Հայկական «Ադամեան» ապրանքանիշի պատկերասփիւռներու առաջին խմբաքանակն արդէն պատրաստ է, այն քանի մը օրերու ընթացքին կը ներկայանայ սպառողներուն: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին Արմաւիրի մարզի Մերձաւան գիւղին մէջ գտնուող գործարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ «Ինթերնեշընլ մանուֆաքչրինկ կրուփ» ընկերութեան տնօրէն Ռամի Ճուտին:
«Այժմ օրական կը հաւաքենք մօտ 100-150 հատ պատկերասփիւռներ: Մօտ օրերս ատոնք կրնաք գտնել Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին մէջ գործող մեծ մասնագիտացուած խանութ սրահներու մէջ», ըսաւ Ռամի Ճուտին:
Ընկերութեան տնօրէնը նշեց, որ թէեւ գործարանին բացումը տեղի ունեցած էր 2018 դեկտեմբեր 5-ին, սակայն իրենք արտադրութիւնը կրցած են սկսիլ միայն մայիսին, քանի որ կը սպասէին կառավարութեան կողմէ ներմուծման մաքսային արտօնութեան տրամադրման:
«Մենք կը սպասէինք կառավարութեան կողմէ մաքսային արտօնութեան տրամադրման, որովհետեւ այն գինը, որ մենք խոստացած էինք վաճառքի համար, չէինք կրնար սահմանել, եթէ նաեւ մաքսային տուրք վճարէինք: Արտօնութիւնը կառավարութիւնը մեզի տրամադրեց ապրիլին», նշեց տնօրէնը:
«Ինթերնեշընլ մանուֆաքչրինկ կրուփ» ՓԲԸ-ի հնգամեայ ներդրումային ծրագիրը բաղկացած է 3 փուլէ: Այժմ գործարանին մէջ պատկերասփիւռներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ սարքաւորումները կը ներկրուին, որմէ ետք ատոնք կը հաւաքուին Հայաստանի մէջ: Մէկ ու կէս ամիս անց ընկերութիւնը կը ծրագրէ գործարկել նաեւ երկրորդ հոսքը, որուն շնորհիւ կը սահմանուի 2000 օդորակիչ (AC) եւ 3000 պատկերասփիւռ: Երկրորդ հոսքի գործարկման շնորհիւ ընկերութեան մէջ կը ստեղծուի եւս 30 աշխատատեղ: Հայկական արտադրութեան լուացքի մեքենաները, սառնարանները եւ օդորակիչները սպառողին կը ներկայանան «ԱՅՈ» (AIO) ապրանքանիշի ներքոյ:
«Ծրագիրի առաջին փուլը պիտի տեւէ 2 տարի: Երկրորդ փուլին մէջ կենցաղային սարքաւորումներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ մօտ 20% բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու արտադրութիւնն ու վերջնական կենցաղային սարքաւորումներու հաւաքումը պիտի իրականացուի այստեղ, 80% բաղկացուցիչ մասերը պիտի ներմուծուին: Այս փուլէն սկսած` կենցաղային սարքաւորումներու ծրագրային ապահովման բոլոր աշխատանքները նոյնպէս կ’իրականացուին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Փուլի տեւողութիւնը եւս 2 տարի է: Երրորդ փուլին մէջ կենցաղային սարքաւորումներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ մօտ 60% բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու արտադրութիւնն ու վերջնական կենցաղային սարքաւորումներու հաւաքումն արդէն կ’իրականացուի Հայաստանի մէջ, իսկ բաղկացուցիչ մասերու 40%-ը կը ներմուծուի: Այս փուլի տեւողութիւնը 1 տարի է», ըսաւ Ճուտին:
«Ինթերնեշընլ մանուֆաքչրինկ կրուփ» ՓԲԸ hասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Քնարիկ Առաքէլեան մեզի հետ զրոյցին նշեց, որ ընկերութիւնը կը պատրաստուի նաեւ արտահանել հայկական կենցաղային սարքերը, սակայն այդ հարցով կ՛ակնկալեն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աջակցութիւնը:
«Մենք այժմ աշխուժ բանակցութիւններ կը վարենք արտադրանքը դէպի ԵԱՏՄ երկիրներ, մասնաւորապէս` Ռուսիա արտահանելու ուղղութեամբ, եւ այս գործընթացին կ՛ակնկալենք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աջակցութիւնը», ըսաւ Առաքէլեան:
Գործարանին մէջ այժմ ստեղծուած է 13 աշխատատեղ` միջին 200 հազար դրամ աշխատավարձով: Գործարանի ամբողջական գործարկման պարագային կը ստեղծուի 60-70 աշխատատեղ` 200,000 դրամ միջին աշխատավարձով եւ տարեկան կ’արտադրուի 126 հազար միաւոր կենցաղային սարքաւորում: Մինչեւ օրս սահմանուած է 190 պատկերասփիւռ: Առաջին խմբաքանակին կը նախատեսուի 1200 պատկերասփիւռ:
«Ինթերնեշընլ մանուֆաքչրինկ կրուփ» ընկերութիւնը հայ-լիբանանեան-սուրիական համատեղ ներդրումային ծրագիր է: