ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս ամառ ալ որոշած եմ արձակուրդս անցընել հայրենիքիս մէջ: Ծրագրած եմ արդէն: Հայաստան պիտի երթամ, շաբաթներու համրանքով:
Արդէն իսկ, մանուկի նման, խանդավառ եմ: Կը զգամ: Թերեւս ուրիշներ չեն զգար բնոյթը այս բառին: Ու գաղտնիք մը չէ, երբ յայտնեմ, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր անոր արմատները ներսս էին, հոգիիս մէջ: Արմատներ, որոնք ցանուած էին ծնողքիս ու ծննդավայրիս կողմէ, եւ որոնք միեւնոյն ատեն ցեղիս կեանքը կը բնորոշէին: Անոր համար, միշտ կարօտը սրտիս, երազած էի այցելել:
Իսկ հիմա` այս օրերուն, ահա կրկին ստեղծած էի պատեհութիւնը: Ներքին ձայն մը արդէն սկսած էր առաջնորդել զիս, պարզ, խոր, նուրբ եւ նոյնքան ալ` աւանդական: Պիտի երթամ եւ անպայման կրկին անգամ դիտելու Արարատի անբացատրելի հմայքը, հարուստ եւ անհրաժեշտ ներաշխարհովս: Եւ տակաւին` նաեւ վայելելու անշպար գեղեցկութիւնը հայրենիքիս ու մեր Երեւանին: Ծրագրած եմ արդէն: Հոն դարձեալ պիտի ուզէի միշտ հանդիպիլ հին ու նոր բարեկամներուս, ինծի ծանօթ հայրենի կրթական մշակներու, ծննդավայրէս` նախկին աշակերտներուս, հայրենակիցներուս, նոյնիսկ դրացիներուս: Անբացատրելի հոգեկան վայելք: Կեանքս կրկին պիտի լեցուէր վերապրելու կամքով: Անհամբեր եմ: Կարծես` յուշերս արդէն սկսած են տրոփել միտքս: Չեմ ուզեր, որ երազներս լռեն: Նոյնիսկ անկարելի է, դժուար է համրել մտածումներս: Այսպէս եմ, ի՞նչ կրնամ ընել: Կ’արդարանամ:
Նոր յայտնութիւններ չեն այս տողերը, որոնք ընդգծելի դարձուցած եմ վճիտ իրողութեամբ:
Սակայն յանկարծ…
– Այս օրերուն ո՞ւր կ՛երթաս… չե՞ս լսեր…- բարեկամներէս մէկուն անակնկալ այս հարցումը եկած էր խանգարելու մտքիս հեզասահ թելերու շարքը: Աւելի՛ն. «նախկին նախագահ, նոր վարչապետ, ճամբաները փակել, դատարան եւ դատաւորներ, կաշառք եւ անարդարութիւն, խախտումներ, ցոյցեր, ճամբաներ փակել» եւ աւելին` «գունաւոր» եզրակացութիւններ` երկար-բարակ բառերու եւ խօսքերու շարանով շաղախուած ու անօրինակ նախադասութիւններով հրամցուած:
Վայրկեանին շրթներս պինդ բռնած, յօնքերս ալ կուտակուած, ինքզինքս ինքնաբերաբար գտայ կեանքիս ճեղքուած ճամբուն վրայ: Կանգնեցայ լուռ ու մտածկոտ: Շուարած էի:
Թերեւս ճիշդ կամ արդարացի էին այդ բոլոր խօսքերը, որոնք զիս անզգալաբար տարած էին այն եզրակացութեան, թէ ինչպէ՛ս հայրենիքս պիտի գտնէի այս օրերուն: Իրապէս, որ միտքս տակն ու վրայ եղած էր, ու երազներս ալ խառնուած ու պղտորած էին: Մտահոգ էի: Թէեւ շրջապատիս մէջ կը խօսէի, կը խնդայի, կը ծիծաղէի, սակայն ներսս կար, գոյութիւն ունէր ներքին կշռոյթ մը, որ սրտատրոփ կ՛արձագանգէր:
Ուստի, ուզեցի այս անգամ ալ գրիչիս բերանը ազատ պահել մտքիս բացուած հորիզոններուն դիմաց:
***
Արդ, ատկէ ետք, կը զգայի, որ միտքս ուրիշ «բան» մըն էր, որ կը փնտռէր: Անանուն եւ անօրինակ: Եւ ինքնաբերաբար օրուան լուրերուն աւելի մօտէն սկսած էի հետեւիլ:
Ճիշդ էր, որ մեր Հայաստանը ուրիշներուն «Արմինիա»-ն էր, կ՛ըսէի մտովի ու հոն, այդ տարածքին վրայ, քառորդ դարէ ի վեր ազատ եւ անկախ իր գոյութիւն ունէր, կը շնչէր, բայց կարծես հիմա, այս օրերուն, կրկին ներքին խառնակ վիճակ մըն էր, որ կ՛ապրէր: Ու միւս կողմէ, ինչպէս միշտ, տեսանելի է, թէ ինչպէ՛ս դարձեալ աշխարհը բաց աչքերով է, որ զինք կը դիտէր: Բայց…
Հաստատ է, որ ներկայիս հոն կայ նոր մտածելակերպ եւ տակաւին ինծի համար յաճախ անհասկնալի ու գաղտնի կեանք: Այս բոլորը աղուոր անկեղծութեամբ կ՛ըսեմ ու կ՛աւելցնեմ. թէեւ հոն հարցեր կան` ժայռերու նման ցցուած, բայց միեւնոյն ատեն հարցերը լուծելու լաւ տրամադրութիւն ալ կայ: Անմեղօրէն կ՛արդարանամ:
Իրականութիւն է, որ մեր երկիրը ներքին փոխանցման դժուարին պահեր կ՛ապրի: Անկասկա՛ծ: Անոր համար բոլորս ալ հակասական եւ անհաւասար տրոփումներ ունինք: Բնական է եւ մարդկային:
Սակայն մի՛ մոռնաք, որ միշտ չենք կրնար լաւի ու վատի նկատմամբ անտարբեր մնալ: Հարցերը միայն լոյսին բերելը լուծում չէ: Էականը անոնց լուծման ձեւն ու ուղին որոշելն է: Տեսնուած է, որ մեր հայրենիքին մէջ երբեմն պատմութեան անիւը ծուռ դարձած է: Ու իբրեւ բնական հետեւանք` արդիւնք` հայ միտքը քալած է աշխարհի բոլոր կողմերը: Ազատօրէն շնչելու: Ապրելու: Գոյատեւելու:
Ու միշտ եւ ամէն առիթով կրկնած եմ, որ նման իրականութեան համար լայնախոհ եւ լայնամիտ մարդոց համախումբումն է կարեւորը: Ժամանակի դէմ չենք կրնար թիավարել: ժամանակը արագ կ՛անցնի, եւ մենք յաճախ շատ քիչ անգամ կ՛անդրադառնանք անոր անողոք սլացքին: Ուստի ներքին հաւատքին ուժ պէտք է տրուի, կը կրկնեմ բարձրաձայն: Գիտենք, որ հոն մաքուր միտքեր եւ համոզումներ կան, որոնք դարերէ ի վեր խարսխուած են հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատքին վրայ:
Այս օրերուն նոր Հայաստան կը շեփորենք եւ սակայն յաճախ կը մոռնանք հայութեան բոլոր մասնիկներու ներկայութիւնը ապահովելու այս գործընթացին յաջողութեան համար: Այս` հոգեկան հայրենիքի մը ներկայութեան բարոյական յաղթանակին սիրոյն:
Յիշենք: Հայ կեանքը ամէն «բանով» լեցուն է: Սակայն չմոռնանք, որ մեր երկրին կառուցումը կապուած է պարզ հայ մարդուն, անոր կառուցողական ոգիին, հայրենասիրական կորովին:
Ուստի դարձեալ հարց է` ինչպէ՞ս գտնել հայ կեանքի իմաստը, երազի նման, սահուն եւ պարզ: Ինչպէ՞ս գտնել կեանքի ձեւը` իր նոր գոյատեւման իմաստներով օղակուած: Պատասխանը մօտս չէ:
Նոր շրջան մըն է, որ ազգովին կ՛ապրինք: Հինը փուլ կու գայ մեր աչքին առջեւ: Նշմարելի է: Կարծես` անցեալի եւ ապագայի հետ ներքին պայքար մը ունինք: Կը մոռնանք սակայն, որ բոլորս հայեր ենք: Ազատ ծնած ենք եւ կ՛ապրինք: Ուստի ազատ ենք հարց տալու եւ կրկին ու կրկին զայն «հոլովելու»: Պարտաւոր ենք միասին աշխարհին ցոյց տալ մեր ժպտադէմ ու փայլուն ներկան: Անկողմնակալ եւ դրական: Մեր հարցերը ենթագիտակցութենէ գիտակցականի բարձրացնելը մեծ արժանիք մըն է: Արժեւորենք զանոնք: Զիրար հասկնանք: Զիրար գնահատենք եւ յառաջ երթանք: Այս ձեւով Հայաստանը իր բուն նպատակին վերադարձուցած կ՛ըլլանք:
Բայց որո՞ւ կ՛ըսես: Ո՞վ է այս տողերը կարդացողը:
ճիշդ է` ժամանակ է պէտք: Բայց գոնէ բոլորս ալ պատրաստ ըլլանք յանձն առնելու եւ մեր ուժերու մէկտեղումը ապահովելու: Պատեհութիւններ չեն պակսած նման բաներու մասին խօսելու կամ արտայայտուելու մասին: Ուստի կրկնութեան գնով ըսեմ, որ հայ մտքին եւ կամքին աւիշ տուող բազմերանգ դրսեւորումներով տողեր շարուած են եւ` տակաւին: Որովհետեւ բոլորս ալ կը հաւատանք, որ հայրենինքն է մեր բոլորին կեանքի բանալին:
Նաեւ ճիշդ է, որ հոն ամէն «բան» ճերմակ չէ: Բայց ամէն բան «գորշ» գոյն ալ չունի: Սա կը նշանակէ, որ մարդիկ` մտածող ու մտահոգ մարդիկ, անտարբեր չեն այս բոլոր իրականութիւններուն նկատմամբ: Կը հաւատամ, որ հոն կան մարդիկ, որոնք պահած են իրենց հաւատքն ու սրբութիւնը` հանդէպ մեր լեզուին, մեր հաւատքին եւ հայրենիքին:
Հայաստանը եւ անոր հզօրութիւնը, անկախութիւնը եւ հպարտութիւնը մեր բոլորին արեան մէջ է : Աշխատինք միասնաբար զինք պահել աշխարհի կեանքի ամէնօրեայ յայտագրին մէջ: Խրատականէ աւելի` անմեղ ու պարզ ցանկութիւններ են: Սրտբաց եւ դրական:
Հաստատ գիտենք, որ նոր միջոցներու անհրաժեշտութիւնը նոր ու լայն դռներ կրնայ բանալ: Ու այս մէկուն համար իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւորութիւն ունի նախ հանդէպ իր անձին եւ ապա` իր հայրենքին եւ ազգին:
Նման ցանկութիւններու իրականացման համար երիտասարդ սերունդը կարեւոր ներկայութիւն է: Մեր նոր սերունդէն կախեալ է մեր երկրի ապագան: Երիտասարդութեան կը պատկանի հինը նորով փոխարինելու յարմարագոյն ձեւերը փնտռելու աշխատանքը, աւանդը պահելու ճիգը: Առիթ տանք: Արդիական գաղափարներով օժտուած գիտակից ուսանողութիւնն է, որ նոր հայութիւն կրնայ ստեղծել: Հպարտութեամբ կրկնած ենք: Այսօր հոն նոր սերունդ մը կ՛աճի: Ականատեսներ ենք: Հիանալի սերունդ մը: Մեր սերունդէն շատ աւելի լաւ եւ ուսումնատենչ ոգիով զինուած:
Բոլորս ալ անխտիր մեր սպասուած, երազած դրախտը կը փնտռենք մեր երկրին մէջ: Եւ որպէսզի Արարատեան լոյսը յաղթանակէ, պէտք է տոկալ, աշխատիլ, գործել, սիրել, ստեղծագործել գուրգուրալ: Որովհետեւ մեր երկիրը լոյս է: Այսպէս ըսած էին մեր դասագիրքերը: Եւ այդ լոյսի ճառագայթներէն կախուած է մեր կեանքը: Մէկ խօսքով, քաղաքական հասունութիւն, որ կարելի կ՛ըլլայ միայն, երբ ունենանք մեր ներքին աչքը բացող, մեր ներքին ականջը լարող հոգեկան կեցուածք:
Լաւ, հպարտ, հզօր եւ հաստատ երկիր մը ունենալու արմատները, մեր բոլորի մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ են: Մեր կեանքին համ եւ հոտ կու տան: Ազգային ջերմութիւն:
Գիտենք, որ մեր երկիրը աշխարհի տարբեր հոսանքներու տակ կը շնչէ: Հասկնալի եւ նոյնքան ալ անհասկնալի է այս իրականութիւնը: Բայց «Ի՞նչ կրնանք ընելը» բոլորիս համար դաւաճանութեան համազօր է: Մարդը մինչեւ ե՞րբ կրնայ դիմանալ կեանքի անստուգութեան:
Նաեւ ճիշդ է, որ հոն թերութիւններ, անյաջողութիւններ կան, պիտի ըլլան, բայց կարելի է խուսափիլ, երբ քիչ մը աւելի խստապահանջ ըլլանք նախ մենք մեզի հանդէպ: Բոլոր հարցերն ալ լուծելի են: Էականը մեր այդ թերութիւնը միասնաբար վերացնելու ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնն է: Որովհետեւ…
Որովհետեւ բոլորս ալ անխտիր մեր հայրենիքը կը սիրենք: Ինչպէ՞ս կրնաք չսիրել: Ինչպէ՞ս կրնաս բացատրել, որ դուն քու ժողովուրդդ կը սիրես, թէ ո՛չ: Ինչպէ՞ս կրնաս բացատրել, թէ Արարատը քեզի համար սրբութիւն է կամ պատմութիւնն է ազգիդ:
Այս մասին խօսիլն իսկ ամօթ է: Մի՛ մոռնաք: Հայրենիքի նկատմամբ այդ սէրը ամէն հայ իր ներսիդին կը կրէ: Հայրենիքը կը սիրես ո՛չ անոր համար, որ փոքր է կամ մեծ, մաքուր կամ գեղեցիկ է, այլ` անոր համար, որ քո՛ւկդ է: Սեփականութեան հաճոյք: Ազգային հպարտանք: Քու երկիրդ է: Հողդ է: Քեզի կը պատկանին անոր քարն ու ջուրը եւ նոյնիսկ` փուշը:
Այս բոլորը անբացատրելի իրականութիւններ են:
Տեղ մը կարդացած եմ` հայրենիք ստեղծելը հերոսութիւն է, սակայն հայրենիք շէնցնելը` առաքինութիւն: Ճիշդ է: Կարեւորը` իրականութիւնը երջանկութեան հատիկներով գրուած ըլլայ,
որովհետեւ ե՛ւ հաստատապէս, մեր ապահովութիւնը մեր հողին վրայ է, որովհետեւ մեր ազգի անմահութեան ճամբան Մասիսն է:
Լա՛ւ յիշեցէք, օտարներու պատնէշները յաղթահարող ազգը, ինչպէ՞ս չի կրնար ինքզինք յաղթահարել:
***
Այս բոլորէն ետք, կարծես, ինքզինքս վերագտած եմ ու պատրաստ` հայրենիք այցելելու:
Երջանիկ եմ: