Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Նշմար. Եւրոպական Միութիւնը, Լիբանանն Ու Գաղթականներու Հարցը

$
0
0

vaho_9-16-15

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Եւրոպական Միութեան ներքին գործոց նախարարները երկուշաբթի օր Պրիւքսէլի մէջ 6 ժամ տեւած իրենց ժողովի ընթացքին ձախողեցան 120 հազար գաղթականներն ու անոնց բեռը իրարու միջեւ բաժնուելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել եւ յոյս յայտնեցին համաձայնութիւն գոյացնել 8 հոկտեմբերին նախատեսուած մէկ այլ ժողովի մը ընթացքին:

Իրապէս ամօթալի է այս երեւոյթը, մանաւանդ երբ մտաբերենք Լիբանանի պարագան: Մինչ 10.452 քառ. քմ տարածք ունեցող եւ շուրջ 4 միլիոն բնակչութիւն ունեցող փոքրիկ Լիբանանը իր արդէն իսկ դժուար եղող պայմաններուն մէջ կը հիւրընկալէ տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական գետնի վրայ իրեն համար շատ ծանր բեռ եղող 1,5 միլիոն սուրիացի գաղթականներ, 4 միլիոն 324 հազար 782 քառ. քմ տարածք ունեցող, 508 միլիոն, 191 հազար, 116 բնակչութիւն ունեցող եւ 28 երկիրներէ բաղկացած Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար 120 հազար գաղթականներու տեղակայման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:

Եթէ 120 հազար գաղթականները հաւասարապէս բաժնենք Եւրոպական Միութեան 28 անդամներուն միջեւ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը պարտի հիւրընկալել շուրջ 4285 գաղթական: Եւրոպական բարգաւաճ երկիրները կը զարհուրին այդ թիւով գաղթականներ հիւրընկալելէ, իսկ Լիբանան գտնուող գաղթականները անոր բնակչութեան թիւին շուրջ մէկ չորրորդը կը կազմեն:

Աւելի՛ն, թունուզցի պաշտօնատար մը եւս երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ 165 հազար քառ. քմ տարածք եւ շուրջ 10,8 միլիոն բնակչութիւն ունեցող իր երկիրը արդէն իսկ կը հիւրընկալէ 4 հազար սուրիացիներ եւ յաւելեալ գաղթականներ հիւրընկալելու կարողութիւնը չունի:

Վերոնշեալները կրնան լիբանանցիին մօտ յառաջացնել հպարտութիւն մը, որ սակայն սնամէջ է, որովհետեւ անոնք իրողութեան մէջ պատկերացում մը կու տան հազարումէկ հարցեր դիմագրաւող Լիբանանին գտնուած լուրջ կացութեան մասին: Կացութիւն մը, որուն ծանրութիւնը կը զգայ տնտեսական վիճակի առումով արդէն իսկ շարժող աւազի մէջ գտնուող եւ ապագայի նկատմամբ հետզհետէ իր յոյս կորսնցնող քաղաքացին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Trending Articles