Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Յունաստանի եւ Կիպրոսի հայերը» գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները:
Հինգշաբթի, 30 մայիս 2019-ի առաւօտեան պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ էին` Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Վարուժան արք. Հերկելեան, վեր. Հրայր Չոլաքեան, կիպրահայ եւ յունահայ հիւրեր, Միջին Արեւելքի հայօճախներու պատմութեամբ հետաքրքրուող մտաւորականներ, գիտաժողովին մասնակից գիտահետազօտողներ եւ փորձագէտներ:
Կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան բացումը կատարելով Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի 8-րդ տարեկան գիտաժողովին` հրաւիրեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք արտասահմանէն ժամանած հիւրերուն եւ լիբանանահայ ներկաներուն, ընդգծեց. ««Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի, «Տէրեան» հայագիտական գրադարանի եւ հայկական ամպիոնի համալսարանական դասընթացքներու կողքին, Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը կը շարունակէ բերել օգտակար ներդրում` հայագիտական ուսումնասիրութիւններու»: Վեր. Հայտոսթեան արժեւորեց գիտաժողովներու այս շարքը` մատնանշելով, որ անոնք առիթ ընծայած են` «Քննելու ցարդ յատկապէս միջինարեւելեան սփիւռքը ոչ որպէս միօրինակ ընդհանրութիւն կամ մօտակայ երկիրներու գաղութները` որպէս նմանօրինակ, այլ ամէն մէկ երկրի գաղութ որպէս ինքնուրոյն հարուստ մշակոյթ, թէեւ` յարափոփոխ իրականութիւններու ենթակայ: Կարեւորը իւրաքանչիւրին ծաւալն ու ազդեցութեան մակարդակը չէ, այլ` հայկական տեղականութիւնը, պատմամշակութային հիմքը, հայկական տարածականութեան աստիճանը, հայրենի պետութեան հետ առնչութիւնը, հաստատութիւններու պատկերը, ականաւոր դէմքերը…,- ու շեշտեց,- լաւ է, որ մենք գերին չըլլանք աւելի ճոխ անցեալ մը աւելի նօսրացած ներկայի մը հետ բաղդատելու երեւոյթին, այլ` քննողները մեր գաղութներու ծալքերուն, դասեր քաղելու անոնցմէ»: Վեր. Հայտոսթեան անդրադարձաւ կեդրոնի այս գիտաժողովներու տարեկան հրատարակութիւններուն եւ «Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան, որ` «Ունեցած է իր գործնական ներդրումը այս մարզին մէջ»: Հուսկ, ան բոլորի անունով ողջոյն յղեց Կիպրոսի եւ Յունաստանի «մեր սիրելի համայնքներուն» ու բոլորին մաղթեց «օգտաւէտ երկու օրեր»:
Ապա դոկտ. Տագէսեան կարդաց կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանի ողջոյնի գիրը, ուր ան «հիանալի նախաձեռնութիւն» որակելէ ետք գիտաժողովներու այս շարքը, կը շնորհաւորէր կազմակերպիչ մարմիններուն «յարատեւ եւ յամառ ջանքերը», կը գնահատէր գիտաժողովներու նիւթերուն հատորներով լոյս ընծայումը ու կը շեշտէր. «Սփիւռքի ներկայ պայմաններուն եւ բազմապիսի մարտահրաւէրներուն դիմաց կեդրոնի իրերայաջորդ համագումարներու տիրական եւ տեւական այս շարքը իր նպատակով, ծրագրով ու տեսլականով գօտեպնդիչ եւ քաջալերական երեւոյթ մըն է, շահեկան ներդրում մը` ի խնդիր հայրենիքի սահմաններէն դուրս ապրող մեր հայութեան ապագային»:
Ապա խորունկ վերլուծութեամբ մը գիտաժողովի հիւր դասախօս, «Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտըն»-ի պատուակալ աւագ հետազօտող, մշակութաբան-մարդաբան դոկտ. Սուզըն Փեթի պատմութեան ենթախորքով կատարեց Յունաստանի եւ Կիպրոսի հայօճախներուն պատումը` լուսարձակի տակ առնելով անոնց ժողովրդագրական, կազմակերպական, միութենական, ներհայկական եւ հայ-յունական փոխյարաբերութեանց վերիվայրումները, ընդգծեց հայօճախներուն ինքնութենական վերաձեւումներուն շարժառիթները, գործօններն ու հետեւանքները: Փաստաթղթային լուսանկարներով ներկայացուած այս դասախօսութիւնը յառաջացուց այն ենթահողն ու միջավայրը, որոնց միջոցով լուսաբանուեցան յաջորդող 34 զեկոյցները:
Գումարուեցան վեց նիստեր, որոնց ընթացքին զեկուցեցին Ֆրանսայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Մ. Նահանգներէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն ժամանած փորձագէտներ ու մասնագէտներ: Առաջին երկու նիստերը նուիրուած էին Յունաստանի հայօճախին, իսկ յաջորդ չորսը` աւելի մանրամասն քննութեան առին Կիպրոսի հայօճախը: Նիստերը խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու.
1.- Յունաստան. պատմութիւն, պետութիւն, ցեղասպանութիւն,
2.- Յունահայութիւն. 1940-էն այսօր, համայնքային կեանք եւ մշակոյթ,
3.- Կիպրոս. պատմութիւն, համայնք եւ Մելքոնեան կրթական հաստատութիւն,
4.- Եղեռն, տեղաւորում, կազմակերպում, տեղաշարժեր եւ մշակոյթ,
5.- Պետութիւն. քաղաքական վիճակ, կրթական-մշակութային ձեռքբերումներ,
6.- Ժամանակակից ընկերամշակութային օրակարգեր:
Յունահայ երիտասարդ փորձագէտ, Թրակիոյ համալսարանի դոկտորականի հայցորդ Սարգիս Տանկազեանը ներկայացուց Քոմոթինիի հայօճախը` ԺԷ. դարէն մինչեւ այսօր, լուսարձակի տակ առնելով հայօճախին պատմական ելեւէջները եւ մերօրեայ մարտահրաւէրները: Մինիսոթայի Սենթ Պենետիքթ համալսարանի դասախօս դոկտ. Ճոն Արմաճանի քննարկեց Յունաստանի սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները` փոքրամասնութեանց, ի մասնաւորի հայոց իրաւունքներուն առնչութեամբ: Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի աշխատակից դոկտ. Շուշան Խաչատրեանի զեկոյցին համառօտ տարբերակը կարդաց իր պաշտօնակից դոկտ. Էտիթա Կժոյեանը: Զեկոյցը կը վերաբերէր Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի հոգածութեամբ Յունաստան գտնուող որբերուն: Զեկոյցին կ՛ընկերանային լուսանկարներ, փաստաթուղթեր եւ վկայութիւններ: Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի աշխատակից Քրիստինէ Նաճարեանը արժեւորեց շուէտացի միսիոնար Ալմա Եոհանսոնի անձնդիր գործունէութիւնը` Յունաստան հաստատուած հայ փոքրերուն: Եոհանսոն նախաեղեռնեան շրջանին ալ անձնուիրաբար ծառայած էր հայութեան: Աթէնքի համալսարանի դասախօս դոկտ. Հերվէ Ժորժըլէն ներկայացուց թերուս Անժել Քուրթեանի յուշագրական երեք հատորները, որոնք լոյս տեսած են 1980-ին: Յունարէն այս հատորներուն իւրայատկութիւնը այն է, որ անոնք կը ներկայացնեն յոյներու Զմիւռնիոյ աղէտին ոդիսականները` հայկական աչքերով: Դերենիկ Դեմիրճեանի տուն¬թանգարանի վարիչ Կարինէ Ռաֆայէլեանը ներկայացուց 1930-40-ականներու յունահայ մամուլի մշակութային դիմագիծը` անդրադառնալով մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն եւ թարգմանութիւններուն: Սփիւռքի նախարարութեան նախկին պաշտօնատար դոկտ. Էլիզ Գէորգեանը քննարկեց յունահայ հայրենադարձութիւնը` ներգաղթի համապատկերին խորքին: Ան լուսաբանեց նաեւ յունահայ ներգաղթողներու տեղաւորման վայրերու, դիմագրաւած դժուարութիւններու եւ բերած նպաստներուն հարցեր:
Բ. նիստին Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. Տիգրան Ղանալանեանը ներկայացուց յունահայ արտագաղթը Յունաստանէն` 1946-70-ականներուն: Տալով թուային տուեալներ` երիտասարդ գիտնականը անդրադարձաւ նաեւ տեղաշարժերուն յառաջացուցած մշակութային, ընկերաբանական, ժողովրդագրական հետեւանքներուն` թէ՛ հեռացած եւ թէ՛ հաստատուած երկիրներուն հայ հաւաքականութիւններուն: Թեսաղոնիկահայ երիտասարդ գիտահետազօտող Յովիկ Գասապեանը մանրամասնեց Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի վերջին 25 տարիներու զարգացումները, հայօճախին ինքնութենական վերափոխումները` հայաստանցի արտագաղթողներու շրջան հաստատուելէն ի վեր: Ան անդրադարձաւ անոնց համարկումի խնդիրներուն եւ հեռանկարներուն: Հայրենի միջին սերունդի հետազօտողներու լաւագոյն ներկայացուցիչներէն պատմաբանասէր, գեղարուեստագէտ դոկտ. Արծուի Բախչինեանը ներկայացուց համապատկերը յունահայ դէմքերու մշակութային նպաստին` Յունաստանի եւ միջազգային գեղարուեստին: Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ազգագրութեան եւ հնագիտութեան հիմնարկի սփիւռքի բաժնի ժրաջան հետազօտող Սոնա Ներսիսեանը դաշտային իր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքը ներկայացուց` Յունաստանի հայօճախին ինքնակազմակերպման գործին մէջ հայկական կազմակերպութիւններու դերին առնչութեամբ:
Գ. նիստին բազմավաստակ պատմաբան, կիլիկիագէտ փրոֆեսէօր Քլոտ Մութաֆեանը վերլուծեց Կիպրոսի եւ Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան միջեւ հաստատուած պալատական խնամիութեան դիւանագիտութիւնը, որ մեծապէս կը ծառայէր ուժերու մէկտեղման եւ միացեալ քաղաքականութեան որդեգրման: Հալէպահայ երիտասարդ հետազօտող Աւետիս Ափոշեանը լուսարձակի տակ առաւ Կիպրոսի` օսմանեան տիրապետութեան շրջանի հայոց կեանքը, տնտեսա-մշակութային վիճակը, ընկերային պայմաններն ու իրաւունքները: Հմուտ եւ բեղուն պատմաբանասէր, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս հալէպահայ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը ներկայացուց բանահիւսական գողտրիկ նիւթ մը, թէ ինչպէս յիշատակուած է Կիպրոսը Անտիոքի շրջանի հայ բանահիւսութեան մէջ: Ի բացակայութեան Քալիֆորնիոյ Նորթրիճի համալսարանի հայագիտութեան բաժնի տնօրէն փրոֆեսէօր Վահրամ Շեմմասեանի, անոր զեկոյցին ամփոփումը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի մագիստրոսականի ուսանողուհի Ծաղիկ Սահակեանը: Շեմմասեանը կը փաստագրէր ԺԹ. դարավերջին Կիպրոսի խաղացած դերը` իբրեւ հայ յեղափոխականներու կամրջագլուխ` Կիպրոսէն օսմանեան մայրցամաք անցումին: Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը ներկայացուց պատումը Մելքոնեան եղբայրներու կտակին եւ Մելքոնեան կրթական հաստատութեան հիմնումի նախապատմութեան:
Գիտաժողովի առաջին օրուան իրիկունը տեղի ունեցաւ հանրային զրոյց` Յունաստանի եւ Կիպրոսի հայօճախներու ներկայ մարտահրաւէրներուն խնդիրով: Յովիկ Գասապեանի եւ տոքթ. Անդրանիկ Աշճեանի հակիրճ ներկայացումներէն ետք ընթացաւ աշխուժ քննարկումը այս նիւթին, բարձրացուեցան այժմէական անմիջական եւ հրատապ հարցեր ու դարձեալ պարզուեցաւ, որ միջինարեւելեան հայօճախներու մերօրեայ շարք մը մարտահրաւէրներ հասարակաց են ու կարիքն ունին ընդհանրական քննարկումի եւ կարգաւորումի:
Երկրորդ օրուան եւ գիտաժողովի Դ. նիստին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Կժոյեանը քննարկեց Ազգերու լիկային դերակատարութիւնը` Կիպրոսի ու Յունաստանի հայօճախներուն կազմաւորումին մէջ: Հասկնալի է, որ այդ դերակատարութիւնը կազմակերպական չէր կրնար ըլլալ, այլ` անուղղակի: Դոկտ. Արմաճանին իր երկրորդ զեկոյցով քննարկեց Կիպրոսի սահմանադրութիւններուն տրամադրած իրաւունքները` փոքրամասնութիւններուն, նաեւ` կիպրահայոց: Դոկտ. Ղանալանեանը իր երկրորդ զեկոյցով լուսաբանեց կիպրահայ արտագաղթը Կիպրոսէն` 1955-70-ականներուն: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային արխիւի աշխատակից Յասմիկ Յարութիւնեանը հիմնուելով արխիւային փաստաթուղթերու վրայ` կատարեց պատումը Խորհրդային Հայաստանի եւ Կիպրոսի հայօճախի 1945¬91 շրջանի յարաբերութիւններուն, անդրադարձաւ այդ յարաբերութեանց բարեշրջումներուն եւ ունեցած ազդեցութիւններուն ու հետեւանքներուն: Ալեքսանդր Թամանեանի անուան Ազգային ճարտարապետութեան թանգարան-հիմնարկի հիմնադիր եւ տնօրէն փրոֆ. դոկտ. Աշոտ Գրիգորեանը քննարկման նիւթ դարձուց կիպրահայ եւ յունահայ ճարտարապետներու հոյլը, անոնց գործունէութիւնը եւ շեշտեց սփիւռքահայ համահաւաք ճարտարապետական շտեմարանի մը յառաջացման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ հայ մշակոյթի բաղադրիչ:
Ե. նիստին կիպրահայ երիտասարդ մտաւորական տոքթ. Անդրանիկ Աշճեանը ներկայացուց Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչները, անոնց ընտրապայքարները եւ հետեւանքները` հայօճախին երկփեղկումին առումով: Նախկին լիբանանահայ Նայիրի Մուրատեանը ըրաւ պատմականը Կիպրոսի հայկական ռատիոժամին, յայտագրերուն, պաշտօնատարներուն եւ գործած ազդեցութեան: Կիպրահայ Նարեկ վարժարաններու երկարամեայ տնօրէն Վարդան Թաշճեանին զեկոյցը նուիրուած էր կիպրահայ կրթական ճիգին: Իր բացակայութեան, զեկոյցին ամփոփ տարբերակը կարդաց Հայկազեան համալսարանի ուսանողուհի Ռիթա Մարիա Գազանճեանը: Զեկոյցը համառօտակի ներկայացնելէ ետք, ԺԹ. դարավերջ-Ի. դարասկիզբի կրթական փորձը մանրամասնեց Նարեկ վարժարաններուն ներկան` դպրոցաշէնքերու, կրթական ծրագրերու, աշակերտական թիւի, ուսուցչակազմի եւ այլ առումներով: Կիպրացի յոյն երիտասարդ հետազօտող Ալեքսանդր Մայքըլ Հաճիլիրան ներկայացուց 1963-64 Կիպրոսի միջհամայնքային բախումներուն եւ 1974-ի թրքական ներխուժումին հետեւանքները կիպրահայութեան վրայ: Շահեկան նիւթ մը, որ զուգահեռներ կը գծէ շրջանի միւս երկիրներու հայօճախներուն կրած վնասներուն հետ:
Զ. նիստին Կիպրոսի նախկին առաջնորդ Վարուժան արք. Հերկելեան համապարփակ ներկայացուց կիպրահայ թեմը` իր պատմական անցեալէն մինչեւ այսօր: Սրբազան հայրը հեղինակութիւն է այս նիւթին մէջ` մանրամասն պրպտած ըլլալով Կիպրոսի առաջնորդարանին արխիւները: Կիպրահայ միջին սերունդի մտաւորական Մասիս Տէր Բարթողը զեկուցումի նիւթ դարձուցած էր շրջանի անկայուն երկիրներէ հայերու Կիպրոս ապաստանելու փաստը: Անոր զեկոյցը անդրադարձաւ նաեւ Կիպրոս հաստատուած շարք մը հայերու արձանագրած յաջողութիւններուն: Իր բացակայութեան զեկոյցը կարդաց Հայկազեանի ուսանողուհի Գազանճեանը: Հաճիլիրայի երկրորդ զեկոյցը նուիրուած էր կիպրահայ կազմակերպութիւններու համապատկերին: Երիտասարդ հետազօտողը ներկայացուց աւելի քան հարիւրամեայ այդ համապատկերը: Կիպրահայ «Մուֆլոն» հրատարակչատան հիմնադիր հանգուցեալ Գէորգ Քէշիշեանի դուստր Ռութ Քէշիշեանի զեկոյցը ըրաւ պատմականը կիպրահայ տպագրութեան եւ ընթերցասիրութեան: Իր բացակայութեան զեկոյցին համառօտ տարբերակը կարդաց դոկտ. Տագէսեանը: Կիպրահայ աւետարանական համայնքին պատմական անցեալին անդրադարձաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը` կատարելով շարք մը հարցադրումներ: Ի բացակայութեան «Gibrahayer» ելեկտրոնային մամուլի հիմնադիր եւ պատասխանատու Սիմոն Այնէճեանի, անոր զեկոյցին ամփոփումը ներկայացուց Հայկազեանի ուսանողուհի Գազանճեանը: Նիւթը կը վերաբերէր կիպրահայ հաղորդակցամիջոցներուն` անցեալէն մինչեւ այսօր, ինչպէս նաեւ` այս բնագաւառին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները: Ի բացակայութեան դոկտ. Սօսի Գասպարեանի, անոր զեկոյցին համառօտ տարբերակը կարդաց դոկտ. Տագէսեանը: Զեկոյցը կ՛արծարծէր կիպրահայերու համարկումի փորձը` քաղաքական ներգրաւումի եւ մշակութային ինքնավարութեան նաւարկումներուն միջեւ: Ժամանակի նեղութեան պատճառով չկարդացուեցաւ Կիպրոս գտնուող հայաստանցի արտագաղթողներուն նուիրուած զեկոյցին ամփոփումը, որ կրկնութիւնն էր գիտաժողովին առթիւ լոյս տեսած գրքոյկին մէջ տեղ գտած ամփոփումին: Գիտաժողովին վերջին զեկոյցը կը պատկանէր Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ազգագրութեան եւ հնագիտութեան հիմնարկի սփիւռքի բաժնի աշխուժ հետազօտող Լուսինէ Տանաճեանին, որ դաշտային իր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքը` «Կիպրոսի հայերու ընկերամշակութային կեանքի առանձնայատկութիւնները» վերնագրեալ զեկոյցը ներկայացուց շօշափելի վիճակագրութեամբ եւ տուեալներու վրայ հիմնուած վերլուծումներով:
Նիստերը վարեցին դոկտորներ` Արտա Էքմեքճի, Անդրանիկ Տագէսեան, Արմէն Իւրնէշլեան եւ Շաղիկ Խիւտավերտեան, Եղիա Թաշճեան ու Արմէն Պագգալեան:
Գիտաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում եւ ընդհանուր արժեւորում: Կարեւորուեցան նման գիտաժողովներու անհրաժեշտութիւնը, անոնց յառաջացուցած խթանը` նմանատիպ ուսումնասիրութիւններու կատարման: Էական համարուեցան նման գիտաժողովներէ բխած հետեւութիւններու եւ պարզուած խնդիրներու լուծման մեքենաներու յառաջացման համակարգի մը գոյառումը, անոնց նիւթաբարոյապէս սատարումը:
Գիտաժողովի իր դիտարկումներուն անդրադառնալով` դոկտ. Տագէսեան հաստատեց, որ «գիտաժողովը փաստեց, թէ որքա՜ն ընելիք կայ» ու թելադրեց, որ գիտահետազօտողները չբաւարարուին ձեռք բերուածով: Ան անդրադարձաւ զեկոյցներուն մեթոտաբանական, այլեւայլ պարագաներուն, զուգահեռներ գծեց նախորդ եւ այս գիտաժողովին արծարծուած շարք մը նիւթերու միջեւ, կատարեց ընդհանրացումներ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն:
Փակման խօսքին մէջ վեր. Հայտոսթեան գիտաժողովէն բխած իր դիտարկումները կիսելով ներկաներուն հետ` կատարեց շարք մը հարցադրումներ: Վեր. Հայտոսթեան նշեց, որ պէտք չէ ծանրանալ հայօճախի քանակին վրայ, այլ` աւելի ուշադիր ըլլալ հայօճախին գործունէութեան եւ հնարաւորութիւններուն, փակագծելով, թէ իւրաքանչիւր հայօճախի ենթահողի, մասնագիտութիւններու, երկրի պայմաններու գործօնները նկատառելի հարցեր են: Ան շեշտեց հայօճախին տէր կանգնելու եւ տէր կանգնողի պարագաները… Հուսկ, ան յուշեց զեկուցաբերներուն, որ վերամշակելէ ետք իրենց զեկոյցները` կարճ ժամանակի մէջ յղեն այդ նիւթերը, որպէսզի հատորը կարելի ըլլայ լոյս ընծայել անհրաժեշտ արագութեամբ:
Գիտաժողովի ամբողջ տեւողութեան Հայկազեան համալսարանի «Մուկար» սրահին մէջ ցուցադրուեցան Մելքոնեան կրթական հաստատութեան առնչուող աւելի քան 50 հատորներ:
Գիտաժողովը յատկանշուեցաւ իր երիտասարդականութեամբ. մասնակիցներուն մէջ երիտասարդները մեծամասնութիւն կը կազմէին: Մասնակիցները պաշտպանած էին մագիստրոսական թեզեր, իսկ մեծամասնութիւնը` նաեւ թեկնածուական:
Նախորդ գիտաժողովներուն նման` այս ալ յատկանշուեցաւ ջերմ, ազատ, անմիջական, նախանձախնդիր, բացսիրտ քննարկումներով, առարկայական վերլուծութիւններով, հայօճախներու համեմատութիւններով: Ի տարբերութիւն նախորդ գիտաժողովներուն, երբ հայաստանցի գաղթականներու համարկումի խնդիր չէր բարձրացուած, թէ՛ Կիպրոսի եւ թէ՛ Յունաստանի մասնակիցները շեշտակի մտահոգութիւն յայտնեցին անոնց համարկումին եւ հայապահպանումին առնչութեամբ: Կրկնուող մտահոգութիւն էր խառն ամուսնութիւններու պարագան: Տարբեր երեսակներէ արծարծուեցան ինքնութեան պահպանման խնդիրները, անհրաժեշտ նկատուեցաւ ոչ միայն խնդիրներու քննարկումը, այլեւ` անոնց լուծման քննարկումները: Առաջարկուեցաւ նման գիտաժողովները զարգացնել զուտ ակադեմական քննարկումներէ դէպի նախաձեռնութիւններու հարթակի: Յաճախակի կրկնուեցան հայախօսութեան եւ հայերէնագիտութեան հարցերը, միջհայօճախային փոխօգնութեան եւ հաղորդակցութեան էականութիւնը, ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը` առաւել արծարծելու մերօրեայ խնդիրները եւ ընդհանրական խնդիրներու պարզաբանման ու լուծման նպաստող քայլերու ձեռնարկումը:
Գիտաժողովին մասնակիցները կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն: Անոնք պարզ ներկայացնողները չէին իրենց զեկոյցներուն, այլ կարծէք ստանձնած էին դատեր, որոնք զեկուցումներու միջոցով կը բարձրաձայնուէին եւ լուծումներ կ՛որոնէին…
Գիտաժողովի տեւողութեան, զեկուցաբերներուն կողքին, ներկայ եղան լիբանանահայ մտաւորականներ, Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան երկու պաշտօնատարներ (որոնք Պէյրութ կը գտնուէին Հայկազեան համալսարանի եւ նախարարութեան միջեւ նոյեմբեր 2018-ին ստորագրուած յուշագրին առ ի գործնականացում), Միջին Արեւելքի հայօճախներու ժամանակակից պատմութեամբ եւ ընդհանրապէս սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներ, հետազօտողներ, մտաւորականներ, շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքագիտութեան:
Կեդրոնին կազմակերպած վերջին վեց տարիներու գիտաժողովները Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի, Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիոյ, Կիպրոս-Յունաստանի հայօճախներուն բեւեռուող լուսարձակներ են, որոնք նոր եւ հրատապ այժմէականութիւն կու տան Միջին Արեւելքի սփիւռքագիտութեան զարգացման: Այս գիտաժողովները կը մղեն առնչուող հայութիւնը իր պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդրսահմանային հայեցակարգով դիտելու, ընկալելու եւ գործելու: Այս գիտաժողովները նաեւ նախանձախնդիր կոչեր են, որպէսզի քննարկումէ անդին անցնին, միջինարեւելեան հայութեան շարք մը հրատապ հարցերը եւ անոնց լուծումներ առաջադրուին` համահայկական պարունակին եւ համապատկերին յօգուտ:
Գիտաժողովին նիւթերը պիտի հրատարակուին յառաջիկային: Արդէն լոյս տեսած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայօճախներուն նուիրուած գիտաժողովի հատորները: Մամուլի տակ է Յորդանանի հայօճախին նուիրուած գիտաժողովին նիւթերուն հատորը, ընթացքի մէջ է նաեւ Իրաքի հայօճախին նուիրուած գիտաժողովին հատորը:
Յառաջիկայ տարուան` կեդրոնի գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Արաբական ծոցի երկիրներու հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2020 մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են: Այդ առումով, յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն:
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ