Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Մեր Երկրորդ Փորձը

$
0
0

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը կը կատարէ իր երկրորդ յաւակնոտ քայլը` գաղափարական յաւելուածի երկրորդ համարը հրատարակելով: Առաջինին եւ երկրորդին միջեւ ժամանակի հեռաւորութիւնը կը յուշէ, որ նման նիւթերու հաւաքն ու խմբագրական աշխատանքը կը հանդիպի որոշ դժուարութիւններու, յատկապէս` գաղափարաբանական առանցքներու շուրջ միտքեր բանաձեւելու, մտածումներ զարգացնելու եւ այդ բոլորը խմբագրական տեսքի բերելու ուղղութեամբ:

Ընթերցողը արդէն նկատած է, որ գաղափարական դէմքի մը յոբելեանը կարեւոր առիթ նկատելով` խմբագրութիւնը կը փորձէ գաղափարաբանական հայեացքներով եւ վերլուծումներով ընթերցող հանրութեան ներկայացած յօդուածագիրներու դիմել եւ զանոնք հրաւիրել աշխատակցելու:

Իւրաքանչիւր յաւելուածի հրատարակումէն ետք քանի մը առիթով քննարկումներ, ո՛չ միայն կատարուածին մասին գնահատական տալու, այլ նաեւ նորին բովանդակութիւնը նախագծելու` այս ոլորտին մէջ խմբագրական աշխատակարգի կը վերածուին:

Նպատակը, անշուշտ, գաղափարական ամայացման միտումներուն դէմ որոշ քայլեր առնելն է եւ հոսանքն ի վեր թիավարելու ճիգերը շարունակելը:

Մեծն Ռոստոմի մահուան 100-ամեակը առիթ էր, որ գաղափարական եւ գաղափարաբանական մտածողութեան զարգացման խմբագրական ելակէտ մը ապահովուէր` արխիւային նիւթերու, յեղափոխական գործի ազնուագոյն դէմքին մտածումները, կենդանի օրինակը, խմբագրականներն ու նամակները լոյսին բերուէին եւ բոլորիս թելադրէին գաղափարաբանական այժմէական հարցերու արծարծման եւ խորացման փորձեր կատարել` այնպայման մտաբերելով Ռոստոմի եւ իր սերնդակիցներուն դաւանած բարոյագաղափարական արժէքները եւ զանոնք ԳՈՐԾ-ին մեկնակէտն ու յենասիւները նկատելու անտեղիտալի սկզբունքները:

«Ա.»

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>