Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

$
0
0
Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Կիպրոսի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետին Միջեւ

Ուրբաթ, 28 յունիս 2019-ին Նիկոսիոյ արքեպիսկոպոսարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Խրիսոսթոմոս Բ. արքեպիսկոպոսին միջեւ: Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպումին ներկայ էին Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ վեհափառի գաւազանակիր Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան:

Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս հայ եւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող միջեկեղեցական գործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ երկար տարիներու եղբայրական սիրոյ ամրապնդման:

Երկու հոգեւոր պետերը նաեւ անդրադարձան ընդհանրապէս միջեկեղեցական աշխարհը եւ մասնաւորաբար ուղղափառ եկեղեցիներու երկու ընտանիքները յուզող շարք մը հարցերու ու շեշտեցին յիշեալ երկու ընտանիքներուն միջեւ գործակցութիւնը ծաւալելու հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց արքեպիսկոպոսին` Կիպրոսի հայ համայնքին նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական սիրոյն ու գործակցութեան համար:

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ներդաշնակ Գործունէութիւնը Եւ Սերտ Գործակցութիւնը Գաղութի Մը Յաջողութեան Ճամբան Են»

Կիպրոս կատարած իր միօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ, ուրբաթ, 28 յունիս 2019-ի երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը նախագահեց Երեսփոխանական, Ազգային վարչութեան ու Կրօնական ժողովներու միացեալ նիստին:

Վեհափառ հայրապետը նախ լսեց սրբազան հօր եւ երկու մարմիններու ատենապետներուն կողմէ ներկայացուած զեկուցումները եւ մօտէն իրազեկ դարձաւ թեմին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ թեմին դիմագրաւած մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց թեմի գործունէութեան գծով պետութեան հետ ունեցած սիրալիր յարաբերութեան, գաղութին մէջ գործող կառոյցներու աշխատանքներուն եւ շեշտեց գաղութին մէջ կատարուող աշխատանքներուն ներդաշնակութիւնն ու համագործակցութիւնը աւելի շեշտելու անհրաժեշտութիւնը` միաժամանակ յիշեցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է սատար հանդիսանալու թեմին առաւել կազմակերպման ու ծաղկման նպաստող ծրագիրներուն: Իր խօսքին մէջ  վեհափառ հայրապետը յատկապէս շեշտեց. «Գաղութ մը կ՛ընթանայ դէպի առաւել կազմակերպուածութիւն ու ծաղկում, երբ հոն կը տիրէ սերտ գործակցութիւն համայնքային կառոյցներուն միջեւ եւ ներդաշնակ գործունէութիւն»:

Նշենք, որ երեկոյեան վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին: Իր հայրապետական պատգամին մէջ, ան անդրադառնալով եկեղեցւոյ առաքելութեան` ընդգծեց գաղութին կեանքը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով ու սկզբունքներով շաղախելու հրամայականը:

Յայտնենք, որ յաջորդ առաւօտ, վեհափառ հայրապետը վերադարձաւ Անթիլիասի մայրավանք:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>