Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

«Մանկապատանեկան Յուշեր». Ռիթա Մասոյեան-Ետալեանի Գեղանկարներու Անհատական Ցուցահանդէս

$
0
0

14 յունիս 2019-ին «Արթ օն 56» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ արուեստագէտ Ռիթա Մասոյեան-Ետալեանի գեղանկարներու անհատական ցուցահանդէսին` «Մանկապատանեկան յուշեր» խորագիրին տակ:

Ռ. Մասոյեան-Ետալեան հանրութեան ներկայացած է աւելի քան 20  խմբային եւ անհատական ցուցահանդէսներով: Ան շուրջ 15 տարի դասաւադած է Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, ինչպէս նաեւ` «ԱԼՊԱ» համալսարանին մէջ: Ան այժմ արուեստի ուսուցիչ է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարաններուն մէջ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 20 գեղանկարներ` աքրիլիք եւ քոլաժ, ինչպէս նաեւ տեղադրուած է վերամշակուած արուեստի գործ մը եւ տիկնիկ-արձանիկներու անկիւն մը:

Ինչպէս ցուցահանդէսի խորագիրը կը բացայայտէ, Ռիթա Մասոյեան-Ետալեանի ներկայացուցած արուեստի գործերը անոր մանկապատանեկան օրերէն քաղուած յիշատակներ ու պատկերներ են, որոնց մէջ անկասկած ներկայութիւն է մանուկ-պատանին` իր անմեղ զգացումներով ու արտայայտութիւններով: Ընտրելով մանուկ-պատանին` իբրեւ իր գործերուն կիզակէտը, արուեստագէտը պատկերած է իր մանկապատանեկան օրերուն փոքրերու զուարճութիւն պատճառած խաղալիքներ, ինչպէս` արջուկներ, փոքր գունաւոր ինքնաշարժներ, պատկերազարդ մանկապատանեկան գրքոյկներ, տիկնիկներ… Ան գեղանկարով մը` իր ոճով, պատկերած է նաեւ իր ու սերնդակիցներուն ապրած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը:

Անդրադառնալով իր գեղանկարներուն, արուեստագէտ Ռ. Մասոյեան-Ետալեան, «Ազդակ»-ի հետ զրուցելով` կը հաստատէ, որ ինք պատկերած է իր, իր երկու դուստրերուն եւ զինք շրջապատող փոքրերու մանկութենէն անմոռանալի պատկերներ ու յուշեր: Ակնարկելով իր օգտագործած գոյներուն` ան կ՛ըսէ. «Օգտագործուած գոյները կը խորհրդանշեն զգացումներ ու յուզումներ, որոնք կարելի չեն խօսքով արտայայտել. անոնք կը ներկայացնեն մարդ արարածի կեանքէն փուլ մը` հարուստ զարգացումով ու փոխակերպումով»:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 6 յուլիս, նոյն վայրին մէջ:

Անդրադառնալով Ռ. Ետալեանի արուեստին` արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Ծիրանի կը գրէ. «Արդէն իսկ իր ստեղծագործական ուղին ճշդած այս տաղանդաւոր արուեստագէտը Լիբանանի արուեստասէր հանրութեան կը ներկայանայ նոր նկարաշարով մը` «Մանկապատանեկան յուշեր» ընդհանուր խորագիրին տակ: Առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ ականատես պիտի ըլլանք կենսախինդ ու թովիչ մանկապատանեկան ընթացիկ յուշերու: Սակայն, որովհետեւ Մասոյեան ծնած, հասակ առած ու կազմաւորուած է պատերազմական աննպաստ ժամանակներու ընթացքին, անոր ստեղծագործութիւնները, երփներանգ ըլլալով հանդերձ, տագնապալից են ու մտայոյզ: Իր կերտած մանկատիպ կերպարները մէկ կողմէ կեանքի դաժան պայմաններու տակ թրծուած կանխահաս պատանիներու տեսք եւ ուշիմութիւն կ՛ենթադրեն, իսկ միւս կողմէ` կը դրսեւորեն զարմանքի, զարհուրանքի եւ երբեմն նաեւ զայրոյթի հոգեվիճակներ, որոնք թէեւ կը բխին մանկական անբասիր անմեղութենէ ու անբռնազբօս անմիջականութենէ, սակայն ո՛չ մայրական գուգուրանքը եւ ո՛չ ալ խաղալիքներու առատութիւնը կրցած են սփոփել ու անոնց  շնորհել գրաւիչ միջավայր ու մանկապատանեկան կենսախինդ կեանք: Այս առումով, այսօր աշխարհի տարբեր տարածքներու վրայ միլիոնաւոր մանուկներ կը շարունակեն տառապիլ նմանօրինակ խժդժութիւններէ: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ Մասոյեանին կերտած կերպարները դուրս կու գան պարզ յուշագրական սահմաններէ կ՛ընդհանրանան ու կը տարածուին համաշխարհային ոլորտներու վրայ:

«Այս բոլորը տաղանդաւոր արուեստագէտի մը հմուտ վրձնահարուածներուն, հարուստ ներաշխարհին ու ամուր անհատականութեան գրաւականն ու արգասիքն են միաժամանակ»:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>