Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Մամուլին Մէջի Մշակութային Կեանքէն Նմուշներ` Հնագիտական, Գրական, Թատրոն Եւ Հանրային Գրադարաններ Դ.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Յետցարական Հայաստանի հնութիւններու պահպանումի աշխատանքը կը սկսի 1918-ին, երբ Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ Աւետիս Ահարոնեանին յանձնարարութեամբ, հնագէտ-պատմաբան Աշխարհբէկ Լոռիս-Մելիք Քալանթար կը կազմակերպէ Անիէն շուրջ 6000 հնագիտական իրերու փրկութիւնը, որոնք այժմ կը պահուին Հայաստանի Պատմութեան պետական թանգարանին մէջ: Մինչ այդ, 1917-ին, ան Նիկողայոս Ադոնցի հետ Վանի հնագիտական երկրորդ խումբին մասնակցած էր (1): Կառավարութիւնը ապա զինք կը նշանակէ հանրային կրթութեան նախարարութեան «Հնութեան, յուշարձաններու պահպանման բաժին»-ի վարիչ: Այս առթիւ ան «Ամէնքի ուշադրութեան» խորագիրով կոչ-յօդուած մը գրած է «Աշխատանք»-ի 6 սեպտեմբեր 1919-ի համարին

Աշխարհբէկ Քալանթար                                               Անիի թանգարանը վերականգնած, «Յառաջ», 26-12-1919

մէջ, Հայաստանի տարածքին բոլոր տեսակի հնութիւններուն հանդէպ հոգատար ըլլալու եւ վտանգուած ու մոռացութեան մատնուած հնագիտական կառոյցներու եւ յուշարձաններու մասին տեղեակ պահելու զինք (2):

«Անիի հնադարանը (թանգարան*) վերականգնած» խորագիրով «Յառաջ» 26 դեկտեմբեր 1919-ին կը գրէ (3). «Անին աւերողները հիմնայատակ կերպով քարուքանդ ընելով թանգարանի եւ բնակութեան նոր շէնքերը (Անիի բազմամեայ վանահայր Միքայէլ վրդ.  Ֆեթվաճեանի եւ Մառի բնակարանները*)` ջարդած ու փշրած են նաեւ թէ՛ թանգարանի եւ թէ՛ ալ հոս ու հոն գտնուող պեղման վայրերուն յայտնաբերուած արձանները (իրերը*): Իսկ թանգարանի Ա. բաժինի բոլոր հնութիւնները (նիստուկացին վերաբերեալ), որոնք արդիւնքն էին փրոֆ. (Նիկողայոս 1864-1934*) Մառի 15 տարուան պեղումներուն, թանգարանէն դուրս թափած էին եւ շպրտած ձորն ի վար` դէպի Ախուրեան (գետ*). այնպէս որ, այդ մեծ քանակութեամբ մանր-մունր հնութիւնները կը ծածկէին ձորին ամբողջ լանջը` միախառնուելով քարերուն հողին եւ աւազին հետ:

«Ամէնուն ուշադրութեան»` բոլոր տեսակի հնութիւններուն հանդէպ հոգատար ըլլալու կոչը, «Աշխատանք» 6-9-1919:

«Ներկայիս, հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարարին (Սիրական Տիգրանեան*) կարգադրութեամբ, Հնութեան պահպանման բաժինի վարիչը (Աշխարհբէկ*) շուրջ երկու շաբաթ Անիի մէջ, աշխատելով` այդ բոլոր հնութիւնները հաւաքած է, տեղաւորած անոնց նախկին վայրը` աշտարակին մօտակայ հին շինութեան մէջ,  կարգի բերելով նաեւ շինութիւնը»:

Այլ լուրով «Յառաջ» 2 դեկտեմբեր 1919-ին կը յայտնէ, որ կառավարութիւնը Խաչիկ վարդապետին (Տատեան, 1863-1936*) խնդրանքով 25 հազար ռուբլի յատկացուցած է անոր` Զուարթնոցի պեղումները շարունակելու համար, պայմանաւ որ չքաւորներ աշխատեցնէ (4):

Խաչիկ վրդ. Տատեան եւ Զուարթնոցի պեղումները, «Յառաջ», 2-12-1919

7 յուլիս 1920-ին կառավարութիւնը կը նշանակէ «Հայաստանի հնութիւններու պետական պահպանութեան կոմիտէ»-ն (կրթական նախարարութեան բաժանմունքին առընթեր*), հետեւեալ անդամներով. «Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան եւ համալսարանի դասախօսներ` Գարեգին եպիսկոպոս (հետագային` Գարեգին Ա. կաթողիկոս Յովսէփեան*) եւ հնութիւններու վարիչ Աշխարհբեկ Լոռու-Մելիք Քալանթար:

«Հայաստանի հնութիւններու պետական պահպանութեան կոմիտէ», «Յառաջ» 11-8-1920

«Հայաստանի հնութիւններու պետական պահպանութեան կոմիտէին կազմակերպած հնագիտական արշաւախումբը արդէն գործի լծուած է միաժամանակ քանի մը վայրերու մէջ` կեդրոն ունենալով Անին: Արշաւախումբին կը մասնակցին շարք մը անուանի գեղարուեստագէտ ուժեր» (5): Այսպէս, «Ճարտարապետներ Թորոս Թորամանեան, (Գաբրիէլ*) Տէր Միքայէլեան եւ Գալկին (ռուս): Նկարիչներ` Եղիշէ Թադէոսեան իր երկու աշակերտներով` Մկրտիչ Մարգարեան եւ Ստեփան Թարխարարեան, նկարիչներ` տէր եւ տիկին Տէչօեաններ, «Գեղարուեստ»-ի խմբագիր` նկարիչ Գարեգին Լեւոնեան, յայտնի լուսանկարիչ Վաղարշակ Յակոբեան եւ այլն (8):

Հայկ Աճեմեան «Յառաջ»-ի մէջ «Անի» խորագիրով հնութիւններուն մասին յաջորդական երեք հետաքրքրական ծաւալուն յօդուածներ գրած է` 2, 14 եւ 24 սեպտեմբեր 1920-ին (6), (7), (8), ուր Անի քաղաքին պատմականը կը կատարէ, ապա 1893-էն ի վեր կատարուած հնագիտական արշաւներուն մանրամասն տեղեկութիւնները կը յայտնէ` նշելով հնագիտական խումբերը եւ գլխաւոր պեղումները: Վերջապէս, ականատեսի մանրամասն վկայութիւն կու տայ հնութիւններուն հանդէպ թրքական եւ թաթարական վերջին  բարբարոսութիւններուն մասին եւ կը ներկայացնէ հնութիւններու պետական պահպանութեան կոմիտէին կատարուող ու կատարելիք աշխատանքները:

Վերադառնալով թատրոնի շէնքերուն` Z-ի կողմէ «Յառաջ»-ի 17 օգոստոս 1920-ի համարին մէջ Զարիֆեան թատերախումբին Հենրիկ Իբսենի «Բժիշկ Շթոքման» (կամ` «Ժողովուրդի թշնամին»*) թատերախաղի դրական գնահատականին վերջաւորութեան Ջանփոլատեան թատրոնին մասին կ՛ըսէ (9). «Ափսոս, որ այսպիսի լաւ ներկայացում կը տրուի սրահի մը մէջ, որ կարծես ախոռ էր: Եւ իրապէս կը թուէր, որ ոչխարները նո՛ր դուրս հանած էին` այդպիսի ծա՛նր հոտ: Կրթութեան եւ արուեստի նախարարը աւելի յարմար սրահ պէտք էր տրամադրէր, գոնէ` խորհրդարանի սրահը, որ երեք ամիս է` ազատ է»: Արդեօք խորհրդարանը արդէն նոր շէ՞նք փոխադրուած էր մայիս 1920-ին:

Ստորեւ կը ներկայացուին փունջ մը մշակութային լուրեր եւ ծանուցումներ, առաջինը` մանկավարժական-կրթական արժէք ներկայացնող «Մանուկ»


ընկերութեան հայերէնով մանկական հայրենագիտական խաղ-գիրքերը` 1. Առածներու լոտօ (վիճակախաղ*), 2. Աստղերու խաղ, 3. Դդում (գոյներու խաղ), 4. Սրամիտ հովիւը (տառերու խաղ), 5. Թանկագին քարեր, 6. Առածներու խաղ, 7. Հայոց գետերը, 8. Հայոց գետերու գիրքը, 9. Հայոց գետերու քարտէսը:

Երկրորդը` «Արեւմտահայ խումբ մը երիտասարդ գրողներ ձեռնարկած են մօտերս լոյս ընծայելու «Բագին» գրական, գեղարուեստական ժողովածուն: Կը խնդրուի քերթուածներ, վիպակներ, գրադատական եւ այլ գրութիւններ ղրկել Երեւանի Դաշնակցութեան տուն, «Աշխատանք»-ի հասցէով` «Բագին»-ի խմբագրութեան» (10):

«Բագին», «Աշխատանք» 12-6-1919

Մամուլի էջերէն կարելի է հաստատել, որ Երեւանի մէջ առնուազն հինգ հանրային գրադարաններ կային, երկուքը` ոչ պետական, «Ազատութեան լոյս»` ՀՅԴ կեդրոն եւ «Ախպեր Ռաֆայէլեան», բանուորականի (Ջանփոլատեան թատրոնի շէնք*), քաղաքապետարանի եւ խորհրդարանի (պետական*) գրադարան-ընթերցարաններուն կողքին: «Օգոստոս ամսուան ընթացքին (1920) Երեւանի քաղաքապետարանի գրադարանը, ուր կը ստանան նաեւ տեղական ու արտասահմանեան թերթեր, յաճախած են 1360 ընթերցողներ, եւ վարձու տրուած է 1377 գիրք: Իսկ նուէր ստացած է 45 նոր գիրք եւ ձեռք բերած` շուրջ 400 հայերէն եւ ռուսերէն գիրքեր», «Յառաջ» 17-9-1920:

Գրադարանի գործառնութիւնը, եւ գիրքերու նուիրատուութիւն, «Յառաջ» 17-9-1920

Պաշտօնական երկու լուրեր. «Հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարարութեան հովանաւորութեամբ Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի*) մէջ բացուող երաժշտական բարձրագոյն դպրոցին համար կառավարութիւնը 504 հազար ռուբլի յատկացուցած է» (11): «Երեւանի մէջ թատերական արուեստանոց հիմնելու համար Հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարարութեան անունով 500 հազար ռուբլի վարկ յատկացուած է» (12):

Պետական երաժշտանոց, «Յառաջ» 24-9-1920, եւ թատերական արուեստանոց, «Յառաջ» 30-10-1920

Հայկական առաջին օփերան` «Անուշ»-ը առաջին անգամ Երեւանի մէջ կը ներկայացուի հեղինակ Արմէն Տիգրանեանի բեմադրութեամբ եւ ղեկավարութեամբ, Ջանփոլատեան թատրոնին մէջ` 1913-ին, ապա 25 եւ 28 յունիս 1920-ին (13): Դժբախտաբար Ուիքիփետիան հիմնուելով «Հայկական սովետական հանրագիտարան»-ին վրայ` սխալ կերպով կը նշէր, որ Երեւանի մէջ առաջին ներկայացումը տեղի ունեցած էր 1935-ին, որ այս առիթով սրբագրեցի ներբեռնելով նաեւ վարի ծանուցումը (14):

«Անուշ»-ի ներկայացում, «Յառաջ» 24-6-1920                                                      Ամիրխանը Երեւան, «Յառաջ» 3-9-1920

Օփերայի մասին երկրորդ լուրը. «Մօտերս Երեւանի երաժշտական դպրոցի հրաւէրով Երեւան պիտի ժամանէ պուլկարական օփերայի հիմնադիր Ամիրխանը: Ան գրած է պուլկարական առաջին օփերան (հաւանաբար երաժշտական բեմականացումը*) «Իվանկօ»-ն (Ivanko, թատրերգութիւնը գրած է Վասիլ Տրումեւ*), որ Պուլկարիոյ մէջ մեծ հռչակի արժանացած է. եւ վերջերս ան արձանագրած է «Արարատեան քայլերգ» երգերու ժողովածուն» (15): Կարելի չեղաւ Ամիրխանի մասին համացանցէն որեւէ տեղեկութիւն գտնել` նոյնինքն Պուլկարիոյ օփերայի պատմութեան էջերէն, կամ նշանաւոր հայերու ցանկէն: Այս մարզի պատմագէտները պէտք է այս հարցը ստուգեն եւ ըստ արժանւոյն տնօրինեն:

«… Ալեքսանդրապոլի մէջ 19 սեպտեմբեր 1920-ին երաժշտագէտ Ռոմանոս Մելիքեանի (1883-1935*) աշխատանքներուն նուիրուած շարժական համերգներու շարքին բացումը կատարուած է: Համերգին կ՛աշխատակցին` Արուս Բաբալեան (սոփրանօ 1893-1982*), Իսահակ Ալիխանեան, (1876-1946*), Զալինսկին եւ հեղինակը…» (16):

Ալեքսանդրապոլի համերգները, «Յառաջ» 22-9-1920

Սովի, համաճարակներու եւ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող նորանկախ Հայաստանը անտեսած չէր մշակոյթը եւ գեղարուեստի բոլոր ճիւղերուն մէջ` բեղուն գործունէութիւն մշակած:

20 ապրիլ 2019
Շար. 4 եւ վերջ

——————————–

* Լուսաբանութիւնները իմս:

Ծանօթ.- Լուսանկարները այլ աղբիւրներէ առնուած են:

(1).-  https://hy.wikipedia.org/wiki/Աշխարհբեկ_Քալանթար:
(2).- «Աշխատանք» Դ. տարի թիւ 65 (273), 6 սեպտեմբեր 1919, Երեւան, էջ 4:
(3).- «Յառաջ» Ա. տարի, թիւ 76, 25 դեկտեմբեր 1919, Երեւան, էջ 4:
(4).- «Յառաջ» Ա. տարի, թիւ 60, 2 դեկտեմբեր 1919, Երեւան, էջ 3:
(5).- «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 170, 11 օգոստոս 1920, Երեւան, էջ 2:
(6).- «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 188, 2 սեպտեմբեր 1920, Երեւան, էջ 4:
(7).- «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 198, 14 սեպտեմբեր 1920, Երեւան, էջ 4:
(8).- «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 207, 24 սեպտեմբեր 1920, Երեւան, էջ 4:
(9).- «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 175, 17 օգոստոս 1920, Երեւան, էջ 4:
(10).- «Աշխատանք» Դ. տարի թիւ 31 (239), 12 յունիս 1919, Երեւան, էջ 1:
(11).- «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 207, 24 սեպտեմբեր 1920, Երեւան, էջ 3:
(12).- «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 237, 30 հոկտեմբեր 1920, Երեւան, էջ 3:
(13).- «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 131, 24 յունիս 1920, Երեւան, էջ 1:
(14).- https://hy.wikipedia.org/wiki/Անուշ_(օպերա)
(15).- «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 189, 3 սեպտեմբեր 1920, Երեւան, էջ 2:
(16).- «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 205, 22 սեպտեմբեր 1920, Երեւան, էջ 2:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>