Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

«Ճամբորդութիւն Յիշողութեան Մէջ»

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Սիրելի՛ Պօղոս Շահմելիքեան,

Գովելին ու համովը «Ազդակ»-ի սուրճը չէ միայն, գովելի են նաեւ անոր նախաձեռնութիւնները, որոնց շարքին է  այս շնորհահանդէսը: Բնականաբար գովելի է նոյնպէս նախաձեռնութիւններուն ընդառաջումը ձեր բոլորէն եւ յատկապէս այսօրուան մեծարեալէն ու անոր ազնուափայլ տիկնոջմէ, որոնք հեռաւոր Ամերիկայէն կու գան` հաւանաբար տրամադրելով տարեկան իրենց արձակուրդին կարեւոր բաժինը:

Անմիջապէս ըսեմ, որ իմ տեղս վաւերական գրաքննադատ մը հաւանաբար աւելի  հանգամանաւոր անդրադարձներով  հիմնաւորէր իր տեսակէտները, քան` անձիս փորձը, որ խոստովանիմ, թէ առաջինն է իր տեսակին մէջ:

Գերշ. առաջնորդ սրբազան, յարգելի ներկաներ,

Ամէն բանէ առաջ եւ իբրեւ հաստատում յայտնեմ, որ Պօղոս Շահմելիքեանի յօդուածներէն վճիտ կը ցոլայ ՄԱՐԴԱԿԵԴՐՈՆ  մտածողութեամբ հեղինակ մը, որ կը հաւատայ ՄԱՐԴ կոչուած տեսակին ու անոր  գերազանց արժէքին: Լուսահոգի Գէորգ Գանտահարեանին նուիրուած «Ամէնուն ուսուցիչը»  վերնագրով իր յօդուածին մէջ (էջ 211), ընկերներուն հետ կենցաղային զրոյցի մը ընթացքին կ՛ըսէ. «Ես բարեկամութիւնը, ընկերային կեանքը կը սիրեմ»: Ընկերներէն մին կ՛առարկէ, թէ դրամ ունենաս` ընկեր ալ կ՛ունենաս, եւ` ամէն տեսակ վայելք: Ինք հաստատ կը պնդէ, որ առանց հարուստ ըլլալու,  մեծահարուստ կը համարէ ինքզինք` բարեկամներ ունեցած ըլլալուն համար: Ապա, տեղեկանալէ ետք, թէ հանգուցեալ «Ամէնուն ուսուցիչը»  սիրելին եղած է զինք ճանչցողներու բոլորէն անխտիր, կ՛ըսէ. «Շատ սիրելի մայեսթրօ, ննջէ հանգիստ, որովհետեւ դուն ալ, առանց հարուստ ըլլալու, մեծահարուստ մըն ես…»:

Նոյնպէս, իր գրութիւններէն աւելի վճիտ կը ցոլայ հեղինակին Հայօղլու հայ անհատը` հայու յատուկ ներքին խռովքներով, մերթ վհատ ու մելամաղձոտ, երբեմն հպարտ ու գալիքով յուսալի, բայց միշտ` զգաստ, որեւէ պարագայի, վհատութեան թէ հպարտութեան մէջ միշտ զուսպ, առանց հռետորական աւելորդ ու անհարկի զեղումներու:

Հիմա` գիրքին մասին.

Մուտք.

Կէսօրուան ճաշէ ետք օր մըն էր, գիրքը կը բանամ, որ կարդամ ու կարգ մը մտածումներ նոթագրեմ: Կը թաղուիմ  ընթերցումի մէջ: Ժամանակ մը վերջ  կը խանգարուիմ կնոջս ձայնէն, որ կ’իմացնէր, թէ յետմիջօրէի սուրճս արդէն պատրաստ է եւ` «կը պաղի կոր»: Շուրջ երկուքուկէս-երեք ժամ կլանուած եմ ընթերցումով ու` ոչ մէկ մտածում նոթագրած: Այդ պահուն կ՛ունենամ առաջին մտածումս, որ այս գիրքով նոր հարստութիւն մը կ՛աւելնայ մեր գեղարուեստական գրականութեան գանձարանին մէջ:

Ինչո՞ւ այս հաստատումը: Պարզ անոր համար, որ անձս` իբրեւ միջին ընթերցող մը, աւելի քան երկու ժամ յափշտակուած էր կարդացածներով, հակառակ անոր, որ անոնց մեծ մասը նախապէս կարդացած էր «Ազդակ»-ի սիւնակներուն մէջ…

Ի՞նչ է արդէն 7 արուեստներուն հիմնական յատկանիշը: Պարզապէս այն, որ անոնք իրենցմով կը գրաւեն, կը վերացնեն քեզ ու անձդ կը կտրեն շրջապատէն:

Գիտէք, բոլոր արուեստներու պարագային,  հեղինակները կը ստեղծագործեն, բայց իրենց անձը ընդհանրապէս չկայ, չ՛երեւիր իրենց իսկ ստեղծագործութիւններուն մէջ: Գեղանկարի մէջ նկարիչը չկայ, թատերական բեմի վրայ դերասանին անձը չկայ, կայ այն տիպարը, որ կը մարմնաւորէ ինք: Գեղարուեստական գրականութեան մէջ ալ կ՛ակնկալուի, որ գրագէտը ինքզինք չներկայացնէ, ոչ ալ կեղծ տիպարներ ստեղծելով` անոնց արտասանել տայ իր սեփական մտածումները, այլ ան (գրագէտը) հետազօտիչ աչքով պիտի թափանցէ երեւոյթներու, մարդկային յարաբերութեանց խորքը, պիտի պեղէ հոգիներու ընդերքը  եւ գիրի ու խօսքի ճամբով իր տեսածները պիտի հրամցնէ այնպէս, ինչպէս որ են անոնք, այնպէս, ինչպէս որ ի՛նք կը տեսնէ  զանոնք: Ինք տեսնո՛ղն է ու տեսածները պատշաճ ոճով ներկայացնո’ղը, ո՛չ աւելին: Կա՛րճ, գրագէտը իր անձը չէզոքացնել փորձելով, կեանքի բեմը պիտի բանայ եւ վիճակներ պիտի պարզէ ընթերցողին առջեւ:

«Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքը` իբրեւ գեղարուեստական  երկ.     

Հիմա, կեդրոնանալով «ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» գիրքին վրայ, կը հաստատենք, որ բացի երկու-երեք բացառութիւններէ,  հեղինակը ամէն տողի ու պատկերի մէջ ներկայ է, իր բացած կեանքի բեմին ու պարզած վիճակներուն գլխաւոր դերակատարը, առա՛նցքը իր անձն է: Ասիկա, սակայն, հակառակ գրական արուեստի մասին իմ յայտնած  ըմբռնումին, կազմած է  հրապոյրը իր գրութիւններուն: ԻՆՉՈ՞Ւ, ԻՆՉՊԷ՞Ս…

– Ճիշդ է, որ իր գրութիւններուն առա՛նցքն է  ինք` Պօղոս Շահմելիքեանը,  իր անձին շուրջ կը դառնան իրադարձութիւնները, բոլոր պատահարները,  բայց եւ այնպէս կը հաստատենք նաեւ, որ ոչ մէկ պատկեր գունատած է, ոչ մէկ վիճակ նսեմացած է, իմաստազրկուած է իր ներկայութեան պատճառով: Ամէն տեղ ընթերցողին վրայ տիրապետողն ու ներազդողը ներկայացուած վիճակներն են: Ան ինքզինք դրած է այնպիսի հմտութեամբ, նրբազգաց վարպետութեամբ, որ կը զգաս, թէ կրնար հեշտութեամբ իր անձը փոխարինել ուրիշով մը: Հոս է արդէն, իմ կարծիքով, իր արուեստին մեծ հրապոյրը: Եթէ  իր անձը փոխարինուէր երրորդ դէմքով մը` Յակոբով մը, Յովսէփով կամ Սարգիսով մը, տարբերութիւն պիտի չընէր: Բայց ինք նախընտրած է իր «ես»-ը, ինչ որ աւելի փաստացի կը դարձնէ պատկերներուն վաւերականութիւնը եւ հարազատութիւնը: Աչքով տեսածին, մորթին վրայ զգացածին, ապրուած ուրախութիւններուն ու տխրութիւններուն վկայութիւնն է, որ գիրի վերածելով` յանձնած է թուղթին, մեզի: Կ՛ունենաս տպաւորութիւնը, թէ իր անձին, իր եսին ներկայութիւնը գրութիւններուն մէջ անխուսափելի շարժառիթն է, թերեւս` պատրուակը, որ ընթերցողին առջեւ բանայ կեանքի բեմը եւ պատկերներու ճամբով  վիճակներ ներկայացնէ:  Եթէ երրորդ դէմքով ներկայացնէր պատկերները, հաւանաբար  նուազէր  հրապոյրը, որով  անոնք մուտք կը գործեն  գեղարուեստական գրականութեան դարպասէն:

Գիտէք` առաջին դէմք գործածող հեղինակները ընդհանրապէս փորձութեան մէջ կ՛իյնան ընթերցողը յոգնեցնող անհարկի նկարագրականներով ու  խորհրդածութիւններով  ծանրաբեռնելու իրենց գրութիւնները: Մինչ Շահմելիքեանինները զերծ են անոնցմէ: Ան ընթերցո՛ղը կը մղէ խորհրդածութեան: Իր խորհրդածութիւնը խտացուած է մէկ-երկու դիպուկ նախադասութեանց մէջ: Ողբերգական պատկերներն իսկ անուշ թախիծով կը բարեխառնէ, ինչ որ  բնական է, քանի որ յիշողութեան մէջ կը ճամբորդէ, եւ գիտենք, որ նոյնիսկ տխուր յիշատակներու վերյիշումը թախծալի-անուշ խառն ապրումներ կ՛առթէ:

Օրինակ, էջ 90.  Նոյն գրութեան մէջ մէկ-երկու մարգրիտ պատկերներ`  «բարի լոյս» վերնագրով:  (Կարդալ տալ, կամ կարդալ` մէկ-երկու հատուած):

Ուրիշ գրողներ ալ «բարի լոյս»-ի մը կամ հայերէն լսելու կարօտը ունեցած են ու գրած` այդ մասին: Կը յիշեմ վաւերական գրող, երկու-երեք էջ  հայերէնին գովքը կ՛ընէ եւ իր կարօտը կը շեփորէ:  Փարչա-կտոր կ՛ըլլայ իր մեծ կարօտին  ողբերգութեամբը վարակելու համար ընթերցողը, բայց կը կասկածիմ, որ կը յաջողի: Պարզապէս ցոյց կու տայ իր կարօտին համար էջեր լեցնելու կարողութիւնը, որուն համար հետաքրքրուած չէ միջին ընթերցողը:

Կարդացէ՛ք Շահմելիքեանին «Բարի լոյս»-ը եւ դուք ալ պիտի հաստատէք ինծի պէս, որ փոխանակ ինքն ըլլալու դերակատարը` կրնար շատ հանգիստ անոր տալ Միհրանի մը կամ Սերոբի մը անունը: Ոչինչ պիտի փոխուէր: Պիտի հաստատէք նաեւ, որ դերակատարը, այսինքն` հեղինակը, առանց մեծ-մեծ բառերու կ՛ապրի ողբերգութիւն մը, բայց` առանց ողբի: Շարժապատկերի մը առջեւն էք կարծէք,  իր առօրեան  է, որ կը պատկերէ պարզօրէն, բայց նաեւ ընթերցողը մելամաղձոտութեամբ  կը համակէ:

Երբ կը կարդաս «Շաբաթ մը դատարանին մէջ»-ը աչքիդ հարազատօրէն կը պատկերանան ժապաւէններու մէջ տեսնուող ամերիկեան դատերը` սուր հիւմըրն ալ` անպակաս: էջ 133:

Եւ այսպէս` գրեթէ բոլոր պատկերներն են:

Ազգային շա՜տ մեծ ողբերգութեան մը կ՛անդրադառնայ հայերէնի ներկայիս պարզած վիճակի մասին` «Մարտահրաւէր» վերնագրով գրութեան մէջ, էջ 113: (Հատուած մը կարդալ):

Կը տեսնէք` հոգին կու լայ, բայց արցունք չկայ աչքերուն եւ… բառերուն մէջ: Մարգարէական-երեմէական նախատեսութիւններ չունի, ոչ ալ` վերամբարձ ճառախօսութիւն: Ընթերցողը  յուզելու կամ տպաւորելու ճի՞գ` բացարձակ չկայ, բայց կը կարդաս եւ կը զգաս, որ քու ալ հոգին անզօրութեամբ կու լայ:

Այս բոլորէն ետք, սակայն, զանցառութիւն պիտի ըլլար, եթէ չընդգծէի, որ Պ. Շահմելիքեան ունի նաեւ շեշտուած զգայարանք մը` երգիծանքի, զուարթամտութեան, որոնցմով յաճախ համեմած է ան իր գրութիւնները, եւ որոնք կ՛աւելցնեն անոնց գրաւչութիւնը:

Ընդգծեմ, որ այս հաստատումս կը վերաբերի գրական արուեստի գրութիւններուն: Նկատի չունիմ նոյն հատորին մէջ մէկտեղուած այն գրութիւնները, որոնք զեկուցագրական բնոյթ ունին  կամ պատմագրական երանգ կը կրեն:

Լեզու-ոճ      

Հիմա, գրքին գրական արուեստին վերաբերող այս անդրադարձէն ետք, քանի մը խօսք ալ` իր ներկայացուցած ձեւին, այսինքն գործածած լեզուին, ոճին մասին…

Այնպէս` ինչպէս գեղանկարիչը  իր մտքի յղացումը պաստառին տալու համար կը գործածէ  ներկն ու վրձինը, նոյնպէս գրագէտն ալ կեանքի պատկերներ բանալու  կամ մտածումը յայտնելու համար կը գործածէ լեզուն, ոճը: Սա ձեւական ու մակերեսային դատումով կը նշանակէ, թէ ինչպէս ներկը գեղանկարի համար, նոյնպէս եւ լեզուն գործիք են, այսինքն միջոց են` յղացում մը, նպատակ մը իրագործելու սահմանուած: Ուրեմն, պարզացուած տրամաբանութեամբ կը նշանակէ՞ արդեօք, թէ լեզուն կամ գոյնը միջոց համարուելով` նուազ կարեւոր են, մինչ բո՛ւն կարեւորը ըսուելիքն է, նիւթն է: Ո՛չ անշուշտ, բացարձակ այդպէս չէ: Այս երկուքը` լեզու-ոճը եւ նիւթ-բովանդակութիւնը այնքան ագուցուած են իրարու, այնքան պայմանաւորուած են իրարմով, որ առանց մէկուն` միւսը չի կրնար գոյութիւն ունենալ, չ՛ըլլար: Մեր մարմնին «միսն ու ոսկոր»-ին պէս են: Անհնար է մէկը միւսէն աւելի կարեւորել, կամ անջատաբար գնահատել, գէթ` գրական արուեստի մարզին մէջ:

Այս «միջոց» ըսուածը, այսինքն լեզուն կամ ոճը շատ աւելի կարեւոր դեր ու նշանակութիւն ունի գրական արուեստին մէջ, քան` «նպատակը», այսինքն` նիւթ-բովանդակութիւնը, քանի անով է, որ  կեանքի բեմն ու պատկերները կը բացուին: Աւելի՛ն. յաջող ոճը գռեհիկ պատկերն իսկ արուեստի մակարդակին կը բարձրացնէ ու  զայն կը գեղեցկացնէ, եւ հակառակը` կեանքի գեղեցիկ պատկեր մը ձախորդ ոճով տաղտկալի կը դառնայ, կը գռեհկանայ:

Հիմա պիտի հարցնէք, թէ ո՞րն է ցանկալի ոճը: Պատասխանս պիտի ըլլայ` ՊԱՐԶ ՈՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿԱՆ  ԼԵԶՈՒՆ, որ անմիջական կապ ու մտերմութիւն կը ստեղծէ ընթերցողին ու նիւթին միջեւ: Ընթերցողը նիւթին  կը կապէ այնպէս, ինչպէս անձս կապուեցաւ այս գիրքին, որուն անդրադարձայ խօսքիս սկիզբը: Թէ ինչպէ՛ս ոճ մը պարզ ու հաղորդական կրնայ  ըլլալ, պատասխանը չունիմ: Կը կարծեմ, որ պարզութիւնն ու հաղորդականութիւնը տաղանդի խնդիր է, որուն շնորհիւ գրագէտը կը յաջողի իր նիւթն ու ոճը ներդաշնակել այնպէս, որ անոնք մէկ մարմին, մէկ միաւոր դառնան: Շատ գրագէտներ, յաճախ` անուանի, չեն յաջողիր ներդաշնակել այս երկուքը եւ ուժը կու տան ոճային յարդարանքի: Կը զգաս, որ անոնք տքնած են, երկունքի մէջ մտած են, որպէսզի իրենց ոճովը տպաւորեն ընթերցողը: Եւ կը ստացուի հակառակը,  այդ «պերճ» կարծուած ոճը պատճառ կ՛ըլլայ, որ խորթութիւն յառաջանայ ընթերցողին ու նիւթին միջեւ: Կան նաեւ գրողներ եւ… խօսողներ, որոնք կ՛անդրադառնան, որ ըսելիքնին այնքան ալ նոր յայտնութիւն չէ, տպաւորիչ չէ, եւ կը դիմեն հռետորաբանութեան, հռետորական ոճի  գործածութեան:

Այս տեսակէտով, մեր անկրկնելի վիպասանը` Րաֆֆին, գտած ըլլալ կը կարծէ յաջողելու բանալին, երբ կը թելադրէ «խօսիլ այնպէս, ինչպէս որ կը գրենք, եւ գրել այնպէս, ինչպէս որ կը խօսինք…»:  Այս ըսուածը դիւրին կիրարկելի կը կարծուի, բայց էութեան մէջ անիկա  ամէնուն տրուած շնորհ չէ…

Շահմելիքեան Պօղոսը նիւթն ու լեզուն, ձեւն ու բովանդակութիւնը ներդաշնակող, զանոնք իրարու  կապող ու մէկ միաւորի վերածող, յաճախ նաեւ թեթեւ երգիծանքով համեմուած, պարզ ու հաղորդական  ոճ մը ունի, որուն շնորհիւ` իր գրութիւնները  հաճելիութեան սահմանէն անդին կը տանին ընթերցողը եւ իրենցմով կը յափշտակեն զայն, ինչ որ, կը կրկնեմ, յատկանիշն է արուեստի որեւէ ժանրի պատկանող երկերու:

 Բովանդակութիւն եւ եզրակացութիւն. 

Դէպի յիշողութիւն ճամբորդութեան մէջէն հեղինակը  մակերես կը բերէ ընդհանրապէս Լիբանանի եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքի գերազանցօրէն մարդկային երեսը, յարաբերութեանց ջերմութիւնը, առտուան «սուպհիէ»-ներէն սկսեալ, առանց ժամադրուած ըլլալու իրարու տրուած այցելութիւնները: «Հրէշային» յիշողութեամբ մը կը նկարագրէ հին օրերու հայ տիպարներ, բարքեր, դարմանումի հնաւանդ մեթոտներ, մանկական խաղեր` գնդիկ, չելլիք, հոլ, հինգ քար, ղըժղըժ, կաղամար-գրիչէն դէպի սթիլօ եւ անկէ ալ  չոր մելան անցումը, Ալլահ Զաքարի փոստան ու հայկական Շթորան եւ այլն…  Կը նկարագրէ հայկական հին թաղերը, ուր դրացիները դրացի չէին, այլ ընտանիքի անդամներ էին: Կարծէք տարբեր առաստաղներու տակ ապրող  մէկ ընտանիք կը կազմէին այդ թաղերը: Հոն օրը կը սկսէր բարի լոյսով ու կը վերջանար գիշեր բարիով:

Կը ներկայացնէ այդ թաղերու ջերմ ու մտերմիկ, այլեւ դժխեմ կեանքը,  եւ հայ մարդոց ու ընտանիքներուն վերապրումի մղձաւանջային  մաքառումները, որոնք տարիներուն  հետ  հետզհետէ ձեւ ու կերպարանք կ՛առնեն ողորմելի վիճակէն վերածուելու համար լիբանանեան կազմակերպ հայօճախի` դպրոցներու, եկեղեցիներու, ակումբներու ցանցով, մշակութային ու մարզական աշխուժութիւններով, քաղաքական ազդու ներկայութեամբ, Հայ դատի պայքարունակ նախաձեռնութիւններով ու տնտեսական բարգաւաճումով` հասնելու համար հոն, ուր ամրան երեք-չորս ամիսներուն Տուհուր Շուէրէն Պոլոնիա ու Մրուժ բոլոր ճաշարաններէն  կը լսուէին հայկական երգն ու երաժշտութիւնը:

Պօղոս Շահմելիքեանի գիրքին ամբողջութիւնը  ապրուած կեանքի պատմութիւն մըն է` գրուած հոգածութեամբ, կարօտով ու անուշ թախիծով, պարզ ու հաղորդական ոճով եւ իբրեւ այդպիսին, ըստ ինծի, ան նոր հարստութիւն մը կ՛աւելցնէ մեր  գեղարուեստական գրականութեան վրայ:

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ Պօղոս:

Աթէնք, մայիս 2019

13 յունիս 2019-ին, «Փիւնիկ սրահին մէջ, Պէյրութ, կայացած  Պօղոս Շահմելիքեան «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքի շնորհահանդէսին արտասանուած խօսք։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles