Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Ապրուստի Պայմանները 1918-1920 Տարիներուն Ա.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ապրուստի դաժան պայմաններուն մասին ուղղակի եւ անուղղակի անդրադարձ կատարուեցաւ այս յօդուածաշարքին ընթացքին` սով, համաճարակներ` բծաւոր տիֆ, մալարիա, քոլերա եւ այլն, որոնց պատճառով 1918-ի աշունէն մինչեւ 1919-ի գարուն` մահացաւ աւելի քան 150 հազար մարդ: Առաւել եւս, կային 45 հազարէ աւելի որբեր, հարիւրհազարաւոր գաղթականներ (6 դեկտեմբեր 1918-ին` 350 հազար (1))` Արեւմտահայաստանէն եւ պատերազմի գօտիներէն, անգործութիւն եւ մնայո՛ւն պատերազմական վիճակ, արտաքին եւ ներքին թշնամիներ եւ դաւաճանութիւն: Ինչպէս բնութագրուած է` կատարեա՛լ քաոսային վիճակ, որ սակայն անձնուրաց ղեկավարութեան գերմարդկային ճիգով, պողպատեայ կամքով եւ ժրաջան աշխատանքով մէկ տարի ետք արդէն կացութիւնը բարելաւուած էր:

Արշակ Ջամալեանի յօդուածէն ցաւալի հատուած մը, «Հայրենիք», յունիս 1924

Ստորեւ կը ներկայացնեմ Արշակ Ջամալեանի, Ռուբէն Տէր Մինասեանի եւ Սիմոն Վրացեանի կողմէ այս վիճակը պատմող վկայութիւններէն հատուածներ` արեւմտահայերէն եւ ամփոփ:

Արշակ Ջամալեան (Իսահակեան), 1882-1940, ՀՅԴ անդամ, 1918-ին` Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, 1919-ին` Հայաստանի խորհրդարանի անդամ, զինահաւաքի արտակարգ կոմիսար, 1920-ին` Հաղորդակցութեան եւ ճանապարհներու նախարար. կը գրէ (2). «…Կարծէք այս բոլոր դժուարութիւնները քիչ էին մեր պետական աշխատանքները կասեցնելու կամ խանգարելու համար, ու ահա եղածին վրայ աւելցան ահռելի մարդկային աղէտներ` բծաւոր տիֆի համաճարակ եւ սով, որոնց ուրուականները կը նշմարուէին 1918-ի վերջերուն եւ 1919-ի գարնան իրենց ամբողջ սարսափով մեր առջեւ ցցուեցան:

Բոկոտն, ցնցոտիներով որբեր` Երեւանի մէջ, 1919-ին եւ 350 հազար գաղթականներուն գտնուած վայրերը` 6 դեկտեմբեր 1918-ին:

«…Երեւանի մէջ կը պատահէին օրեր, երբ մեռնողներուն թիւը քանի մը հարիւրէն աւելի կ՛ըլլար: … Զինուորական նուագախումբին մահերգը չէր դադրեր Աստաֆեան (Աբովեան*) փողոցին վրայ, քանի որ ան կ՛ուղեկցէր «կարեւոր մեռելներուն» մինչեւ փողոցին ծայրը միայն` բոլորի՛ն հասնելու համար: Կը յիշեմ, որ մէկ օրուան մէջ մենք 9 ընկեր թաղեցինք, որոնց մարմինը պէտք էր կանգնէր Դաշնակցութեան տան առջեւ` դամբանական խօսելու համար: Իսկ քանի՜ քանի՛ հարիւր ընկերներ գացին աննկատ` առանց դամբանականի եւ նուագախումբի…

«Եթէ այսպէս էր դրութիւնը երկրի մայրաքաղաքին մէջ, ուր որոշ չափով հնարաւորութիւն կար մարդոց սնունդ եւ բժշկական օգնութիւն հասցնելու, կարելի է երեւակայել գաւառներուն վիճակը, ուր այդ հնարաւորութիւնը չկար կամ աւելի նուազ չափով կար: Ղարաքիլիսայի մէջ մեր որբերը որբանոցներէն կը փախչէին դաշտերը… արածելո՛ւ համար*: Այս կանաչ բերանով, ուռած փորով, նիհար երեխաները, որոնք ձեռքն անցած բոյսը, առանց մաքրելու համբերութիւնն իսկ ունենալու, կը լափէին… Դիլիջանի, Ջալալօղլիի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ զօրքը կը ստանար գարշելի ճումբ (հողի կոյտ*) մը, որուն մէջ բացի ցորենէն` ամէն ինչ կար, եւ զայն մարսելու համար երկաթեայ ստամոքս պէտք էր: Զօրքը նաեւ իր անօթութիւնը կը յագեցնէր դաշտերուն մէջ արածելով*: Զինուորական հիւանդանոցները բերնէ բերան լեցուն էին, եւ հիւանդապահները աւելի դիակներ կրելով կը զբաղէին, քան` հիւանդները խնամելով: Եւ ինչո՞վ խնամէին…

Դրական հատուած մը` Արշակ Ջամալեանի յօդուածէն, «Հայրենիք», յունիս 1924

«Գալով մեր դրական վերաշինական աշխատանքին` անոնք կեդրոնացած էին հաղորդակցութեան, տնտեսութեան եւ կրթութեան վրայ` երկաթուղիի կայարանները, փոստ-հեռագրատուները, արհեստանոց-գործարանները եւ դպրոցները: 18-20 ամսուան ընթացքին այս աւերակ եւ կիսաւեր հաստատութիւնները գործածելի դարձան, երկրին զանազան մասերուն հետ հաղորդակցութիւնը կանոնաւորուեցաւ, նորէն լսուեցան մուրճի եւ սղոցի ձայները, եւ մեր տարրական ու միջնակարգ դպրոցներուն թիւը հասաւ աննախընթաց չափերու:

«1919-ի աշունէն 1920-ի աշուն մեր երկիրը ապրեցաւ տնտեսական վերածնունդի հոյակապ շրջան մը: Շնորհիւ տնտեսական եւ երկրագործական նախարարութիւններուն` սերմնացուի հայթայթում, դրամական օժանդակութիւն, անհատական եւ համայնական նախաձեռնութիւններու խրախուսում եւ այլն, կարելի է ըսել, որ մեր երկրին մէջ չցանուած արտ չմնաց*, բանջարաբուծութիւնը հսկայական զարկ ստացաւ, եւ այգեգործութիւնը վերակենդանացաւ:

«Հողագործութեան զուգահեռ, աւելի նուազ թափով զարգացաւ արհեստագործութիւնը, որուն մղիչ ուժերն էին ո՛չ միայն պետական վարչութիւնները` խնամատարութեան նախարարութեան աշխատանքի բաժանմունք, հաղորդակցութեան նախարարութիւն եւ զինուորական նախարարութիւն, այլ նաեւ` համայնական հաստատութիւնները:

Մանարանոց մը

Դերձակատուն մը

«Սարիղամիշի եւ Դիլիջանի սղոցարանները տախտակ ու փայտ կը հայթայթէին: Խնամատարութեան նախարարութեան ատաղձագործարանները կահ-կարասի կը մատակարարէին պետական-հասարակական հաստատութիւններուն, իսկ ջուլհականոցները հարիւրաւոր աղքատ կիներու աշխատանք տալով` մեր երկրին բամպակը կ՛օգտագործէին որբերուն եւ գաղթականներուն մերկութիւնը ծածկելու համար: Զինուորական նախարարութեան փամփուշտի գործարանները, հրետանիի եւ հրացաններու նորոգութեան արհեստանոցները, հաղորդակցութեան նախարարութեան մեքենագործ-կառատուները, մթերանոցները, ուր կը նորոգուէին վնասուած ինքնաշարժները, շոգեմեքենաները, վակոնները, հեռագրական գործիքները եւ կը շինուէին աւերուած կայարաններուն փայտեղէն մասերն ու կահաւորումը: Այս բոլորը չտեսնուած եռուզեռ կը ստեղծէին մեր պետական կեանքին մէջ:

«Երեւանի, Ալեքսանտրապոլի եւ այլ վայրերու մէջ համայնական վարչութիւնները աւերակներէն շատերը վերականգնեցին` կօշիկի, մելանի, օճառի եւ փոքր գործարաններու վերածելով զանոնք: Արհեստաւոր դասակարգը, իր կարգին, անձնական նախաձեռնութեամբ, վերսկսաւ աշխատանքի:

«Աւելի մեծ թափով վերսկսաւ նաեւ առեւտուրը: Իտալիայէն, Ամերիկայէն, Պոլիսէն եւ Թիֆլիսէն ապրանքներ ներածուեցան, որոնց երեսը երկա՜ր ժամանակ ժողովուրդը  չէր տեսած: Այդ ապրանքները դէպի քաղաքային շուկաները բերին գիւղատնտեսական արտադրութիւնները` իւղ, պանիր, ձուկ, մսացու եւ այլն, որոնք գիւղացիին համար իբրեւ փոխանակութեան միջոց ծառայեցին, եւ այսպիսով քաղաքներուն պարէնաւորման գործը դիւրացաւ, եւ գիւղացիներուն քով փտող հում նիւթերը` բուրդ, բամպակ, կաշի եւ այլն, շուկայ գտան: Այս երեւոյթը 1919-ի սկիզբը կարելի չէր անգամ երազել, սակայն 1920-ի աշնան իրողութիւն դարձաւ:

«Դուք այլեւս փողոցներուն մէջ որբեր չէիք տեսներ», «Հայրենիք», յունիս 1924

«Սակայն միայն մեր երկրին տնտեսական վիճակը չէ, որ հսկայական բարելաւում արձանագրեց, այլ նաեւ` քաղաքական կեանքը: 1920-ին մեր ժողովուրդը այլեւս մտահոգ չէր, թէ վաղուան օրը ի՛նչ պիտի բերէ` ներքին ապստամբութիւններ կամ հակապետական շարժումներու արհաւիրքներ, քանի որ այդ բոլորը չէզոքացուած կամ զսպուած էին: Մեր երկրի մահմետականները, որոնք չէին ուզեր ճանչնալ հայկական իշխանութիւնը, երկրին սահմաններէն դուրս քշուած էին, իսկ անոնք, որոնք մնացած էին, կ՛ենթարկուէին մեր պետական կարգերուն եւ այլեւս որեւէ վտանգ չէին ներկայացներ: Հեռացած էին նաեւ ռուս պաշտօնեաները, որոնք պոլշեւիզմի գլխաւոր նեցուկն էին, իսկ ռուս գիւղացիները այլեւս չէին համարձակեր նախկին արհամարհական վերաբերմունքը ցոյց տալ մեր պետութեան հանդէպ:

«1920-ի աշնան դուք այլեւս անպատսպար որբեր չէիք տեսներ մեր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, որոնց լացն ու կականը սիրտ կը կտրատէին: Անոնց աղիողորմ ճիչերը փոխարինած էին պոյ-սկաուտներուն կորովի քայլերգը եւ ֆութպոլիստներուն աղմուկն ու քրքջոցը Երեւանի Անգլիական այգիին եւ Ալեքսանդրապոլի Փոլիկոնին (երկրորդ մեծ որբանոցը*) մէջ: Ասոր հետ մէկտեղ` դանակով կտրածի պէս դադրած էր մուրացկանութիւնը: Նախկին մուրացկանները, որոնք իւրաքանչիւր քայլափոխին կը կտրէին մարդոց ճամբան, ցրուած էին Զանգիպասար, Վետիպասար եւ Շարուր` թուրքերուն լքած գիւղերուն մէջ տնտեսութիւն հաստատելու:

«Նոյն ատեն, դադրած էին տարափոխիկ հիւանդութիւնները` բացի մալարիայէն (ջերմատենդ), որ մեր երկրին հին ցաւն է եւ արմատախիլ ընելու համար տասնեակ տարիներու աշխատանքի կը կարօտի: Այն հիւանդանոցները, որոնք 1919-ին բերնէ-բերան լեցուն էին հիւանդներով եւ գլխաւորապէս գերեզմանի ճամբուն կայանի դեր կը կատարէին, միա՛յն 1920-ին կանոնաւոր հիւանդանոցներու վիճակ ստացած էին եւ յաջողութեամբ կը պայքարէին սովորական հիւանդութիւններու դէմ:

«Բեկուած, աշխատանքի ընդունակութիւնը կորսնցուցած, ուրուականի նման շարժող մարդիկը, որոնցմով առաջ լեցուն էր մեր երկիրը, այլեւս քիչ անգամ կը հանդիպէինք: Ամէնուրեք կը զգացուէր ֆիզիքական կազդուրման եւ վերածնունդի թարմ շունչը»:

2 յունիս 2019
Շար. 1

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները իմս:

  1. «Խօսք», Ե. տարի, թիւ 9, 6 դեկտեմբեր 1918, Երեւան, էջ 4:
  2. «Հայրենիք» ամսագիր, Բ. Տարի, թիւ 8, յունիս 1924, Պոսթըն, Ամերիկա, «Յ. Քաջազնունին եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը» Արշակ Ջամալեան էջ 71-77:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>