Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 – հանգոյցներ» առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ չորս մասէ` «Խրախճանք», «Գարուն ա, ձուն ա արել…», «Զարտուղի պատմութիւններ» եւ «Հայեր»` 27 գրութիւններով, 72 էջ:
Իր ներածական «Երկու խօսք»-ին մէջ հեղինակը կը գրէ.
«Առաջին մասը կը պարունակէ զանազան խրախճանքներու կամ տօնակատարութիւններու առթիւ ապրուած պահեր, մտորումներ:
«Երկրորդին յօդուածները կապուած են բնութեան, յատկապէս` ձմրան, ձիւնին ու սառանձրեւին, որոնք մեր կեանքին անբաժան մասը կը կազմեն այս քաղաքին մէջ:
«Երրորդ մասը զարտուղի պատմուածքներ են, թէեւ առնչուած մեր առօրեային, սակայն` տարօրինակ դարձուածքներով, որոնք ոչ միայն հաճելի պատում մը կրնան հանդիսանալ, այլեւ մտածելու նիւթ հայթայթել:
«Վերջապէս, չորրորդ մասին մէջ պիտի հանդիպինք հայերու, որոնց գոյութիւնը, կեանքն ու մտածումները աննկատ չեն անցած գրողին աչքէն»:
Վրէժ-Արմէն դիտել կու տայ, որ բոլոր գրութիւններն ալ կը հանդիսանան շարունակութիւնը իր նախորդ հատորներուն, յատկապէս` «Ոստայն 4 ¬ իմ ուղեպատումը» հատորին, «քանի որ բոլորը իրարու միացնող ընդհանուր յայտարարը մեր ապրած առօրեան է: Օրատետրային, յուշագրական եւ ուղեգրական բնոյթ կը կրեն անոնք ու պատումի մը ոճով ընթերցողը հաղորդ կը դարձնեն զիս յուզող, մտահոգող, խանդավառող կամ անհանգստացնող ու զայրացնող հարցերուն: Այդ հարցերը կ՛արծարծուին տարբեր ձեւերով` մնալով միշտ հեղինակին կիզակէտին վրայ», կ՛աւելցնէ ան:
Այս հատորը հարստացած է Գրիգոր Ակոբեանի կտաւներով, որոնք կը զարդարեն շապիկի առաջին էջը, ինչպէս նաեւ` չորս մասերը իրարմէ բաժնող էջերը:
Հեղինակին վերջին ինը հատորները` սկսեալ «Ոստայն 4»-էն, մատչելի են ընթերցողին Հայերէն blog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ: (https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր): Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակին ոչ անձնական բնոյթի նամականին, որ հետզհետէ պիտի ամբողջանայ:
12 յունիս 2019