Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Խմբագրական «Գանձասար»-ի . Դժուարութիւններ` Վերականգնումի Սեմին

$
0
0

Սուրիոյ հայ համայնքը վերականգնումի սեմին կը դիմագրաւէ այնպիսի դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարումը նոյնքան կարեւոր է համայնքը պահելու եւ վերաշխուժացնելու համար, որքան` վերակառուցումը:

Ներկայիս գլուխ կը ցցեն յատկապէս ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարումը կը յամենայ առաւելաբար ծրագրերու բացակայութեան պատճառով:

Ընկերային գետնի վրայ, հայութեան թիւին նուազումին հետ, նկատելի են քանի մը երեւոյթներ: Առաջինը` ոչ հայ աշակերտներ հայկական կարգ մը վարժարաններէ ներս ընդունուելով, օտար աշակերտներու համեմատութեան աճն է: Սա բացասական անդրադարձ կ՛ունենայ հայերէնախօսութեան, հայկական աւանդոյթներու եւ բարքերու պահպանման վրայ: Երեւոյթ մը, որ աշակերտներու ընկերային կեանքին վրայ եւս իր ազդեցութիւնը կրնայ թողուլ` զիրենք աստիճանաբար հեռացնելով հայկական միջավայրէն, հայերէն խօսելու, կարդալու, գրելու եւ հայապահպանման նպաստող աշխատանքներուն մասնակցելու կարելիութիւններէն. չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք նաեւ, որ այս երեւոյթը հետագային կրնայ խրախուսել օտար ամուսնութիւնները:

Ինչպէ՞ս յաղթահարել, ուրեմն, այս դժուարութիւնները` անկախ հայ աշակերտները հայկական միութիւններու եւ ակումբներու շուրջ համախմբելէն, անոնց մօտ հայերէնի ու հայկական տարբեր արժէքներու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ստեղծելէն: Ե՞րբ երեւելի պիտի դառնան այս ոլորտին առնչուող հեռանկարային ծրագրերու մշակումն ու իրագործումը…

Երկրորդը` հայկական դիմագիծ ունեցող թաղամասերու ժողովրդագրական պատկերին փոփոխութիւնն է: Այսօր, ցաւօք, գոյութիւն չունին հայութեամբ հոծ թաղամասեր, նոյնիսկ` Հալէպի երբեմնի հայկական շրջաններուն մէջ, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ ակումբներուն շուրջ հոծ հայութեամբ բնակելի շէնքեր չկան այլեւս, իսկ կարգ մը շէնքեր ու բնակարաններ անբնակելի են տարիներէ ի վեր:

Մի՞թէ կարելի չէ, որպէս առաջին քայլ, այդ շրջաններու ոչ բնակելի կամ ազգային շէնքերը բնակեցնել նորակազմ հայ ընտանիքներով` նիւթական դիւրութիւններ ընծայելով անոնց: Կարելի չէ՞ երիտասարդներուն յատկացնել փակ մնացած բազմաթիւ խանութներն ու գործատեղիները ու բանեցնել զանոնք` շարժում ստեղծելով այդ շրջաններուն մէջ, միաժամանակ երիտասարդութեան դիմագրաւած տնտեսական շատ մը դժուարութիւններուն մասնակի լուծման նպաստելով:

Ընկերային այլ հարցի մը դուռ կը բանայ սուրիահայ տղոց արտագաղթը` ուսման, աշխատանքի կամ բարւոք կեանքի որոնման հեռանկարով: Սա համայնքէն ներս իգական սեռի թիւին համեմատութիւնը ոստումնային տոկոսներով կը բարձրացնէ` դուռ բանալով ընկերային հարցերու, առիթ ընծայելով օտար ամուսնութիւններու:

Տնտեսական գետնի վրայ եւս անգործութեան, պաշտօնէութեան անբաւարար վարձատրութեան եւ աշխատանքի առիթներու բացակայութեան երեւոյթները մեծ դեր կը խաղան երիտասարդ տարրը գաղթի մղելու իմաստով:

Ազգային եւ համայնքային մարմինները, շէնքեր վերակառուցելու կողքին, լրջօրէն մտածելու են տնտեսական ծրագրերու, աշխատանքի առիթներու ստեղծման այլազան միջոցներու եւ քաջալերական պայմաններու ստեղծման մասին:

Պետական կամ քոյր համայնքներու մակարդակներով կիրարկուող կարգ մը ծրագրերը ողջունելի են այս իմաստով: Հայ համայնքէն ներս, սակայն, հազուագիւտ են, երբեմն ալ կը բացակային հեռանկարային, ապագայատեսիլ նման ծրագրեր: Ու որքան ուշանայ ծրագրաւորումը, այնքան արագ երեւելի պիտի դառնան վերոյիշեալ դժուարութիւններուն  հետեւանքները մեր համայնքին վրայ:

Ներկայ պահը այսպիսի ծրագրերու անյապաղ մշակում կը պահանջէ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles