Յունիս 10-13 Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը հիւրախաղերով ներկայացաւ հայաստանեան հանդիսատեսին` ամերիկացի թատերագիր Նիլ Սայմընի «Տը կուտ տաքթըր» կատակերգութեամբ, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ:
«Տը կուտ տաքթըր»-ը ներկայացուեցաւ Գիւմրիի (Վ. Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոն), Վանաձորի (Յովհ. Աբելեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոն) եւ Երեւանի մէջ (Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոն):
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը շատ կարեւոր կը նկատէ հայաստանեան թատերախումբերու հետ համագործակցութիւնը` վստահ ըլլալով, որ այսօրինակ կապերու ձեւաւորումը աշխուժութիւն կը մտցնէ եւ նորանոր նախաձեռնութիւններու հիմք կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ սփիւռքի թատերախումբերու միջեւ:
Այս գործակցութեան նպատակն է, առիթ տալ հայաստանեան խումբերու սփիւռքի մէջ իրենց տաղանդը բացայայտելու. հարկ է, որ սփիւռքի գաղութները հայրենի թատերական խումբերուն համար թատերական շուկայ ստեղծեն, որպէսզի անոնց թէ՛ տնտեսական, թէ՛ մշակութային հնարաւորութիւնները զարգանան:
Բնական է, որ այս փոխադարձ գործակցութեամբ լիբանանահայ թատրոնը եւ հանդիսատեսը հարստանան որակաւոր ու այլ ճաշակի թատրոններ դիտելով եւ իրենց թատերական հանդիսատեսի մակարդակը բարձրացնելով: Այս երեւոյթը կը նպաստէ նաեւ հայրենի եւ լիբանանահայ դերասաններու բարեկամական կապերու ստեղծման:
Թատերական համագործակցութեան զարկ տալու համար «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հայաստանեան ելոյթներուն ընթացքին դերով բեմ բարձրացաւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնի տնօրէն Արման Նաւասարդեանը:
«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան, կարեւոր նկատելով հայաստանեան թատերախումբերու հետ համագործակցութեան ընդլայնումը, յոյս յայտնեց, որ հետագային համագործակցութեան շրջանակը կ՛ընդլայնի` ներառելով հայաստանեան միւս առաջատար թատրոնները նոյնպէս: Ըստ անոր, պէտք է բարձրաձայնել, որ Հայաստանի երեք թատրոններն ալ իրենց դերասանական կազմերով եւ վարչական պատասխանատուներով մեծ հոգատարութիւն ցուցաբերած են «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին նկատմամբ: Շնորհիւ հիւրախաղերուն` հայրենի հանդիսատեսին համար արդէն ծանօթ անուն է Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին անունը: Մարտիկ Տեմիրճեանը «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «հայաստանեան բոլոր լրատու աղբիւրներուն եւ հեռատեսիլի կայաններուն, որոնք օրը օրին հետեւեցան Համազգայինի «Գ. Իփէկեան»-ի ներկայացումներուն. ըստ անոր, աւելի խիստ հանդիսատեսին դիմաց ներկայացում տալը կը մղէ աւելի լաւ կատարել աշխատանքը: «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը սիրողական թատրոն է, բայց թատրոն դիտողները եւ յատկապէս գիւմրեցի հանդիսատեսը այտայայտուած են, որ սիրողականի մակարդակը արդէն նուաճուած է:
Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Երեւանի մէջ թատերախումբին յանձնուեցան պատուոյ գիրեր, շնորհակալագիրներ` ի նշան սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի զարգացման եւ հայապահպանութեան գործին մէջ խումբին ունեցած մեծ աւանդի համար: Երեւանի մէջ ներկայացման ներկայ եղած է նաեւ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը, որուն շնորհակալ է «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը:
Հայաստանեան ներկայացումները ամէնուր ընդունուեցան մեծ խանդավառութեամբ` արժանանալով հանդիսականներու բարձր գնահատականին:
Երեւանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերին հրաւէրով, թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը եւ վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանը հանդիպում մը ունեցած են անոր հետ: Դեսպանը մեծ ուրախութեամբ ընդունած եւ յարգանք ցուցաբերած է անոնց հանդէպ` որպէս լիբանանցի քաղաքացիներու: Ան քաջալերած է «Գ. Իփէկեան»-ի ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ եւ` ապագայի հեռանկարով գործակցութեան առիթներ ստեղծելու մասին խօսած: