ՄԱԿԱՐ
Կեդրոնականցի Արմենակ ուրախ էր, որ իր զարմիկ Պերճը Հայաստան հաստատուած էր: Հանդիպեցանք Ամիրեան փողոցի սրճարանը:
Պերճ խօսող չէր: Բայց Արմենակ զայրացած էր եւ պատմեց.
– Մակա՛ր, Պերճը եկած է, Երեւանէն դուրս հողամաս գնած եւ` տուն կառուցած: Իր տան կահոյքը, խոհանոցային իրերը, գիրքերը, նկարները, ինչ որ ունի, հոս պիտի բերէ, քընթէյնըրով: Հետաքրքրուած է, թէ ինչպէ՛ս անոնք Հայաստան մուտք պիտի գործեն: Իր փաստաբանը դիմած է մաքսային: Պատասխանած են, որ պէտք է յայտարարել դգալի, պատառաքաղի, դանակի, նկարի, գիրքի, աթոռի, սեղանի, ինչ որ կայ, կօշիկի, հագուստի, շապիկի, ներքնազգեստի թիւը, եւ` մէկ առ մէկ արձանագրել: Գրել նաեւ իւրաքանչիւր աթոռի քիլոն եւ գիրքի գինը: Քառասուն տարուան ընտանիք է: Ինչե՜ր կ՛ամբարուին տասնամեակներու ընթացքին:
Պերճ լուռ մտիկ կ՛ընէր յուսահատ: Իր կարգին աւելցուց.
– Ըսած են, որ մաքսի ընդհանուր գումարը յայտնի կ՛ըլլայ, երբ մեր ունեցուածքը հասնի: Գիտէք` քընթէյնըրը մեծ գումար է, եթէ մաքս ալ վճարենք, հոս նորը կրնանք գնել: Քսան-երեսուն տարուան հնութիւն ունեցող տնային առարկաները վաճառականութեան համար պիտի չբերեմ: Ըսած են նաեւ, որ թող ապրանքները գան, յետոյ կ՛որոշենք: Ճշդուած է նաեւ, որ երբ ապրանքը հասնի, իւրաքանչիւր օր, որ կը մնայ մաքսատան մէջ, վարձք կը վճարուի: Ինչպէ՞ս մէջէն պիտի ելլեմ. քընթէյնըր, մաքս եւ վարձք, եւ եթէ հարցը տնտնայ, վարձքը կը բազմապատկուի օրերու գումարով:
Արմենակ շարունակեց:
– Հայրենադարձը իր տունը պիտի փոխադրէ, որ իր կեանքին վկայութիւնն է: Ինչո՞ւ այս անտեղի կաշկանդումները: Ի դէպ, ո՞վ գիտցած է, թէ իր նստած աթոռը քանի քիլօ է:
Ես ալ զարմացայ եւ ըսի.
– Պետական սնտուկին եկամուտ ապահովելու համար բոլոր միջոցները լաւ են:
Իսկ Կեդրոնականցին հայրենադարձական իմաստութեամբ աւելցուց.
– Ես կը խորհէի, որ հայրենիքը ինք միջոցներ պիտի տրամադրէր, որպէսզի հայրենադարձը դիւրութեամբ եւ անտաղտուկ տուն-տեղ ըլլար, հողը բնակիչ ունենար, բնակչութիւն, որ հիմնական է երկրի պաշտպանութեան:
Պերճ, որ կը հետեւէր զրոյցին, ըսաւ.
– Զաւակներս եթէ այս լսեն, զիս պիտի քննադատեն, եւ իրենք այլեւս պիտի չուզեն լսել հայրենադարձութեան մասին:
Իսկ Կեդրոնականցին, ինչպէս յաճախ կ՛ընէ, ըսաւ.
– Մակա՛ր, ընկեր-բարեկամներուդ եւ թերթերուն գրէ՛ այս մասին` յուսալով, որ բազմազբաղ եւ օրէնք մշակողներ ժամանակ կը գտնեն եւ կը կարդան: Թերեւս բան մը կը փոխուի, ոչ միայն Պերճին համար, այլ` բոլոր անոնց համար, որոնք կարօտով կ՛ուզեն վերադառնալ իրենց հայրենիքը:
Հիմա չեմ գիտեր, թէ Պերճին քընթէյնըրը Հայաստան պիտի գա՞յ, թէ՞ ոչ:
Այս կարգի հարցեր ազգի հարցեր են, ամբոխ քնացնող ճառ եւ խոստում չեն:
Երեւանի ցուցարարները օր մը պիտի ուզե՞ն գիտնալ ցանկալի աթոռներու կշիռը` ըստ նստողներու կշիռի կարեւորութեան:
21 յունիս 2019, մայրաքաղաք Երեւան