Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Տխուր Երգիծանք. Պէտք Է Կիոթինի Տակ Դնենք Ասանժի Գլուխը…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու արդարութեան նախարարութիւնը ուրբաթ, 24 մայիսին 17 տեսակ ամբաստանագիր արձակեց «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիր Ճիւլիըն Ասանժի դէմ` զայն ամբաստանելով իբրեւ լրտես, զարտուղի միջոցներով պետական գաղտնիքներ կորզող ու հրատարակող եւ երկրի անվտանգութեան սպառնացող տարր: Եթէ Ասանժ Միացեալ Նահանգներու յանձնուի եւ դատուի, կրնայ ընդամէնը 170 տարի բանտարկութեան դատապարտուիլ:

Ասանժին պատմութիւնը երկար է. ան շուրջ 9 տարի առաջ ձեռք բերած էր ու հրատարակած` այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք ի յայտ բերած էին, որ Իրաքի մէջ խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն հաստատելու առաքելութիւնը ունեցող ամերիկացի բանակայիններ օր ցերեկով անմեղ բնակիչներ սպաննած էին: Բացայայտումը հսկայ աղմուկ բարձրացուց օրին ու կը շարունակէ ալեկոծել ամերիկեան ու դաշնակից իշխանութիւնները, որոնք արդարօրէն մտահոգ են, որ նման բացայայտումներ կը վարկաբեկեն զիրենք ու կը ջրեն այլ երկիրներէ ներս զինեալ եւ այլ միջամտութիւններու իրենց պատճառաբանութիւնները: Աւելի՛ն. կ՛ապացուցեն, որ պետական մակարդակի վրայ ոճիրները վերջ չեն գտած, այլեւ նման արարքներ գործողներ կը պաշտպանուին, երբեմն նաեւ անպարտութեան վկայական կը ստանան:

Ասանժ իր բացայայտումներուն պատճառով դարձաւ հետապնդումի թիրախ, դարձաւ թափառական ու քաղաքական ապաստանեալ, տարիներ շարունակ ինքնաբանտարկումի ենթարկեց ինքզինք իրեն քաղաքական ապաստան տուած Էքուատորի դեսպանատան մէջ, Լոնտոն, մինչեւ որ շուրջ երկու ամիս առաջ, ամերիկեան աղաղակող ճնշումի ենթարկուելով, Էքուատորը Անգլիոյ ոստիկանութեան յանձնեց Ասանժը, որ ահա կը պահանջուի Ուաշինկթընի կողմէ, որպէսզի դատուի իբրեւ լրտես ու պետական գաղտնիքներ բացայայտող: Այն առարկութիւնները, որ ան լրագրող է եւ նման հետապնդումներով մամուլի ազատութիւնը կ՛ոտնակոխուի, անընդունելի կը նկատուին ամերիկեան իշխանութիւններուն ու անոր գործակից` Ասանժը հետապնդող այլ երկիրներու կողմէ:

… Ասանժը բանտարկելը օգուտ չունի եւ բաւարար չէ: Ան պէտք է մահապատիժ կրէ եւ, ի հարկին, Ֆրանսայի մէկ թանգարանէն կառափնատ մը` կիոթին մը պէտք է դուրս բերուի. ան պէտք է հրապարակաւ գլխատուի, ինչպէս կը գլխատուէին ոճրագործներն ու ծանր յանցանքներ գործողները:

Ի՞նչ կը նշանակէ թափանցել պետական գաղտնի թղթածրարներու շտեմարանները, դուրս բերել պետական ոճիրի փաստեր ու հրապարակել զանոնք: Այս ընթացքով աշխարհն ու անոր խաղաղութիւնը, ապահովութիւնը, նոյնինքն ժողովրդավարութիւնն ու այլ արժէքներ դեռ որքա՞ն պէտք է ցեխի մէջ ձգուին… Պէտք է այսօրուան ու երէկուան նախագահներուն ու անոր գործակիցներուն խնայենք այն ճակատագիրը, որուն ենթարկուեցաւ, օրինակի համար, նախագահ Նիքսըն, երբ բացայայտուեցան անոր ապօրինի լրտեսութիւններն ու անոր օրով Վիեթնամի մէջ ամերիկեան բանակին ոճիրները` դուռը լայն բանալով այդ պատերազմին դադրեցման ճիգերուն առջեւ: Հիմա աշխարհը կ՛ապրի պատերազմներու հրահրման դարաշրջանը: Պէտք է ո՛չ միայն զէնք ծախել քարիւղով հարուստ ու այլ աղքատ երկիրներու, այլեւ` զանոնք մղել, որ այդ զէնքերը գործածեն, ժանգոտելու առիթ չտան, զիրար ջարդեն, երկիրներ սովի ճիրաններուն մէջ ձգեն: Եթէ Ասանժի ու նմաններու բացայայտումները առաջնորդեն նոր դրսեւորումներու, ժողովուրդին «աչքը կը բացուի» եւ տնտեսական բռնատիրութիւնները կը վտանգուին, հանրապետականներու եւ դեմոկրատներու հաւասարապէս յանցապարտութիւնը նոր գայթակղութիւններու դուռ կը բանայ:

Այո՛, պէտք է գլխատել Ասանժն ու անոր նման բոլոր ժպիրհները, որոնք կը կոչուին Պրետլի-Չելսի Մենինկ, Էտուըրտ Սնոտըն եւ ուրիշներ, որովհետեւ նման բացայայտումներով վաղը-միւս օր լուսարձակի տակ կը բերուին նա՛եւ մօտիկ ու հեռաւոր անցեալի պետական ոճիրները` սկսելով Ասիայէն ու Ափրիկէէն մինչեւ Ամերիկաներ, Իսրայէլէն մինչեւ Թուրքիա, Հայաստան ու… Ցեղասպանութիւն:

Ասանժները արժանի չեն բանտը պահուելու. ժողովուրդին շահատուրքերը պէտք չէ ծառայեն զանոնք կերակրելու: Կառափնատը կարճ ու կտրուկ կերպով կը լուծէ ամէն բան:

24 մայիս 2019

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>