Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ստացուած Գիրքեր. «Ճամբորդութիւն Յիշողութեան Մէջ» (Հեղինակ` Պօղոս Շահմելիքեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անթիլիասի տպարանէն 2018-ին լոյս տեսաւ Պօղոս Շահմելիքեանի «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» հատորը` բաղկացած 431 էջերէ: Հրատարակութիւն` «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամի, թիւ 26: Խմբագիր` դոկտ. Արմէն Իւռնէշլեան: Հեղինակը գիրքը ձօնած է հօր` Խաչատուր Շահմելիքեանի յիշատակին:

«Դպրոց եւ մանկութիւն» բաժինին մէջ հեղինակը կը խօսի Ճեմարանի «փոստա»-ին, դպրոցական կեանքին, Գառնիկ Բանեանին եւ Մուշեղ Իշխանին մասին:

«Յուշեր եւ մտորումներ» բաժինին մէջ Շահմելիքեան, մտովին ճամբորդութիւն կատարելով, յուշեր կը պատմէ Լիբանանէն, բարեկամներէ եւ Ամերիկայի կեանքէն:

Ան կ՛ըսէ, որ սփիւռքի մէջ, օտար հողի վրայ, մեր ազգային մտահոգութեամբ զբաղող հայկական պետութիւն չունինք, այդ պատճառով ալ ստեղծուած են մարդասիրական, մշակութային, մարզական եւ տարբեր տեսակի կազմակերպութիւններ, որոնք կը գոյատեւեն շնորհիւ կամաւորներու: Անոնց շարքին կարելի է յիշել` Հայ օգնութեան միութեան, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ տարբեր հայկական գաղութներու օգնութեան խաչերուն, մարմնամարզական միութիւններուն, հայկական կուսակցութիւններու նուիրեալները:

Շահմելիքեան կը շարունակէ` ըսելով, որ Ցեղասպանութեան տարիներուն բաւական թիւով հայ որբեր կորուստէ փրկուեցան շնորհիւ օտար միսիոնար կամաւորներու եւ որբանոցներու մէջ հասակ առին, կազմեցին հայ ընտանիքներ:

Այսպիսով հայը սկսաւ բարգաւաճիլ, կառուցուեցան դպրոց ու եկեղեցի, ունեցանք սփիւռք, գիր ու գրականութիւն, թատրոն եւ մարզական միութիւններ եւ այս բոլորը` շնորհիւ հայ կամաւորներու անխոնջ եւ անշահախնդիր նուիրումին:

«Ազդակ»-ի մասին խօսելով` հեղինակը կ՛ըսէ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն թերթին խմբագրատունը կը գտնուէր արեւմտեան Պէյրութ, մեծամասնութեամբ պաղեստինցի եւ իսլամ ծայրայեղականներով լեցուն շրջանի մը մէջ: Դաժան տարիներ էին, սակայն շնորհիւ թերթի նուիրեալ անձնակազմին, «Ազդակ» երբեք կանգ չ՛առներ: Հակառակ ռումբերու գոռոցին, ելեկտրական հոսանքի յաճախակի ընդհատումներուն եւ բազմաթիւ այլ դժուարութիւններու, թերթը լոյս կը տեսնէր ամէն օր:

Շահմելիքեան կը նշէ, որ «Ազդակ» այն օրաթերթն է, որ խտրութիւն չի դներ ճանչցուած գրագէտին ու սկսնակին միջեւ եւ բոլորին հաւասարապէս լայն տեղ կը տրամադրէ: «Ազդակ» կը քաջալերէ նոր գրողները, աշակերտական գրութիւնները, Հայ դատի վերաբերող վերլուծումները, Զաւարեանականներու էջը: Չի գոհանար միայն լիբանանահայ կեանքով: Լայն տեղ կը տրամադրէ Հայաստանին ու Արցախին, նաեւ սփիւռքի բոլոր հայկական գաղութային կեանքի մասին լայն տեղեկութիւններով կը յագեցնէ ընթերցողը:

«Ազդակ» լոկ օրաթերթ մը չէ: Պատմութեան գիրք մըն է, որուն միջոցաւ կարելի է ծանօթանալ Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի պատմական իրադարձութիւններուն, կը վկայէ ան:

«Ընտանիքիս հետ» բաժինին մէջ հեղինակը կը խօսի իր երզնկացի հօր, իր հիւրասէր մօր եւ Էշրեֆիէի մէջ անցուցած իրենց ընտանեկան կեանքին մասին:

«Մեր արժէքներէն» բաժին մը Շահմելիքեան կը խօսի ուսուցիչ Գէորգ Գանտահարեանի, Շահանդուխտի, Յակոբ Տէր Մելքոնեանի, մենակատար եւ դաշնակահար Աւօ Գույումճեանի, Պօղոս Սնապեանի եւ Սագօ Սարգիսեանի մասին:

«Արուեստագէտներու հետ» բաժինին մէջ կը խօսի Թաթայի, հայաստանցի Յարութի, Մարգ Արեանի, Ռոզի Արմէնի եւ Մաթիլտ Պուտաքեանի մասին:

Շահմելիքեան այնուհետեւ կը խօսի գաղութներու մասին: Կը պատմէ սուտանահայ գաղութի, Քեսապի ու քեսապցիի, Հալէպէն անդին եւ Պաքուի հայուհիի մասին:

Յաջորդ գլուխով կ՛անդրադառնայ սովորութիւններու` հայկական հիւրասիրութեան, հոգեճաշի եւ ճաշկերոյթի, «անունովդ ապրիս-»ի եւ տարեդարձի երեւոյթներուն:

Առանձին դրուագներով հեղինակը անդրադարձած կը կատարէ ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացիր-բարձրացուր»-ին, իր ծննդավայր Լիբանանի` Էշրեֆիէի, Պուրճ Համուտի ու գիւղագնացութեան եւ գեղեցիկ պատկերներով  կը պատկերէ լիբանանեան անցած կեանքի յիշատակներ:

«Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքը իսկապէս տարբեր բնոյթի, ժամանակներու, վայրերու եւ դէպքերու յիշատակարան մըն է, յաճախ նոյնիսկ անձնականը շրջանցող եւ ազգային կեանքը լուսարձակի տակ առնող:

Այս գիրքով Պօղոս Շահմելիքեան կը յաջողի ընթերցողը իրեն հետ տանիլ հաճելի ու հետաքրքրական ճամբորդութեան մը, որ յագեցած է ուրախ ու տխուր պահերով, սակայն միշտ` հարազատ ոճով ու հետաքրքրական մօտեցումով:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>