Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ազրպէյճանական Սպառնական Ոճի Շեշտադրում` Ուաշինկթընի Բանակցութիւններէն Ետք

$
0
0

Ա. Ա.

Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կեցուածքները, Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կատարուած արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումէն ետք, բաւական կարծրացած են եւ կը յուշեն Պաքուի անզիջողութեան մասին, ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքին վրայ Արցախի տագնապին լուծման անոր կեցուածքին:

Նախ` արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երկու տարբեր հարցազրոյցներու ընթացքին` Թուրան եւ Ազերթաճ լրատու գործակալութիւններուն թղթակիցներուն հետ, անդրադարձաւ Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն եւ շեշտեց, որ փուլային տարբերակ մը քննարկուած է, եւ թէ` Ազրպէյճան փաստաթուղթին կարգ մը կէտերուն համաձայն է, իսկ կարգ մը կէտերու` ոչ: «Հայկական կողմը միշտ սեղանի վրայ կը դնէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ համայնքին ապահովութեան խնդիրը, որ կրնայ խաղաղապահ ուժերու տեղադրում մը ենթադրել: Բայց ամէն բանէ առաջ հայկական գրաւող ուժերը պէտք է ազրպէյճանական տարածքներէն հեռանան, որպէսզի կարելի ըլլայ միւս խնդիրները քննարկել», ըսաւ ան` անուղղակիօրէն ակնարկութիւն կատարելով լաւրովեան փաստաթուղթին, որ կը խօսի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին փուլային լուծման ընտրանքին եւ կարելիութիւններուն մասին:

Մամետեարով նաեւ խօսեցաւ սահմանագիծի երկայնքին լարուածութեան մասին եւ փորձեց նսեմացնել լարուած կացութեան ժխտական ազդեցութիւնը` բանակցութիւններուն հոլովոյթին վրայ, նշելով, որ նախապէս ալ շփման գիծի երկայնքին տիրական եղած է լարուածութիւնը, բայց բանակցութիւնները շարունակուած են: Այս անգամ, սակայն, Մամետեարով լարուածութեան սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը բեռցուց հայկական կողմին ուսերուն` մանաւանդ յղում կատարելով պատժիչ գործողութեան մասնակից զինուորները պարգեւատրելու մասին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի յայտարարութեան` զայն ապատեղեկատուութեան մը թիրախը դարձնելով, թէ` հայկական կողմը պաշտօնապէս կը հաստատէ, որ ինքն է լարուածութեան հրահրիչը: Բայց հոս կայ շատ կարեւոր նրբութիւն մը, որ կ՛առնչուի հայկական կողմին ձեռնարկած պատժիչ գործողութեան, որովհետեւ անկէ առաջ հայ զինուոր մը զոհ գացած էր դիրքերը պաշտպանելու պարտականութեան ընթացքին, եւ մարտավարական նշանակալից արարքով մը հայկական ուժերը պատժիչ գործողութեամբ մը հակադարձած էին: Այս մանրամասնութիւնը անշուշտ պիտի անտեսուէր Մամետեարովի կողմէ:

Հայկական կողմին հակազդեցութեան տարողութիւնն ալ եղաւ բաւական ուժեղ: Նախ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանը յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները եւ պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ: Դիւանագիտական բառապաշարով, Նաղդալեանի այս յայտարարութիւնը բառացիօրէն կը նշանակէր, որ Մամետեարով կը ստէ: Իսկ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հաստատեց, որ Ուաշինկթընի բանակցութիւնները կատարուած են բաւական լարուած մթնոլորտի մը մէջ` նկատի ունենալով սահմանագիծի երկայնքին տիրող լարուածութիւնը: Բայց եւ այնպէս, Մնացականեան հերքեց որոշ փաստաթուղթի քննարկման մասին Մամետեարովին յայտարարութիւնը եւ նշեց, որ հարցերու եւ խնդիրներու քննարկում կատարուած է:

Մինչ Մամետեարով կը յայտարարէր, որ լարուածութեան գոյութեան իսկ կարելի է բանակցութիւններ կատարել, Մնացականեանը մերժեց նման մօտեցում եւ պնդեց, որ կարելի չէ մէկ ձեռքը երկարել բանակցութիւններու համար, իսկ միւսով` կրակել: «Կը հաւատամ, որ մեզի հետ կարելի չէ սպառնալիքներու լեզուով խօսիլ», շեշտեց Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը:

Մամետեարով-Մնացականեան այս անուղղակի բանավէճի ենթահողին վրայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի յայտարարութիւնները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` ազրպէյճանական պետական մտածողութեան երկու կարեւոր բաղադրիչները, որոնց մասին ամէնէն աւելի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին համանախագահները պէտք է խորհին եւ եզրակացութիւններու յանգին: Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն օրուան առիթով Նախիջեւան այցելութեան ընթացքին Ալիեւ յայտարարեց, որ պատերազմը աւարտած չէ, եւ ազրպէյճանական բանակը պատրաստ է որեւէ պահու պատերազմը վերսկսելու` «Ազրպէյճանական տարածքները» ազատագրելու համար: Իսկ Զաքիր Հասանովի համաձայն, ազրպէյճանական կողմը տարիներէ ի վեր զիջած է եւ հայկական կողմին հետ բանակցութիւններ կը վարէ: «Ասիկա է մեր զիջումը: Այլ զիջումի մասին խօսք կարելի չէ ըսել», շեշտեց ան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles