Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Մեր Ժամանակը Այսպէս Բաներ Չկային…

$
0
0

ՇԱՂԻԿ ԿՈԿՈՆԵԱՆ-ՉԱՄԻՉԵԱՆ

Մեր ժամանակ ասանկ բաներ չկային… Քանինե՜ր կը պահուըտին այս խօսքի ետին` հաւանաբար պահելու իրենց անգիտութիւնը կամ, դեռեւս, դժուարութիւն ունին փոփոխութիւններ ընդունելու:

Է՜հ, ինչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ ժամանակը կանգ առնէր, եւ ամէն բան մնար այնպէս, ինչպէս որ է: Դիւրին պիտի ըլլար. դիւրին է կառչած մնալ տարիներ շարունակ սովորութիւն դարձած մեր հետեւած ուղիներուն եւ ձեւերուն: Դիւրին է բան չփոխել, ջանք չթափել. դիւրին է պահուըտիլ ապահով պղպջակներու մէջ եւ հեռուէն քննադատել ու այպանել անոնք, որոնք կը փորձեն քայլ պահել կեանքի ընթացքին ու յառաջդիմութիւններուն հետ:

Աշխարհը այնքան արագ կը յառաջդիմէ, որ կը թուի, թէ օրուան 24 ժամերը բաւարար չեն` քայլ պահելու բժշկական, ընկերային, ուսումնական գետնի վրայ տարուող աշխատանքներուն, հետազօտութիւններուն եւ յայտնաբերումներուն հետ: Բայց, այո՛, դիւրին է հեռու մնալ այդ բոլորէն եւ ըսել, որ մեր ատեն ասանկ բաներ չկային, ծուլութիւն է, ծնողքին յանցանքն է, քմահաճոյքի հետեւանք է:

Ի զուր չէ, որ օրէ օր տարբեր մասնագիտութիւններ ի յայտ կու գան եւ ի զուր չէ, որ մեծ աշխատանք կը տարուի մանուկին եւ մարդուն իրաւունքները պաշտպանելու: Վերջ դնելու ամէն տեսակի խտրութեան: Իսկ մենք խտրութիւն կը քաջալերենք ու կը դաստիարակենք, յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտին պէտքերուն կը մերժենք հասնիլ եւ առիթ կու տանք, որ ապագայ սերունդն ալ, մեր օրինակին հետեւելով, մերժողական ու դատողական վերաբերմունք ունենայ անոնց հանդէպ:

Յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտները որոշ թիւ մը կը ներկայացնեն դպրոցներէն ներս: Անոնք նախօրօք կարելի չէ դիտել իբր ծոյլ կամ անկարող: Երբ մասնագիտացած ձեւով կը դիտենք անոնց դժուարութիւնները (ոչ անպայման պիտակներ կամ անուանումներ տալով անոնց), բայց` հասկնալով պատճառներն ու անոնց հետեւանքները, պիտի ընդունինք նաեւ, որ այդ բոլոր դժուարութիւններուն լուծման տարբեր միջոցներ գոյութիւն ունին:

Խօսքս չի վերաբերիր բոլորին: Հազա՛ր շնորհակալութիւն բոլոր այն անհատներուն, ըլլան անոնք տնօրէն, ուսուցիչ, ծնողք, վարորդ, դրացի, նպարավաճառ թէ բարեկամ, որոնք լայնամտօրէն կը մօտենան հարցին, կը կարդան, կը սորվին, կ՛օժանդակեն եւ, ամէնէն կարեւորը, կ՛ընդունին:

Այս անտարբեր եւ յաճախ անարդար աշխարհին մէջ համակրական հասկացողութիւն ունենալը հարստութիւն է: Հասկնալ` ուրիշին վիշտը, ցաւը, դժուարութիւնը եւ կարելին ընել` բարոյական թէ գործնական օգնութեան հասնելու: Այս է, որ կը պակսի շատերուն քով:

Ժամանակին չկար… Բայց ի՜նչ լաւ է, որ հիմա կայ…

Այսօր, գիտութեան շնորհիւ, ամէն տեսակի դժուարութիւն կ՛արժանանայ ճիշդ ախտաճանաչումի, եւ ըստ այնմ կը մշակուին աշխատանքային ծրագիրներ, որոնք թէպէտ երկարատեւ կրնան ըլլալ, բայց երկար ժամանակի վրայ չյուսահատելով` ճիգ թափելը կը պահանջէ հաստատակամութիւն, որ անպայմանօրէն արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:

Բայց երբ մեր դիմաց կ՛ելլեն այս բոլորին չհաւատացողներ, կը կտրեն այդ թափը եւ կը խոչընդոտեն ապաքինման ուղին: Այո՛, դեղահատեր չկան, բուժման մասին չէ, որ կը խօսինք, այլ` կարողութիւններու, ճակտի քրտինքով ձեռք բերման ու վերականգման:

Ահա տարեշրջան մը եւս կը հասնի իր աւարտին: Պայքարեցանք, մերժուեցանք, արհամարհուեցանք, բայց նոյնքան ալ տեսանք բարելաւում, գտանք լուծումներ, ձեռք-ձեռքի տալով, թեւակոխեցինք նոր փուլեր, ամբողջացուցինք նպատակներ եւ մշակեցինք նոր մարտահրաւէրներ:

Նպատակը կը մնայ նոյնը, ոչ մէկ աշակերտ արժանի է բռնաճնշումի, դատողութեան ու մերժումի: Իւրաքանչիւր անձ, իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն կողքին, ունի կարողութիւններ, որոնք պէտք է զարգացնել, չտեսնել միայն տկարութիւն, այլ` կարողութիւնը:

Ո՛չ, ծոյլ չէ: Ո՛չ, քմահաճոյքի հետեւանք չէ: Ո՛չ, ծնողքին յանցանքը չէ: Այո՛, անոնք պէտք ունին յաւելեալ ուշադրութեան աշխատանքի եւ մանաւանդ իրաւունքը ունին յաճախելու վարժարան` հայկակա՛ն վարժարան, յոռեգոյն պարագային` մինչեւ որոշ տարիք մը (ըստ դժուարութեան աստիճանին), երբ անոնք բաւարար հասունցած պիտի ըլլան` ընտրելու իրենց կեանքի ուղին եւ մասնագիտանալու ճիւղի մը մէջ, ուր պիտի փայլին ու ապահովեն լաւ արդիւնքներ:

Կը գտնուինք քննութիւններու սեմին: Յաջողութիւն պիտի ուզենք մաղթել բոլորին այն յոյսով, որ թափուած ճիգերը կ՛արժանանան արդար արժեւորումի եւ չեն սահմանափակուիր միայն նիշով: Այս տարեշրջանն ալ հասաւ իր աւարտին եւ ամրան արձակուրդին աշակերտները պիտի հանգստանան ու լաւ ժամանակ անցընեն վստահաբար: Բայց չմոռնանք այն աշակերտները, որոնք նոյնիսկ ամրան իրենց արձակուրդի ազատ ժամերը պիտի զոհեն, որպէսզի աշխատանք տանին եւ տարուան ընթացքին արձանագրուած բացթողումներուն լուծումներ գտնեն:

Անոնց վարձքը կատար, անոնց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն վարձքը կատար:

Իսկ մենք` մնացեալս, եկէք` մտածենք, թէ ի՛նչ կրնանք փոխելու, բարելաւել յաջորդ տարեշրջանին աւելի եւս մասնագիտացած ձեւով օգնելու ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներուն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles