Ծառայասէր ՀՄԸՄ-ական մը եւս կը կորսնցնենք այսօր:
Մահուան ահաւորութիւնը կը զգանք ու այս դառն իրականութեան դէմ յանդիման կը կանգնինք այն պահուն, երբ մեր մօտիկներէն ու հարազատներէն մէկը յանկարծ անվերադարձ կը մեկնի առյաւէտ` սուգի մատնելով իր շրջապատը:
Այսպէս, անակնկալ ու ցնցիչ եղաւ նաեւ Վրէժ Թազեանի մահուան բօթը: Անոր անհաւատալի մեկնումով կը կորսնցնենք ազնիւ հայորդի մը, ընտանիքի բարի հայր մը, յոգնութիւն չճանչցող եւ իր սկզբունքներուն ու համոզումներուն կառչած յամառ միութենական մը:
Վրէժ Թազեան` իբրեւ խոնարհ զինուոր մը իր միութեան, հաւատաց ՀՄԸՄ-ին, դարձաւ միութենական եւ իբրեւ խոնարհ ծառան այդ միութեան` գործեց ՀՄԸՄ-ին համար:
Յաճախելով ՀՄԸՄ կոչուող կառոյցին բոլոր դասարանները, եղբ. Վրէժ եղած է գայլիկ, սկաուտ, պասքեթպոլի փայլուն մարզիկ, ՀՄԸՄ Այնճարի պասքեթպոլի տղոց եւ աղջկանց խումբերու մարզիչ, ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի վարչական, գործած է Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերու մէջ եւ ապա ընտրուած է Շրջանային վարչութեան անդամ ու երկար տարիներ եղած է ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի ներկայացուցիչ:
Բոլորս կը վկայենք Վրէժ Թազեանի` ազգասիրութիւնը, ծառայասիրութիւնը, ՀՄԸՄ-ին նուիրուածութեան ոգին ու անոր մարդկային արժանիքները, որոնք, կամայ թէ ակամայ, յարգանք ու սէր կը պարտադրէին իր անձին հանդէպ:
Անկարելի էր, որ ան բացակայէր` ընկերային թէ մարզական հաւաքներէ, ազգային ձեռնարկներէ, տօնական հանդիսութիւններէն եւ իրեն համար կարեւորագոյնը նկատուող` մայիսեան տողանցքներէն:
Աւա՜ղ:
Բացակայութիւն մը, որ սովորական չէր մեզի, ատիկա նկատեցինք կիրակի, 26 մայիսին տեղի ունեցած աւանդական փառատօնին, որմէ ակամայ բացակայած էր Վրէժ Թազեան` հիւանդութեան պատճառով:
Հասակ առած է Այնճար հայաւանին մէջ, յաճախած է Ազգային Յառաջ վարժարանը, ամուսնանալով նմանապէս ՀՄԸՄ-ական քոյր Մարօ Գազանճեանին հետ` կազմած է հայ աւանդութիւններու հաւատարիմ ընտանիք, եւ իրենց զաւակները դաստիարակուած ու թրծուած են իրենց ծնողքին հայաշունչ կրթութեամբ:
Սիրելի՛ եղբ. Վրէժ,
Այս լուռ եւ անակնկալ մեկնումդ խոր վիշտ պատճառեց ընտանեկան պարագաներուդ, հարազատներուդ, շրջապատիդ եւ քու սիրած միութեանդ` ՀՄԸՄ Լիբանանի ամբողջ ընտանիքին ընդհանրապէս ու ՀՄԸՄ Այնճարին` մասնաւորաբար:
Դեռ շատ կանուխ էր:
Առնելիք եւ տալիք ունէիր կեանքին:
Սէր եւ գուրգուրանք ունէիր տալիք ընտանիքիդ, զաւակներուդ ու թոռներուդ:
Ուրախութեան պահեր ունէիր առնելիք անոնցմէ:
Տակաւին տալիք ունէիր միութեանդ:
Սակայն… սակայն մահն ու ճակատագիրը ժամ չէին ճշդած քեզի, դաժան են անոնք, հզօր, ահաւոր ու անխիղճ:
Սա պահուն մեր աչքին առջեւ արագ-արագ կը տողանցեն պատկերներ, միասին ապրած միութենական պահեր` ժողովական կեանք, տողանցք, յաղթանակի ուրախութիւն եւ պարտութեան տխրութեան պահեր, խրախճանքներ, ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքեր… Պատկերներ, որոնք արագօրէն իրարու կը յաջորդեն մեր յիշողութեան պաստառին վրայ ու կը դառնան յուշ ու անմոռանալի յիշատակներ:
Վրէժ Թազեանի նման հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականներու արժանիքները թող վարակիչ ըլլան եւ օրինակելի թարմութիւն պահեն իրերայաջորդ սերունդներու մօտ:
Այս տխուր առիթով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերու անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր կողակիցին քոյր Մարոյին, իր զաւակներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի առաջարկով եւ Շրջանային վարչութեան որոշումով յետմահու կը պարգեւատրենք Վրէժ Թազեանը` ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանով:
Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ եղբ. Վրէժ:
Յարգա՛նք յիշատակիդ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:
ՀՄԸՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
* Դամբանական` արտասանուած յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին: