Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Գնահատենք Աշխատանքը

$
0
0

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Հայ դատի յանձնախումբերու պատասխանատուները այս օրերուն արդարօրէն պէտք է տեսնեն ամերիկահայութեան զօրակցութեան դրսեւորումներ` նիւթական յաւելեալ աջակցութեան կամ հրապարակային խրախուսանքի այլ ձեւերով:

Աշխատանքը, անշուշտ, պայմանաւորուած չէ գնահատականի ակնկալիքներով: Գործին հաւատացող Հայ դատի նուիրեալները, մեր թաղերէն սկսեալ մինչեւ Ուաշինկթըն, կ՛աշխատին, կը պայքարին` յանուն Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան շահերու պաշտպանութեան: Կը պայքարին` իրենց տրամադրուած նիւթական հնարաւորութիւններու անբաւարարութիւնը յաւելեալ անձնական զոհաբերութիւններով յաղթահարելով: Կը պայքարին` վստահելով, որ իրենց աշխատանքին արդիւնաւորումը պիտի գնահատուի յաւելեալ հնարաւորութիւններու հոսքով` դէպի նոր ծրագիրներ:

Արդա՞ր է այդ ակնկալութիւնը: Կրնա՞յ ըլլալ, որ այս անգամ չսպասենք, որ պատկան մարմինները, Հայ դատի պատասխանատուները, գործավարները իրե՛նք դիմեն ու մեզի յուշեն, որ նուիրատուութիւն կատարելով` զօրակցութիւն ցուցաբերենք իրենց: Պարզ հաշուով, ահագին ճիգ ու ժամանակ պէտք է խնայել տան պատասխանատուներուն եւ գործավարներուն` մեր կողմէ ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով, որոնց շնորհիւ ընդհանուր գործն է, որ պիտի շահի, Հայաստանն ու Արցախն է, որ պիտի շահին:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ արձանագրուած երկու յաղթանակները մեր երիտասարդ գործիչներուն համար ոգեւորող իրադարձութիւններ եղան եւ, նոր գործիչներ ներգրաւելու ազդակներ:

Եկէ՛ք, առանց գերագնահատելու, բայց նաեւ` առանց թերագնահատելու այս իրագործումները, ձեռք-ձեռքի տուած` աշխատինք եւ աւելի մեծ մարտահրաւէրներ յաջողութեամբ պսակելու նախապայմաններ ստեղծենք ու այդպիսով ցարդ անհաւանական նկատուող ձեռքբերումներ ապահովենք Ուաշինկթնի մէջ, ամերիկեան քաղաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ մեր ներկայութիւնը շօշափելիօրէն ընդլայնենք:

Վարձքերնիդ կատա՛ր, Հայ դատի տղաներ ու աղջիկներ: Մենք ձեր կողքին ենք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>