Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Փայլան Պատասխաններ Կ՛ուզէ Տիգրանակերտի Պարիսպներուն Կրած Վնասներուն Վերաբերեալ

$
0
0

«ԷՐՄԵՆԻՀԱՊԵՐ»

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Տիգրանակերտէն ընտրուած երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ  քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումին  յղեց հարցումներ, որոնք կը վերաբերին Տիգրանակերտի պատմական պարիսպներուն եւ Հեւսելի այգիներուն շրջակայքը իրականացող «Ազգային այգի» ծրագիրին պատճառով պարիսպներուն հասցուող վնասին:

7 հարցումներէ բաղկացած հարցադրման մէջ Փայլան կը հետաքրքրուի, թէ արդեօք ծրագիրը կ՛իրականացուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի՞ արտօնութեամբ, որովհետեւ թէ՛ պարիսպները, թէ՛ Հեւսելի այգիները այդ միջազգային կազմակերպութեան համաշխարհային ժառանգութեան կառոյցներու ցանկին վրայ են:

Շաբաթներ առաջ թրքական ընդդիմադիր մամուլին մէջ տարածուած էին տեղեկութիւններ,  ըստ որոնց, պարիսպներուն մէկ մասը քանդուած է շինարարութեան պատճառով:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>