Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Յաղթանակ Մը Եւս

$
0
0

«Ասպարէզ»

Այսօր` 18 յունիսին, «Ասպարէզ»-ի 16,000-րդ թիւն է, որ լոյս կը տեսնէ: Սփիւռքի պայմաններուն մէջ գործող հայկական թերթի մը համար անվիճելիօրէն յաղթանակ է ասիկա:

Յաղթանակ, որովհետեւ տնտեսական բոլոր դժուարութիւններուն դէմ պայքարը ահա «Ասպարէզ»-ը 111-րդ տարին ըլլալով յաջողութեամբ դիմագրաւած է:

Յաղթանակ, որովհետեւ յաջորդական սերունդներու համար «Ասպարէզ»-ը կրցած է ժամանակին հետ քայլ պահել եւ միշտ այժմէական մնալ:

Յաղթանակ, որովհետեւ կրցած է, հայեացքը միշտ դէպի ապագայ սեւեռելով, երբեք պարտուողական մտայնութեան տուրք չտալ:

Յաղթանակ, որովհետեւ այս համայնքին համար իր ծառայութիւնը իմաստաւորելու բանաձեւը գտած է. բանաձեւ, որուն հիմքը համահամայնքային թերթի գաղափարն է:

Յաղթանակը մենք կը պարտինք մեր բաժանորդներուն, մեր հովանաւորներուն ու նուիրատուներուն, որոնց կարծիքները, գնահատականներն ու քննադատութիւնները մեզի համար եղած են ուղեցոյց եւ ներշնչում:

«Ասպարէզ»-ը յանձնառու է շարունակելու ծառայել համայնքին` միշտ գործին մէջ ներդրելով իր առաւելագոյնը:

16,000-րդ թիւը նշանաւորելու համար «Ասպարէզ»-ի խմբագրութիւնը կը յայտարարէ իր 111-րդ տարեդարձի հանգանակային արշաւի մեկնարկը:

Անցեալ տարիներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ տարեդարձին առթիւ հանգանակային արշաւները կ՛արժանանան մեր բարեկամներու եւ հովանաւորներու սիրալիր ընդառաջման:

Նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 2019-ը յայտարարած է Հայ մամուլի տարի, յոյս ունինք, որ «Ասպարէզ»-ի բարեկամները այս անգամ յատուկ ջանք պիտի թափեն` գերազանցելու անցեալ տարիներու նուիրահաւաքի բոլոր ցուցանիշները, թերթին ապահովելով աւելի ամուր յենարան, նոր ծրագիրներ մշակելու, գործադրելու եւ դէպի նոր յաղթանակներ սուրալու շօշափելի հնարաւորութիւն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles