութեամբ մը կ՛օժտէ,  աշխարհընկալումի նոր հայեացք մը կը բանայ, յստակ կը զատորոշուի էականի ու անկարեւորի, յաւերժականի ու անցողիկի զգացողութիւնդ, քնքշութեամբ կը լեցուիս քեզի նման դիւրաբեկ մարդոց հանդէպ: Այլ խօսքով, թէկուզ եւ ժամանակաւոր, փիլիսոփան կ՛արթննայ մէջդ: Բայց այս` աւելի ուշ, իսկ աղէտի անմիջական պահը իւրաքանչիւր անձ կ՛ընդունի իր նկարագիրը պարզելով:

Այսպէս, երկրորդ անգամն է արդէն, որ նախազգացումիս հետեւելով` հարուածը կ՛ընդունիմ փրկութեան համար աստիճաններուն ապաւինելով, առաստաղիս փլատակին տակ չմնալու համար: Հոս է, որ հեռաւոր հարազատ մը ըսաւ` «Սատանային հետ կը խաղաս»: Իսկ միթէ սատանաներ չե՞ն  այս խաղը խաղցողները…

Երանի՜ թէ կարելիութեանս մէջ ըլլար այս խաղը ընդհատելը կամ թիրախ ըլլալէն դադրիլը…

Ուրիշ ի՞նչ պիտի զգայ մարդը, երբ շուրջը կը կործանի ամէն ինչ: Մի՞թէ այդ վայրկեանը մարդուն երկրագունդի կործանումին զգացողութիւնը չի տար, ի՛ր բաժին երկրագունդին. մի՞թէ աւելին պիտի տեսնէր կամ զգար, եթէ  հզօրները խելացնորէին ու մեծագոյն չարիքը իրագործէին:

Եւ այսպէս` ճարճատիւն, դղրդիւն, շէնքերու միջոցէն գահավիժող քարերու, մետաղաբեկորներու, ապակիի ու փոշիի սիւն, ամէն կողմ նետուող, շուրջս թափող քարեր ու ապակիի բեկորներ, ու ես ճնշումէն անզգալաբար պատին գամուած` քիչ-քիչ կ՛արթննամ… կը փորձեմ ճանչնալ ինքզինքս. կը լսեմ` թա՛խ, թա՛խ, թա՛խ ու ապա կ՛անդրադառնամ, թէ ի՛մ փոքրիկ սիրտս է, որ վանդակէն դուրս նետուիլ կը ջանայ… Շէնքին մէջ մէկը լալագին կը պոռայ. ուրիշ մը իր լեզուով անէծքներ կը տեղայ ինծի անծանօթ հասցէի, զոր կրնամ ենթադրել, մինչ երրորդ մը, զոր կը տեսնեմ բացուած դռնէն, աւելը առած` կը սկսի փութաջանօրէն աւլելու յատակին ցանուած բեկորները… Ահա՛ նկարագիրներ:

Ե՞ս… վայրկեաններ պէտք է անցնին, որպէսզի անդրադառնամ, թէ հրթիռ ինկաւ այս շէնքին վրայ, ու ես վերջին յարկին մէջ տուն ունիմ… «Տո՜ւնս…» կը նուամ ու դողդոջ, կթոտող ոտքերով կ՛ելլեմ` դառնալու համար աւերակի թագուհին…

Ապա պիտի յայտնուին ՀՄԸՄ-ի մտահոգ տղաքը` օգնութեան պատրաստ, ապա պիտի հնչեն հեռաձայնները, ու ցնցումէն կիսացնոր պիտի վազես այս ու այն կողմ, լսելու` «Փա՜ռք Աստուծոյ, դուն բան մը չունիս…» ու` «Հոգի՛դ ողջ ըլլայ…»: Ու պէտք է նաեւ հանգստացնես բարեկամներդ` «Այո՜, բան մը չունի՜մ, ո՜ղջ է հոգիս»: Եւ մի՞թէ անիկա մահ ունի. ու սակայն անիկա ծուա՛տ է, բեկուա՛ծ է, ու վհա՛տ…

Ու կամ` երբ ցուրտէն ու ցնցումէն դողահար` հազիւ ոտքի կը կենաս, ոմանք ալ հարցումներ կը տեղան ու մանրամասնե՜ր կ՛ուզեն: Օ՜, բարեկամնե՛ր, իրաւ զգացուած ու համոզուած եմ ձեր ցաւելուն ու մտահոգութեան (Աստուած չընէ, որ նման պարագայի մնաս միայնակ), բայց հոգեկան հարուածի տակ գտնուողին հարցերով ծանրաբեռնելը տեղին չէ, քանի որ ան անկարո՜ղ է նոյնիսկ մարդու պէս միտքերը ժողվել ու բերանը բանալ պատասխանելու…  Ներողամի՛տ եղէք…

Ու նաեւ մարդկային հոգեբանական նոր շերտեր պիտի ճանչնաս, երբ ծանօթներ զքեզ մխիթարելու համար իրենց ալ տուներու մէջ պատահածը կը պատմեն, կարծես մրցումի մտնէին, թէ որո՛ւ աղէտը մեծ էր…

Ապա պիտի յաջորդէ Միտքին իշխանութիւնը: Իրողութիւնը ընդունած ու անկարողութեանդ մէջ, իբրեւ ինքնապաշտպանութիւն, պիտի դառնաս անտարբեր տունիդ մէջ իշխող քաոսին, քար ու աղբի շեղջերուն տակ ծածկուած կահոյքին վրայ տեղացող անձրեւին, ցուրտին ու աղտոտութեան մէջ անյայտ ժամանակով մնալուդ հանդէպ ու պիտի ըսես վերջապէս` «Փա՛ռք Աստուծոյ, ողջ եմ, ի՛նչ կ՛ուզէ թո՛ղ ըլլայ…»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>