Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Լեզուի Կոմիտէն Պիտի Ունենայ Համացանցի Պաշտօնական Կայք

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Լեզուի պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանը յայտարարեց, որ շուտով գործելու պիտի սկսի Լեզուի կոմիտէի պաշտօնական կայքը` langcom.am-ը, որ պիտի ծառայէ իբրեւ կոմիտէի պաշտօնական լրատու եւ լեզուական հարթակ` յագեցած զանազան տեսակի նիւթերով, նոյնիսկ` խաղերով:

Ամփոփելով առաջին կիսամեակի աշխատանքը` Դաւիթ Գիւրջինեանը ըսաւ. «Ստեղծուած է կոմիտէի տարբերանշանը, մշակուած են գունային լուծումներ, անոնց հիման վրայ կազմուած են Լեզուի կոմիտէի պաշտօնական ձեւաթուղթերն ու այցեքարտերը: Աշխուժ խմբական աշխատանք կատարուած է թուային տիրոյթին մէջ: Կոմիտէի Դիմատետրի էջին վրայ մէկ տարուան ընթացքին կատարուած է աւելի քան 700 գրառում, պատասխան ուղարկուած է օգտատէրերէն ստացուած հարիւրաւոր նամակներու: Էջի հետեւորդներուն թիւը կը մօտենայ 22 հազարի: Լրատուամիջոցներուն, տեղական ինքնակառավարման եւ պետական մարմիններուն ուղարկուած է երկու տասնեակէ աւելի յորդորակ: Մեր յորդորակները արդէն յայտնի եւ ճանաչելի են, մարդիկ կը սպասեն: Անոնք կ՛ուղարկուին հարիւրաւոր հասցէներով: Յորդորակներով կ՛անդրադառնանք լեզուական հարցերուն եւ անոնց վրայ կը սեւեռենք հանրութեան տարբեր շերտերուն ուշադրութիւնը»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հիմնականին մէջ ո՛ր ոլորտներուն մէջ աւելի յաճախ լեզուական հարցեր կ՛ ըլլան, Դաւիթ Գիւրջինեանը առանձնացուց պատկերասփիւռի կայանները, հաղորդումները, ժապաւէնները, նոյնիսկ` լուրերը: «Մեր աշխատակիցները կը հետեւին եթերին եւ ամփոփագրեր կ՛ուղարկեն լրատուամիջոցներուն: Արձագանգը միշտ կ՛ըլլայ դրական եւ շնորհակալական, թէ որքանո՛վ արդիւնք կու տայ, արդէն այդ հարց է: Երբեմն կը տպագրեն, կը հաղորդեն յորդորակը, եւ յաջորդ անգամ կը տեսնենք նոյն սխալը», յայտնեց Լեզուի կոմիտէի նախագահը:

Անդրադառնալով պաշտօնեաներուն գործածած լեզուին` Դաւիթ Գիւրջինեանը նշեց, որ անոնք լաւ գիտեն հայերէն: «Կան տեսակէտներ, որ այդ խօսքը պէտք է ըլլայ կանոններու խիստ համապատասխան, մէկ մասն ալ կը կարծէ, որ ժամանակները փոխուած են, լեզուն նոյնպէս կը փոխուի: Իմ մօտեցումս ո՛չ մէկուն կողմն է, ո՛չ միւսին, պէտք է ամէն ինչի մասին տեղեկանալ: Եթէ պաշտօնական, կառավարական եթերի վրայ է եւ նոյնանման տեղեր, ապա, այո՛, խօսքը պէտք է ըլլայ կանոններու համահունչ: Եթէ մէկը իր անձնական տիրոյթին` ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կը կատարէ, ապա այդ մէկը անձնական կարծիք է: Այստեղ վերահսկելիութեան չափը, մօտեցումը պէտք է տարբեր ըլլայ», եզրափակեց Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>