Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ելոյթէն Ետք

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Համազգայինի «Գայեանէ»-ի տարեկան ելոյթէն ետք երբ վերադարձայ տուն, հոգեպէս բաւարարուած էի ելոյթին պատրաստութեամբ, տարազներով, երաժշտութեամբ, թեմայով, քորեկրաֆիով եւ աշակերտներու թիւով:

Զգացումներս զիս տարին տարիներ առաջ, եւ սկսայ մտաբերել Գրիգոր Շահինեանը, Կարինէ Ալեքսանտրեանը եւ Ֆելիքս Յարութիւնեանը, որոնք հաւատացողներն էին «Գայեանէ» դպրոցի առաքելութեան, որոնք հիմնադիրները եւ տեսիլք ունեցողները հանդիսացան:

Փաստօրէն իւրաքանչիւր աշխատանքի հիմը եթէ լաւ դրուի, յաջորդական սերունդներ այդ գործը կրնան շարունակել` անշուշտ հաւատարիմ մնալով  հիմնադիրներուն սկզբունքին:

Մեր շուրջը դիտենք պահ մը: Տեսիլք ունեցող կառոյցները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:

Անկախ այն իրողութենէն, որ վարչութիւն մը կը հաւնինք, ուրիշ մը` ո՛չ: Խումբ մը կարող կ՛ըլլայ, ուրիշներ անփորձ: Մէկ բանի պէտք է համոզուինք, որ գործը կը շարունակուի: Ինչպէ՞ս կը շարունակուի, ո՞ւր կը հասնի եւ ինչպէ՞ս կ՛աւարտէ` ժամանակը ցոյց կու տայ:

Վերադառնալով «Գայեանէ»-ի ելոյթին, Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններու հսկողութեամբ կատարուած ելոյթը շնորհակալ գործ մըն է, նախ այն իմաստով, որ հայրենի արուեստագէտները մեր պայմաններուն համապատասխան կրցած էին բոլոր ճաշակները գոհացնող եւ բոլոր աշակերտները բեմ հանելու յարմարութեամբ օժտուած ելոյթ մը իրականացնել: Ինչպէս նաեւ Նայիրի Ալեքսանտրեանի բծախնդիր աշխատանքը ակնյայտ էր եւ կը յիշեցնէր Կարինէ Ալեքսանտրեանի գոյնի, մանրամասնութեան եւ ճաշակի ոճը:

Աշակերտներու թիւը քաջալերական էր այն իմաստով, որ, հակառակ տնտեսական եւ կեանքի դժուարութիւններուն, մեր ծնողները կրցած էին իրենց զաւակները արտադպրոցական օգտակար նախաձեռնութեան մը մղել: Քուլիսներու ետին կամաւոր աշխատողներու խումբը դարձեալ շնորհակալ գործ տարած էին:

Կը մնար սրահը լեցնել:

Վարչութիւնը կամ խնամակալութիւնը չէր կրցած ձեւը գտնել սրահը լեցնելու: Սակերը հաւանաբար աւելի մատչելի ընելու անհրաժեշտութիւնը կը զգացուէր: Հրաւէրներու հետապնդումը եւ յարաբերական այլ աշխատանքներու պակասը զգալի էր:

Սակայն ընդհանրապէս ելոյթը գնահատելի էր եւ քաջալերական: Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>