ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տարեկան 43-րդ համաժողովը պիտի գումարուի Պաքուի մէջ, 30 յունիսէն 10 յուլիս 2019: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որ կոչուած է մշակութային կոթողներ, կառոյցներ, այլ խօսքով, մշակութային ժառանգութիւն պահպանելու, իր համաժողովը գումարելով Ազրպէյճանի մէջ, ոչ միայն ինքզինք կը հակասէ, այլեւ աչք կը խփէ տարիներ առաջ իր իսկ պահպանած արձանագրութեանց, որոնց մէջ բառացիօրէն կը վկայագրէր, որ ազերի զինուորներ պետական հրահրումով եւ ծրագրումով քանդած ու Արաքս գետ թափած են Նախիջեւանի հայկական հարիւրաւոր խաչքարերը:
Ազրպէյճանի մէջ նման ժողովի մը գումարումը այդ երկիրը կը դասէ մշակութային ժառանգութիւններու պահպանման սատարող պետութիւններու շարքին:
Սա ոչ միայն անարդարութիւն է, այլ արհամարհանք` մշակութային ժառանգութիւններու նկատմամբ եւ թողութեան շնորհում` պատմական վկայութիւնները ոչնչացնող պետութիւններու: Երեւոյթ մը, որ առաւել բարբարոս կրնայ դարձնել Ազրպէյճանի նման պետութիւն մը` հայկական կոթողներն ու մշակութային հետքերը ոչնչացնելու եւ մշակոյթ հասկացողութիւնը արհամարհելու իմաստով: Մշակութասէր ըլլալը լոկ քարիւղով հարուստ ըլլալ չի նշանակեր: Մշակութասէր ըլլալը քաղաքակրթութեան կնիքը կրել կը նշանակէ առաւելաբար: Իսկ Ազրպէյճան վերջին տարիներու իր վարքագիծով ապացուցեց, որ զուրկ է նման կնիքին շնորհած փոխըմբռնումի եւ գիտակցութեան յատկութենէն եւ կը խօսի միայն քարիւղի, կաշառքի ու խաւեարային դիւանագիտութեան լեզուով:
Արդարեւ, եթէ հայկական կողմը պետական համապատասխան մարմիններուն կամ համահայկական մշակութային կազմակերպութիւններուն միջոցով ձայն չբարձրացնէ ու լուռ հետեւի Պաքուի մէջ իրականացող այս համաժողովի ընթացքին, ինք եւս թողութիւն շնորհած պիտի ըլլայ բարբարոսներուն:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն վերջին տարիներուն, ցանկագրումներէ բացի, ոչ մէկ լուրջ քայլի դիմած է իսլամական թէ քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեանց պահպանման իմաստով: Սուրիոյ մէջ ականատեսը եղանք պատմական յուշարձաններու, դամբարաններու, քաղաքներու քանդումին® եւ լուռ էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն` հակառակ իր կոչումին: Քաղաքական եւ նիւթական շահերու իրաւունքը կը խօսէր փաստօրէն:
Եթէ լռութիւնը մէկ յանցանք է, բարբարոսը մեծարելը` երկրորդ եւ աւելի մեծ յանցանք:
Ժողովի գումարման թուականը մօտեցած է արդէն: Կարելի չէ՞ օտար լեզուներով հաղորդագրութիւններ ու տեսանիւթեր տարածել, ժողովի իսլամ թէ քրիստոնեայ մասնակիցներուն նամակներ յղել, որպէսզի դատապարտուին այլոց մշակոյթը ատելով քանդողները` իրենց իսկ տան մէջ:
Սա որքան պարզ, նոյնքան կարեւոր քայլ կրնայ ըլլալ, բարբարոսական նման քայլերէ զերծ պահելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նման երկիրներ:
Վերջին տասնամեակներուն քրիստոնէական թէ իսլամական մշակութային ժառանգութեանց դիտումնաւոր, նոյնիսկ պատկերասփռուող քանդումները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն արհամարհելու կոչուած յստակ քայլեր էին: Ինչո՞ւ ուրեմն այս կազմակերպութիւնը տէրը չի կանգնիր իր կոչումին եւ սկզբունքային գործելաոճով իսկական պահապանը չի դառնար մշակութային ժառանգութեանց:
Հայկական լրատուամիջոցներէն, մշակութային միութիւններէն, պետական կառոյցներէն ու պատմագէտներէն լուրջ քայլեր կ՛ակնկալուին այս ուղղութեամբ: Սա ոչ միայն հայկական մտահոգութիւն է, այլ համաշխարհային քաղաքակրթութեան սպառնացող վտանգ, որ լուրջ պատասխանատուութեան պէտք է հրաւիրէ առնչուող կողմերը: