ՔՐԻՍՏ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Ո՞վ է ղարաբաղցին: Կրնայ ըլլալ, որ շատերը կը կարծեն, թէ ղարաբաղցին այն կոպիտ անձն է, որ կոշտ ոճով մեզի հետ կը յարաբերի: Սակայն այս վարկածը սխա՛լ է, որովհետեւ ղարաբաղցին այդ կերպարը չի ներկայացներ:
Ղարաբաղցին այն բարեսիրտ անձն է, որ ամէն գնով պատրաստ է ուրիշներուն օգտակար դառնալու: Ան ո՛չ ազգի խտրութիւն կը դնէ, ո՛չ ալ սեռի, իրեն համար բաւարար է, որ հայերէն կը խօսիս, հայկական ինքնութիւնդ կը պահես եւ հայկական հարուստ մշակոյթի տէր անձ ես: Ղարաբաղի բնակիչներուն դէմքէն ժպիտը երբեք չի կորսուիր, անոնք կը ստիպեն, որ դիմացինը նաեւ ժպտի:
Բարեսիրտ ըլլալու կողքին, ղարաբաղցին նաեւ սրտաբաց ու առատաձեռն է: Անոր ջերմ ընդունելութիւնը շատ մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ հիւրերուն վրայ: Իսկ երբ ան «հաց » ուտելու կը հրաւիրէ, բարիքներով լի սեղան մը պատրաստած կ՛ըլլայ` լեցուն ուտեստեղէններով, ինչպէս նաեւ` միրգերով ու խմիչքներով:
Բարեսիրտ, սրտաբաց եւ լաւատես է ղարաբաղցին: Երբ պատմութեան ուղեգիծին նայինք, Արցախը եւ իր բնակչութիւնը շատ դաժան եւ վատ օրերէ անցած են: Սակայն հակառակ այս խոչընդոտներուն` Արցախը մնացած է կանգուն, իսկ իր բնակիչները` լաւատես ու արթուն: Ղարաբաղցին իր յատուկ ապրելաձեւը ունի: Ան օրը օրին կ՛ապրի եւ համոզուած է, որ յաջորդող օրերը «լոխ լաւա լինելու», որ կը նշանակէ, թէ ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ հետագային: Հետեւաբար ո՛չ մէկ դժուարութիւն պիտի կարենայ խանգարել Ղարաբաղի բնակիչներուն լաւատեսութիւնը:
Անցեալ շաբաթ, երբ խումբ մը ուսանողներով այցելեցինք Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն, մեծ ուրախութեամբ մտիկ կ՛ընէի նախարարին ինքնավստահ խօսքերը: Ան մեզի տեղեկացուց, որ Արցախը իր զարգացման երթը կը շարունակէ, ինչպէս նաեւ երկիրը կը յառաջդիմէ զանազան ոլորտներու մէջ: Ան աւելցուց իր խօսքերուն մէջ, որ ժամանակը հասած է, որ Արցախը իր պարտքերը գոցէ: Նախարարութեան համար Արցախը արդէն իսկ դարձած է հզօր պետութիւն մը, որ կրնայ օժանդակել հայկական գաղութներուն որեւէ ձեւով: Հետեւաբար Արցախի բնակչութիւնը ուժեղ եւ պատրաստակամ ըլլալուն պատճառով արտաքին գործոց նախարարը ինքնավստահօրէն կը խոստանայ օգնութեան հասնիլ սփիւռքին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանին:
Շնորհիւ այս հրաշալի ժողովուրդին` Արցախի յառաջդիմութեան երթը կը շարունակուի: Տարուէ տարի ուսանողներուն թիւը կը բարձրանայ, բանակը կը զօրանայ, եւ երկիրը տնտեսական աճի մէջ կը գտնուի:
Այս բոլոր յատկանիշները, զորս նախօրօք նշեցի, պատճառ կը դառնան, որ Արցախի բնակիչները մնան մէկ ուժ, մէկ միաւոր եւ այդ սուրբ հողին տէրն ու տիրականը: Արցախի տարածքը բախտաւոր է, որ այսպիսի խոհեմ ու վսեմ բնակչութիւն մը ունի իր հողին վրայ ապրող, որ քաջատեղեակ է անոր արժէքին, նոյնպէս ալ արցախցին հպարտ է, որ այսպիսի դրախտի մը արժանացած է:
Կ՛ուզեմ գրութիւնս փակել Հրաչեայ Բեգլարեանի խօսքերով, որոնք իրականութեան պատկերը կը ցոլացնեն.
«Պատուել գիտէ միշտ իր հիւրին,
Գիտէ գինը աղ ու հացին,
Միշտ հիւրասէր ու միշտ բարի,
Միշտ սրտաբաց ղարաբաղցին:
Ուր էլ լինես իմ բարեկամ,
Դու նրա հետ ընկերակցիր,
Լաւ ընկերոջ համար անգամ,
Կեանքը կը տայ Ղարաբաղցին… »: