Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Վիճակագրութեան Սկզբնաւորութիւնը` Կազմաւորումը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Երկրի մը վիճակագրական տուեալները գիտականօրէն հիմնաւորուած ծրագիրներ պատրաստելու եւ ճշգրիտ որոշումներ կայացնելու համար անհրաժեշտ ու անփոխարինելի ենթահողերէն կարեւորագոյնն է: Նոր անկախացած հանրապետութիւնը` իբրեւ այդպիսին չունենալով անցեալի փորձառութիւն ու տուեալներ, սկսաւ գործել եւ ստեղծել նոր նախընթացներ ապագայի համար: Ստորեւ կը ներկայացնեմ վիճակագիր Գ. Աղաբէկեանի «Յառաջ»-ի 9 հոկտեմբեր 1920-ի թիւին մէջ գրած «Քաղաքային ստատիստիկան» խորագիրով յօդուածը (1)` արեւմտահայերէնի վերածուած.

Քաղաքային վիճակագրութիւնը, «Յառաջ», 9-10-1920

«Հայաստանի կառավարութիւնը սկսած է գործել անկախութիւն հռչակելու օրէն, այսինքն` 28 մայիս 1918-էն, ուրեմն,  իբրեւ անկախ պետութիւն, գոյութիւն ունի 2 տարի եւ 5 ամիս: Այդ ժամանակամիջոցին պետական մեքենան գործած է առանց որեւէ հիմնական վիճակագրական տուեալի` Հայաստանի ներկային մասին: Կառավարութիւնը ստիպողաբար իր նախագծած վերաշինութիւններն ու փոփոխութիւնները իրականացուցած է հիմնուելով հին տուեալներու վրայ:

«Միայն յունուար 1920-ին է, որ կը հիմնուի պետական ընդհանուր վիճակագրութեան գլխաւոր բաժանմունքը, որ պէտք է հայթայթէ բազմակողմանի տեղեկութիւններ` ամբողջ Հայաստանի մասին: Վիճակագրական հիմնարկութիւններու անհրաժեշտութիւնը այնքան պարզ է, որ կարելի չէ կանգ առնել որեւէ խոչընդոտի դիմաց: Իւրաքանչիւր վարչութիւն գործնապէս կարիքը ունի իր բոլոր աշխատանքները հիմնելու ճշգրիտ տուեալներու վրայ, որպէսզի չափէն աւելի կամ պակաս ծրագիրներ չպատրաստէ:

«Յայտնի փրոֆեսէօր Սուդէյկինը կ՛ըսէ` «Վիճակագրութիւնը պետութեան կանոնաւորիչն է»: Իւրաքանչիւր փոփոխութիւն, վերաշինութիւն, բարեկարգում կարելի է իրականացնել` ունենալով միա՛յն ճշգրիտ վիճակագրական տուեալներ: Արդէն կը նկատուի, որ զանազան վարչութիւններ սկսած են հիմնել վիճակագրական բաժանմունքներ: Երեւանի, Ղարաքիլիսայի, Իջեւանի եւ այլ վարչական շրջաններ սկսած են վիճակագրական բաժանմունքներ հիմնելու եւ մասնագէտ վիճակագիրներ հրաւիրելու:

Վիճակագրական տախտակ

«Վերջերս Երեւանի քաղաքային խորհուրդին մէջ որոշուեցաւ  վիճակագրական բաժանմունք հիմնել, թէեւ կային հակառակողներ` յանձինս Հայ ժողովրդավար (կուսակցութեան) ներկայացուցիչներուն: Այսպէս թէ այնպէս, հարկաւոր է ողջունել  վիճակագրական հիմնարկութիւններու կազմութիւնը եւ կառավարութիւնը պէտք է լայն աջակցութիւն տայ անոնց:

«Առանձին նշանակութիւն կը ստանայ Հայաստանի մէջ քաղաքային  վիճակագրութիւնը` նկատի առնելով, որ շարք մը մեծ գիւղեր քաղաքներու վերածուած են: Բացի այդ` քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող պարէնաւորման ճգնաժամերը դժուարութիւն կը ստեղծեն վիճակագրական հիմնարկութիւններուն` ճիշդ կերպով դասաւորելու բաշխումի գործը եւ աշխատիլ խուսափելու այդպիսի անբաղձալի եւ վատթար օրերէն: Յոյսով ենք, որ ուրիշ քաղաքներ եւս, որքան ալ փոքր ըլլան անոնք, կը հետեւին Երեւանի օրինակին եւ իրենց վարչութեան մէկ անկիւնին մէջ վիճակագրական փոքր բաժանմունքներ կը ստեղծեն, որոնք կարճ ժամանակամիջոցին կը զարգանան եւ դրական աշխատանքով  իրենց անհրաժեշտութիւնը կ՛արդարացնեն:

«Փափաքելի է, որ ապագային քաղաքներուն վիճակագրական բաժանմունքները իրենց գործունէութեան համակարգ մը ստեղծեն, ունենան մէկ կեդրոն, մշակեն ընդհանուր ծրագիր` միատեսակ հաւաքելու վիճակագրական տուեալները: Հարկաւոր է շեշտել, որ վիճակագրութիւնը` իբրեւ գիտութիւն, փափաքելի է, որ տուեալները հաւաքուին մէկ ծրագիրով, որպէսզի կարելի ըլլայ համեմատութիւններ կատարել զանազան վայրերու, քաղաքներու եւ երկիրներու հետ:

«Բոլորին յայտնի է, որ քաղաքներու բնակչութիւնը համեմատաբար աւելի գրագէտ եւ մշակոյթով զարգացած է: Ուստի կարելի է ենթադրել, որ քաղաքային բնակչութիւնը աւելի շուտ կ՛ըմբռնէ եւ աւելի լուրջ կը վերաբերի  վիճակագրական զանազան ձեռնարկութիւններուն: Շարք մը եւրոպական պետութիւններուն մէջ, ոչ թէ միայն քաղաքներուն, այլ նոյնիսկ գիւղերուն մէջ բնակչութիւնը ինքը կը լեցնէ  վիճակագրական թերթիկները` առանց հաշուապահներու օգնութեան:

«Կը փափաքինք, որ մեր հայրենիքը արագ քայլերով զարգանայ, եւ մենք նաեւ այդ դրութեամբ կարենանք զանազան հետազօտութիւններու ձեռնարկել: Այս դրութեան առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ շատ ծախսի չի կարօտիր, հետեւաբար աւելի արագ կերպով կարելի կը դառնայ վիճակագրական հետազօտութիւններ կատարել:

«Երեւանի քաղաքային վարչութեան  վիճակագրական բաժանմունքը շուտով պիտի ձեռնարկէ հետազօտութիւններու` քաղաքին բնակչութիւնը ուսումնասիրելու համար: Փափաքելի է, որ Երեւանի բնակչութիւնը լայն աջակցութիւն ցուցաբերէ այս նոր հիմնարկութեան աշխատանքներուն` լրիւ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ տալով իրենց ուղղուած հարցումներուն եւ, այսպէս, օրինակ դառնայ պետական զանազան ձեռնարկութիւններուն լուրջ վերաբերումին:

«Ընդհանրապէս անհրաժեշտ է, որ բնակչութիւնը ունենայ պետականութեան (քաղաքացիական) զգացում, ինչպէս, օրինակ, անգլիացիները կառավարութեան բոլոր ձեռնարկութիւններուն կ՛ընդառաջեն, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ ազատօրէն իրականացնել իր ծրագիրները: Այդպէս պէտք է ըլլայ, որպէսզի մենք` հայերս, իրաւունք ունենանք հպարտօրէն մտնել պետութիւններուն շարքը»:

Վիճակագիր Գ. Աղաբեկեան»

Յունուար 1920-ին սկսած Հայաստանի վիճակագրութիւնը հաստատ հիմերու վրայ ցարդ կը շարունակուի` իբրեւ «ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութիւն» (2), որ թէեւ ուշադրութեան առարկայ չէ դարձած, սակայն վերանկախացած Հայաստանի կարեւորագոյն աւանդներէն է, որ պէտք է պահպանուի:

19 ապրիլ 2019

(1) «Յառաջ», Բ. տարի, թիւ 220, 9 հոկտեմբեր 1920, Երեւան, էջ 1:

(2)          https://hy.wikipedia.org/wiki/ՀՀ_Ազգային_վիճակագրական_ծառայութիւն:

Ծանօթ.- Ուիքիփետիայի այս էջը անտեսած էր, որ Հայաստանի վիճակագրութիւնը սկսած էր յունուար 1920-ին, եւ կը նշէր թէ սկսած է խորհրդային տարիներուն. ուստի անհրաժեշտ սրբագրութիւնը կատարեցի:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>