Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13205

Դեռ Երկար Է Ճանապարհը Մինչեւ Մամուլի Անկախութիւնը

$
0
0

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
«Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայ մամուլի համահայկական համաժողովը, Անթիլիասի մէջ, Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն համախմբեց զանազան քաղաքական հոսանքներու պատկանող մամուլի շուրջ հարիւր գործիչներ: Արամ Ա. վեհափառը 2019 տարին հռչակած էր Մամուլի տարի` ընդգծելու համար հայ մամուլին եւ անոր գործիչներուն կարեւոր դերակատարութիւնը համազգային զարթօնքին մէջ, ինչպէս նաեւ` անոր հանդէպ հոգատար վերաբերում ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը:

Բովանդակային առումով, հիմնական երեք խնդիրներ քննարկուեցան: Առաջին` լրասփիւռներուն մէջ տեղ գտած նիւթերու բովանդակութիւնը, երկրորդ` լրասփիւռներու տնտեսական անկախութեան հարցը եւ երրորդ` տեղեկատուական ցանց ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Քննութեան ենթակայ` շատ լայնածիր բովանդակութիւն մը, որուն առաջինը բնականաբար առիթ տուաւ բուռն քննարկումներու` ըստ մասնակցողներուն քաղաքական թեքումին կամ գաղափարական մօտեցումին: Երկրորդ եւ երրորդ կէտերը, որոնք կը վերաբերէին լրասփիւռներու անկախութեան համակարգային հարցերուն, տակաւին շատ խոր քննարկումներու եւ լուրջ վերաբերումի կը կարօտին:

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ հայկական լրասփռումը եղած է լուռ եւ սակայն`  անպաշտօն գործակցութեան մեծագոյն բնագաւառը, յատկապէս` երկրաշարժի, ղարաբաղեան շարժումի ու անկախութեան առաջին օրերէն սկսեալ: Լուրերը շրջագայած են  թերթէ թերթ, լրասփիւռէ լրասփիւռ եւ հետագային` կայքէ կայք, առանց պայմանագիրի, առանց սահմանի, լռելեայն համաձայնութեամբ, կազմելով անպաշտօն ցանց մը:

Խորհրդային շրջանին տեղեկատուութիւնը սահմանափակ էր: Անկախութիւնը ազատագրեց տեղեկատուական դաշտը: Համացանցը բացաւ տեղեկատուական փոխանակումի նոր մայրուղիներ: 2000-ականներէն սկսեալ կազմակերպուեցան լրագրողներու կամ մամուլի համահայկական ինը համաժողովներ, թերեւս, քանակային առումով, մասնագիտական համաժողովներուն մէջ ամէնէն շատը եւ ամէնէն հետեւողականը: Աւելի` քան Հայաստան-սփիւռք համահայկական համաժողովներունը:

Այս բոլորով հանդերձ, լրագրողներու, խմբագիրներու եւ լրասփիւռներու համայնքը անկարող է դեռ առանձին ոտքի կանգնելու եւ կազմակերպելու իր համաժողովները: Պատճառները շատ են: Առաջինը, մինչեւ անցեալ տարի, Հայաստանի նախկին կառավարութեան կողմէ լրատու միջոցներու վրայ հսկողութիւն բանեցնելու միտումն էր. երեւոյթ մը, որ սկիզբ առաւ սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրումով, որ ձեռք առաւ լրագրողներու համահայկական համաժողովի կազմակերպումը, որոնցմէ բացակայ եղան Հայաստանի ընդդիմադիր գրեթէ բոլոր լրասփիւռները եւ լրագրողները: Երկրորդը լրասփիւռներու սեփականատէրերէն շատերուն անտարբերութիւնն էր: Նորակազմ Հայկական լրատու միջոցներու ընկերակցութիւնը 2008-էն սկսեալ, գործակցելէ ետք սփիւռքի նախարարութեան հետ, անգործութեան մատնուեցաւ: Երրորդը` անտարբերութիւնը լրագրողներու, որոնք մեծ ակնկալութիւններ չունին համաժողովներէ, ոչ ալ` Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութենէն, որ խորհրդային շրջանէն մնացած կառոյց մըն է, կը կարօտի վերագործարկումի եւ արդիականացումի, որպէսզի անվերապահ կերպով պաշտպանէ հայ լրագրողներու իրաւունքները` կառավարական ոտնձգութիւններու եւ լրասփիւռներու սեփականատէրերուն դիմաց:

Ներկայ իշխանութեան օրօք լրատուական դաշտը անողոք վիճակի մէջ է: Դերերը փոխուած են, նախկին իշխանութիւնը այսօր դարձած է ընդդիմադիր եւ չունենալով խորհրդարանական իշխանութիւն` լռասփիւռային իր ամբողջ կարողութիւնը ի գործ կ՛ածէ քննադատելու համար կառավարութեան գործունէութիւնը: Սփիւռքի նախարարութեան վերացումով, թէեւ կառավարութիւնը յանձն չառաւ հայկական մամուլի համաժողովի կազմակերպումը, ինչ որ դրական երեւոյթ է, բայց եւ այնպէս նոր իշխանութիւնը տակաւին յստակ քաղաքականութիւն չունի լրատու միջոցներու անկախութեան եւ ինքնակազմակերպման համակարգային մօտեցում ցուցաբերելու առումով: Կը պայքարի «ընդդիմադիր» կոչուած լրատու միջոցներու դէմ: Իսկ վարչապետին տիկինը դեռ կը մնայ «Հայկական Ժամանակ»-ի խմբագրապետուհի, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ մամուլի անկախութիւնն ու խօսքի ազատութիւնը բոլորովին չեն սահմանազատուած իշխանութեան լծակներէն: Եւ այս երեւոյթը շատ չ՛անհանգստացներ մեր գործընկերներուն մեծամասնութիւնը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13205

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>