Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Փոխան Ափ Մը Հողի. Ռուբէն Պարսումեան Հնագէտն Ու Թատերագէտը

$
0
0

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Հայոց պատմութեան չորրորդ եւ վերջին թագաւորութիւնը Ռուբինեան hարստութիւնն է: Հալէպահայութիւնն ալ ունի Ռուբինեան հարստութիւն մը  յանձին` Ռուբէն Պարսումեանի աւանդին:

Ընթերցողներէն ոմանք այս եզրը չափազանցութիւն կրնան նկատել, սակայն հանգուցեալ Ռուբէն Պարսումեան հա՛յ մարդը ճանչցողները` անկասկած պիտի հաստատեն բնորոշումս:

Հալէպի հին քաղաքի թաղամասերէն դէպի  Ճիտէտիէի շուկան եւ Սալիպէի շրջանը տանող փողոցը կը կոչուի  Աուէճեթ Քայեալի,  իսկ հալէպահայերը, որ ծանօթ են Պարսումեաններուն, այդ թաղը կ՛անուանեն Պարսումեաններու թաղ:

Շատ բանուկ եւ այլազան արհեստանոցներով, անուշավաճառներով ու մանրավաճառներով խճողուած թաղին կեդրոնը, ապակեայ դրան ետին կը նստէր հանգուցեալ Ռուբէն Պարսումեանը` պաշարուած իր պղնձեայ այլազան եւ զարմանազան իրերու հաւաքածոյով, որ այդ խանութին կու տար թանգարանային բնոյթ: Անցորդներէն բազմաթիւ ծանօթներու համար սովորութիւն էր մտնել առանց հրաւէրի, հաճելի եւ օգտակար զրոյց ունենալ յաճախ հոն գտնուող այցելուներուն եւ գործատէրերուն` Արթուն եւ Ռուբէն Պարսումեան եղբայրներուն հետ:

Հօրենական արհեստանոց-վաճառատան խճողումին մէջ կարելի էր նկատել պատէն կախուած Դամասկոսի միջազգային տօնավաճառին կողմէ շնորհուած մրցանակ մը` 1956-ին, պրոնզէ արտադրութեան մը առիթով: Ստացած էր նաեւ արծաթեայ մետալ մը` Պելճիքայի միջազգային ցուցահանդէսէն:

Երէց եղբայրը` Արթուն Պարսումեանը (Հալէպ, 1927 – 2007), մետաղեայ իւրայատուկ իրերու եւ անգտանելի կտորներու վարպետ ձուլագործ էր, կերպասեղէնով  կեղծ ծաղիկներու թերթիկներ պատրաստող կաղապարներու եւ Հալէպի յայտնի օճառի գործարաններու կնիքներու, որոնք յղկուելէ ետք կը դառնային արուեստի գործեր: Ընկեր Արթունը, մեր վաղ պատանեկութեանս օրերուն, մեր վարիչն էր, հետագային եղայ գործակիցը` որպէս փոխ վարիչ:  Իր կողմէ մակագրուած ունիմ`  «Պատմութիւն Այնթապի ՀՅ Դաշնակցութեան, 1898-1922», հրատարակութիւն Զաւարեան միութեան, (տպ. «Տիգրիս», Հալէպ, 1957): Այս հատորը գրադարանիս մէջ իր պատուոյ տեղը ունի: Հեղինակը իր հայրն է` Գէորգ Յ. Պարսումեանը (ծնած` Այնթապ 1899-ին մահացած` 1970-ին Հալէպ), Այնթապի հերոսամարտի մասնակիցներէն, եւ 1936-ին Հալէպի մէջ Զաւարեան վարժարանի հիմնադիրներէն մին: Թարգմանած է նաեւ «Արեւելք» օրաթերթի թերթօններու մատենաշարէն  թիւ 26, Ռապըրթ Լուիս Սթիւընսընի «Գանձերու կղզին», 1955-ին:

Բնիկ այնթապցի այս գործիչին շունչով հասակ առած էին Պարսումեան եղբայրները: Արթուն զօրաւոր եւ անզիջող նկարագրի տէր էր. ընկերներու հետ ազգային եւ հասարակական նիւթերու շուրջ զրոյցներու ընթացքին եղբայրը` Ռուբէնը, հեռուն նստած, հանդարտաբարոյ, երբեմն դուրս գալով իր ունկնդիրի հանգամանքէն, առինքնող ձայնովը մէկ բառով կամ կարճ նախադասութեամբ մը կու տար հիւմըրով շաղախուած իր կարծիքը, որուն մէջ կը կայանար գաղութահայ կեանքին քաջածանօթ եւ  փորձառութիւն ապրած հայ մարդու կերպարը:

Բոլոր զբաղումները, գործերն ու զրոյցները դադար կ՛առնէին յետմիջօրէի այն պահուն, երբ ցրուիչը խանութէն ներս կը սահեցնէր «Ազդակ»-ի երկու օրինակները, տուն տանելէ առաջ «թերթին սերը կը հաւաքեմ»` այս դիպուկ խօսքը կ՛ըսէր ընկեր Արթուն, վերնագիրները աչքի անցընելէ ետք:

Արթուն Պարսումեանը հայերէնի թարգմանած եւ հրատարակած էր ֆրանսացի վիպագիր Էտուար Լըֆեւր Լապուլայի «Քառատերեւ առուոյտը» վէպը  «Հայ Տիպ քոմփիւկրաֆ-թեքնոփրես, 1987-ին, Պէյրութ): Հաւաքած, թարգմանած եւ հրատարակութեան պատրաստած է այնթապցի հայերու ասացուածքներ ու առակներ, հաճելի էր լսել զանոնք իր պատումով: Անոնք ցարդ կը մնան անտիպ:

Հանդիպակաց մայթին վրայ կար նաեւ իրենց հօրեղբօր` Գրիգոր Պարսումեանի (Այնթապ` 1913, 1993` Հալէպ) արհեստանոցը, ան մետաղի վրայ փորագրութեան վարպետ էր: Պարսումեաններուն յատուկ սրամիտ զուարթախօսութիւնը  շեշտուած էր անոր մօտ: Զաւակները հանրածանօթ են սփիւռքահայ կեանքէն ներս` դոկտ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան (Միացեալ Նահանգներ), դոկտ. Հրաչ Պարսումեան (Պէյրութ) եւ  ճարտարապետ Հուրի Պարսումեան-Քէշիշեան (Հալէպ):

Ամբողջացնելու համար Պարսումեան գերդաստանի պատկերը` յիշարժան է այլ հօրեղբայր մը` Ներսէս Պարսումեանը  (Այնթապ` 1915,  2007` Պէյրութ), որ Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի երբեմնի դիւանապետն  էր, ան երեկոյեան կը խմբագրէր «Արեւելք » օրաթերթի քաղաքական լուրերը` որպէս աղբիւր ունենալով խմբագրատան ձայնասփիւռը,  հեղինակն էր  Հայաստանի աշխարհագրութեան դասագիրքերու շարքի մը: 1967-ին հաստատուեցաւ Պէյրութ եւ պաշտօնավարեց  Նշան Փալանճեան ճեմարանէն ներս` որպէս հաշուապահ:

Ռուբէն Պարսումեանը ծնած էր Հալէպ, 1930-ին, ան Ցեղասպանութենէն փրկուած տարագիր սերունդէն սերած զաւակներուն վերջին ներկայացուցիչներէն էր. այս սերունդը ապրեցաւ յետեղեռնեան գաղութներու կազմաւորման առաջին փուլին, ուսման դժուար պայմաններու մէջ,  երբ հայկական նախակրթարանէ շրջանաւարտ ըլլալը բախտաւորութիւն էր, այդ օրերուն տակաւին չկային  հայկական երկրորդական վարժարաններ: Սակաւաթիւ էին համալսարան եւ բարձրագոյն ուսման հետեւող հայորդիներ: Ռուբէնը նախակրթութիւնը կը ստանայ նախ Ազգային Հայկազեան, ապա Զաւարեան վարժարաններուն մէջ, կ՛աւարտէ 1943-ին:

Հօրենական արհեստանոցին մէջ աշխատանքին զուգահեռ, ան կը յաճախէ գիրքի եւ ընթերցանութեան դպրոցը, երեւոյթ մը, որ յատուկ էր զրկանքներով պսակուած այդ տղոցը: Վեց տարի հետեւած է ռուս ջութակահար Պորոզենքոյի դասընթացքներուն:

Նորահաստատ Զաւարեան վարժարանը Ռուբէնին եւ այլ ընկերներու ջանքերով կ՛ունենայ «Զաւարեան» գրադարանը, ուր ան կը ծառայէ 30 տարի` մինչեւ 1973:

Ռուբէն Պարսումեանը բեմ կը բարձրանայ պատանեկան տարիքէն, 1949-էն մինչեւ 1969, քսան տարի, կը հանդիսանայ «Զաւարեան»  թատերախումբի պատասխանատուն, բեմադրիչը, դերուսոյցը:

1970-ին կը հիմնէ իր սեփական «Պարոնեան» թատերախումբը: Նոյն տարին թատրոնի հետ հաղորդութիւնս սկսած է Ռուբէն Պարսումեանի բեմադրութեամբ «Պաղտասար աղբար»-ով,  ուր ան մարմնաւորած էր գլխաւոր դերը, իրեն հետ մնայուն դերակատարներ եղած են Մեսրոպ Գրիգորեանը եւ Յովակիմ  Տէր Մինասեանը: Թատրոնի եւ յատկապէս Պարոնեանի մասին երբ խօսէր, անծանօթ  ունկնդիրը պիտի կարծէր, որ Ռուբէն Պարսումեանը այդ արուեստին մասնագիտացած համալսարանական դասախօս մըն է: Յիշարժան է Համազգայինի «Աղբալեան» սրահին մէջ իր բանախօսութիւնը` «Պաղտասար աղբար»-ի մասին,  իր վերլուծումով, Պարոնեանի ստեղծած այս տիպարը կը մարմնաւորէր Խրիմեան Հայրիկը, իսկ Դատաստանական խորհուրդը կը ներկայացնէին երեք պետութիւններ` Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Ռուսիան: Հայրենի թատերագէտ Լեւոն Հախվերդեանը իրմէ այս տեսութիւնը լսելէ ետք զարմանք  յայտնած է, որ նման տրամաբանական տեսակէտ մը ցարդ հայրենի վերլուծաբաններն իսկ  չեն եզրակացուցած:

Թատերական  միակ գործունէութիւնս ունեցած եմ իրեն հետ` որպէս բեմավար, 1982 թուականին,   Էօժէն Լապիշի «Աչքերու փոշի»-ն ներկայացումով, որմէ ետք պարոն Ռուբէնին հետ հաստատուած էր անկեղծ եւ անշահախնդիր մտերմութիւն մը: Այդ ձեռնարկին առիթով մօտէն ճանչցած եմ հմուտ արուեստագէտ բեմադրիչ-դերասանը, ժուժկալ տղամարդը, որ բծախնդիր էր դերերու ընտրութեան մէջ ու իր յարգելի կարծիքը ունէր ներկայացումի հանդերձանքին, երաժշտութեան, լուսաւորումին եւ  բեմայարդարումին մասին: Այստեղ եւ ընդհանրապէս իր գործակից գլխաւոր դերակատարներն էին` իր կինը` Մարի Մինասեան-Պարսումեանը, Ճորճ Վանլեանը, Գառնիկ Պեքերեանն ու Տիրուհի Պիլեմճեանը:

Ռուբէն Պարսումեանը բեմադրած է շուրջ քսան թատրերգութիւններ: Օժանդակած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական թատերախումբին: Բազմաթիւ դասախօսութիւններով հանդէս եկած է թատերական արուեստի մասին:

Հալէպահայ մշակութային բոլոր միութիւններուն այլազան  ձեռնարկներուն մնայուն ներկայութիւն էին տէր եւ տիկին Ռուբէն եւ Մարի Պարսումեանները: Ուշագրաւ ելոյթներու յաջորդ օրը  հաճելի էր հանդիպիլ պարոն Ռուբէնին «ակումբ»-ը եւ այլ այցելուներու հետ ունկնդրել իր նկատողութիւններն  ու վերլուծումները:

Գաղութահայ մշակութային կեանքի պատմութիւնը փրկելու նպատակով իր հաւաքած տոմսերու, յայտագիրներու, որմազդներու հաւաքածոն եզակի է: Սակայն Ռուբէն Պարսումեանը ընտանիքին հետ հայրենիք երրորդ այցելութեան, 1982 թուականին, հիասթափուեցաւ, երբ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի սփիւռքի բաժինին իր ղրկած արխիւներուն հետքը չգտաւ: Իր արխիւներու հաւաքածոյին կողքին ունի շուրջ չորս հազար հատորի հասնող անձնական գրադարան մը` արուեստի բնագաւառի ճոխ մատեաններով:

Ռուբէն Պարսումեանը աւանդապաշտ էր, Հալէպի հայ արհեստաւորներու յատուկ կապոյտ համազգեստին հաւատարիմ մնացող սակաւաթիւ վարպետներէն էր ան, որ կը ցոլացնէր իր պարզութիւնն ու համեստ հոգին: Այդ տարազը քսաներորդ դարու վերջին քսանամեակին կամաց-կամաց անհետացաւ, անոր յատուկ դերձակներ ալ կային Նոր Գիւղի մէջ: Ոմանք տաբատին եւ վերնաշապիկին հետ ձմրան կը հագուէին նոյնանման կերպասով կարուած վերարկու մը:

Աւանդապաշտ էր նաեւ տոհմիկ սովորութիւններու նկատմամբ. Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն տնօրհնէք կատարող  քահանաներու նման` կ՛այցելէր ազգականներուն եւ մտերիմներուն: Այս սովորութիւնը  մեր մանկութեան յուշերէն է, տանտիկինները տունը կը մնային հիւրասիրելու համար այցելող այրերուն, ոմանց կ՛ընկերակցէին իրենց չափահաս տղաքը:

Արեւմտահայաստանը լոկ հողային կորուստ չէր, դարերու ընթացքին հայ մարդուն մշակոյթն ու արհեստները ցրուեցան, իւրացուեցան: Պղնձագործութիւնը կը հանդիսանար մեր երկրի գլխաւոր արհեստներէն. եկեղեցական իրերը` խաչեր, մոմակալներ, խնկամաններ, ասաներ, կանթեղներ, ծնծղաներ, քշոցներ, հերիսայի կաթսաներ ու շերեփներ, պղնձեայ կրակարանները, սամավարները, համեմի եւ սուրճի առձեռն ջաղացքները, խոհանոցային սպասները, բաղնիքի յատուկ թասերն ու ճաշի պայուսակները, կաթնեղէնի դոյլերը, եղջերաւոր կենդանիներու վիզէն կախուած զանգակները` այս բոլորը կը յատկանշուէին իրենց վրայ փորուած հայ վարպետներու կնիքներով, տարիներու ընթացքին այդ իրերը կը հասնէին Հալէպի շուկան, կարգ մը կտորներ ալ Սուրիոյ անապատի տարածքին մեր սուրբ նահատակներու թողած վերջին շարժուն ինչքերն էին, յատկապէս` պղնձեայ պնակները. իւրայատուկ այդ կտորները մասնաւորաբար մահտեսի մեկնողներուն ճաշի ամաններն ու թասերն էին, որոնց վրան կային յիշատակութիւններ, թուական, անուն, քաղաք,  այս բոլորը վարպետ Ռուբէն կը վերծանէր եւ հաճելի բացատրութիւններով կը լուսաբանէր: Ան թերեւս միակ մասնագէտն էր այս ժառանգութեան,  որ ոչ միայն ասպարէզ ընտրած էր անոնց առեւտուրը, այլ սիրահարը` այդ հարստութեան: Հաճելի էր դիտել, երբ սուրճաղաց մը կամ գրչակալ մը` կցուած կաղամարով, իր լքուած վիճակէն կը մաքրէր կը նորոգէր, պակսած կտորը կը զօդէր ու փայլք տալէ ետք կը թուագրէր: Այս առեւտուրը միշտ վնասով էր, որովհետեւ բացառիկ կտորի մը երբ սիրահարուէր, կը տանէր տուն` միացնելու իր Ռուբինեան հարստութեան:

Պարոն Ռուբէնին հանդիպած եմ Հալէպի պատմական պղնձագործներու շուկային մէջ. սիրտս հպարտութեամբ  լեցուած է,  երբ ականատես եղած եմ տեղացի վարպետներու կողմէ իրեն հանդէպ շնորհուած յարգանքին եւ ակնածանքին:

Ռուբէն Պարսումեանը այս հնագիտական փորձառութիւնը ի սպաս դրաւ Բերիոյ հայոց թեմի «Զարեհեան» թանգարանի դասաւորման աշխատանքներուն` գործակցաբար լուսահոգի վարպետ արծաթագործ Յովհաննէս Գալեմքերեանին, Այնթապէն ի վեր Պարսումեան եւ Գալեմքերեան ընտանիքները իրենց արհեստներուն եւ գաղափարական պատկանելիութեան բերումով սերտ յարաբերութիւններ ունեցած էին:

Հալէպի ազգային գերեզմանատան մէջ Այնթապի հերոսամարտի հրամանատար Աւետիս Գալեմքերեանի շիրիմին վրայ կառուցուած կոթողը, 1961-ին,  յղացումն է Ռուբէն Պարսումեանին, որ քարկոփը իրագործած է իր ստեղծագործած մանրակերտ օրինակէն:

Արժանթինի Պուէնոս Այրեսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կառուցուած Ցեղասպանութեան յիշատակի կոթողի մրցանքին, 1960 թուականին, քսանմէկ հայրենի եւ արտերկրի մասնակիցներուն մէջ, իր նախագծած վեց մեթրնոց յուշարձանը շահած է առաջնութիւնը:

2008 թուականին պոլսահայ հիւրերուս` ասմունքի վարպետ Սիլվա Կոմիկեանի ու «Մարմարա» օրաթերթի փոխ խմբագրապետ Մաքրուհի Յակոբեանի ընկերակցութեամբ, երեկոյ մը այցելեցինք Պարսումեան ընտանիքին` հազուագիւտ կտորներու հաւաքածոյին ծանօթանալու համար:

Ռուբէն Պարսումեանը տարիներէ ի վեր ձեռնարկած էր մետաղեայ արհեստներու հայ վարպետներու պատմութեան ուսումնասիրութեան, աշխատանքը դասաւորելու համար պատրաստած էր բազմաթիւ փոքր բաժիններէ կազմուած խոշոր տուփ մը, որուն մէջ կը դասաւորէր իր հաւաքած նիւթերուն եւ վարպետներուն քարտերը. «Այս իմ համակարգիչս է», ըսաւ եւ որոշ բացատրութիւններ տուաւ աշխատանքին մասին: Հոն կը հանգչէին արեւմտահայ մետաղագործութեան վարպետներու անուններ, եւ հաւաքուած էր հայ արհեստներու բառարան մը:

Մտաւորական աշխատանքի արգասիքը կը մնայ անտիպ: Այսպէս`

1.- «Սուրիահայ թատրոնի տարեգրութիւնը` 1900 թուականէն մինչեւ մեր օրերը»:
2.- «Պաղտասար աղբարի դիմակին տակ»:
3.- «Սուրիահայ 12 մետաղագործական արհեստներու պատմութիւնը»:

2012  թուականին, սուրիական  թէժ պատերազմի երկրորդ տարին, շատեր չկարողացան հասնիլ  իրենց գործատեղիները: Խանտակ պողոտան եւ Աուճեթ Քայեալին տաք գօտիի շրջան հանդիսացաւ, Ռուբէն զրկուեցաւ իր առօրեայ աշխատանքէն: Եւս առաւել, տան մթութեան մէջ իյնալէն յառաջացած  ուսի կոտրուածքի պատճառով ենթարկուեցաւ վիրաբուժական գործողութեան, որմէ ետք մասնակի կաթուած ունեցաւ. կեանքի այս տխուր վերջալոյսին  բարեբախտաբար պահեց գիտակցութիւնը:

Աղէտալի օր մը, 2014-ին, աշխարհասփիւռ հալէպահայեր յուզումնախառն դիտեցին Պարսումեաններուն պատմական խանութի աւերակներուն պատկերը, երբ անիկա յայտնուեցաւ Դիմատետրի վրայ:

Ռուբէն Պարսումեանը արժանացաւ Համազգային հայ մշակութային ընկերակցութեան շքանշանին, 7 նոյեմբեր 2010-ին, ձեռամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան  արք. Սարգիսեանի:

Ահաւասիկ` բազմակողմանի արժանիքներով ինքնուս հնագէտն ու թատերագէտը, որ անդարձ մեկնեցաւ քառասուն օրեր առաջ, 6 մայիս 2019-ին, անձայն, անշշուկ: Պաշտամունք  ունենալով հայ մշակոյթի, թատրոնի եւ արհեստներու նկատմամբ, ցաւ ի սիրտ, իր գործերը չկարողացաւ հրատարակութեամբ պսակել:

Ռուբէն Պարսումեանը ընտանիք կազմած էր 1965-ին, որպէս ժառանգորդ` ունի շնորհալի երկու զաւակներ: Վարդգէսը մասնագիտական ուսման հետեւած է հայրենիքի մէջ. 1986-1992 տարիներուն յաճախած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկը եւ արժանացած` քանդակագործութեան մագիստրոսի վկայականին: Պաշտօնավարած է Համազգայինի «Արշիլ Կորքի» արուեստանոցէն ներս, ինչպէս նաեւ` Հալէպի պետական ու Դամասկոսի Քալամուն համալսարանները, վերջին տարիներուն արուեստի պատմութիւն դասախօսած է Համազգային հայագիտական հիմնարկէն ներս, ներկայիս կը դասաւանդէ Հալէպի ՀԲԸՄ-ի «Սարեան ակադեմիա»-ին մէջ, ան ծանօթ է իր արուեստի գործերով` քանդակագործութեամբ եւ երգիծանկարչութեամբ:

Ռուբէնի դուստրը` Ռուզանը,  հալէպահայ բեմերու վրայ մնայուն ներկայութիւն է` որպէս դաշնակահարուհի: Աւարտած է Հալէպի պետական երաժշտանոցը, անձնական ուսուցիչ ունեցած է նաեւ Հրանդ Գէորգեանը եւ Սեդրակ Երկանեանը: Կը դասաւանդէ Համազգայինի «ԿԱՆԱՉԵԱՆ» երաժշտական դպրոցէն ներս եւ դաշնակահարուհին է «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ու «ԱՐԵԳԱԿ» երգչախումբերուն:

Անկասկած Ռուբէն Պարսումեանի մշակութային հսկայ վաստակը ու անկատար ծրագիրները իր ժառանգորդներուն պատշաճ գուրգուրանքին պիտի արժանանան:

Ժընեւ          

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles