ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Ազատութեան հրապարակի վրայ ՀՅ Դաշնակցութեան հանրահաւաքը ազգային հրամայականն էր` ի դէմ երկիրը շրջապատող այն համայնապատկերին, ուր աստիճանաբար կը զարգանայ վտանգաւոր իրավիճակ` իր բոլոր տեսանելի եւ անկանխատեսելի ճգնաժամերով: Ներկայ պայմաններու տակ վստահաբար միայն Դաշնակցութիւնն էր, որ իր քաղաքական փորձառութեամբ եւ ազգային բծախնդրութեամբ կարող էր ներկայացնել հարցերը իրենց ամբողջ մերկութեամբ` ի հեճուկս վարչապետին վայելած ժողովրդականութեան եւ Ազգային ժողովի մէջ ամբարած ջախջախիչ մեծամասնութեան:
Երկրին համար պահը վտանգաւոր է, լի` այլազան որոգայթներով: Պահը լուրջ է, ուստի լրջանալու պահն է: Զգաստանալու պահն է, երկիրը անդունդի եզրէն ետ բերելու պահն է, երկրին նաւը փոթորկած ջուրերէն խաղաղ ափեր առաջնորդելու պահն է: Ա՛յս էր Դաշնակցութեան պատգամը համայն հայութեան` հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր գաղթօճախները:
Տարբեր չէր կրնար ըլլալ այդ պատգամը, քանի որ խորապէս ցաւալի եւ միաժամանակ խստօրէն մտահոգիչ է ներկայ իշխանաւորներու` երկիրը առաջնորդելու ղեկավարման ընթացքը: Մօտ տասը ամիս իշխանութեան ղեկին, կառավարութեան ամբողջական ուժն ու հեղինակութիւնը սեփականացուցած, ներկայ իշխանաւորները ցարդ ոչ մէկ շօշափելի բարելաւում կատարեցին հայրենի ժողովուրդը յուզող գրեթէ բոլոր բնագաւառներէն ներս: Ազգային Ժողովը իր ամբողջական հակակշիռին տակ պահող այս իշխանաւորները ցարդ ոչ մէկ հիմնական օրէնսդրութիւն կայացուցին յեղափոխելու կամ առնուազն բարեշրջելու համար հայրենիքի անկումային վայրէջքը:
Գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները անձնականացնելով` հարուածեցին պետական կառոյցի հիմերը եւ ազգային արժէքները: Հերթը հասաւ մինչեւ դատական իշխանութիւն: Մինչեւ իսկ տապալեցին սահմանադրութիւնն ու անոր ամրագրած ժողովրդավարութիւնը` նսեմացնելով պետութեան երեք իշխանութիւններու անկախութիւնն ու տարանջատումը:
Եղածը պարզապէս պետական կառոյցները զաւթելու եւ անձնականացնելու քաղաքական վարքագիծ մըն է, որ համաճարակի նման կը տարածուի վրան բոլոր այն սիւներուն, որոնց վրայ կառուցուած է մեր պետութիւնը: Վարքագիծ մը, վերջապէս, որ պոլշեւիզմի նման` կը փորձէ երկիրն ու ժողովուրդը խորթացնել իր պատմական ու մշակութային արժէքներէն, որոնք պատուանդանը եղած են ու կը մնան մեր ազգային նկարագրին ու առաքելութեան:
Ազգայնօրէն յոռի ու հայրենականօրէն այս անյարիր վարքագիծը պէտք էր խնայուէր մեր երկրին ու ժողովուրդին: Այդպէս չեղաւ, ցաւ ի սիրտ, այլ պարտադրուեցաւ ներկայ իշխանաւորներու մտայնութիւնը, հոգեվիճակը եւ գործելաոճը: Իբրեւ արդիւնք, անտեսուեցան` ժողովուրդը, ժողովուրդի բարօրութիւնը, մշակութային հզօրանքը, ազգային դիմագիծն ու էութիւնը բնորոշող արժէքները: Փորձուեցաւ ազգամիջեան սեպեր խրել: Արցախը լուսանցքայնացնելու, սակարկելու եւ մինչեւ իսկ վտանգելու դրսեւորումներ կատարուեցան բարձրագոյն մակարդակներու վրայ: Տակաւին չենք խօսիր մեր ժողովուրդի իրաւազրկման արդարահատուցումը մոռացութեան տալու եւ սփիւռքեան գաղթօճախները տագնապեցնելու փորձերը:
Այս բոլոր թերացումներէն անդին եւ աւելին, ցաւալին ու մտահոգիչը այս իշխանաւորներու ապիկար վերաբերմունքն է երկրի անկումային վայրէջքը կասեցնելու եւ բարելաւումներ բերելու յանդգնութիւնը ցուցաբերող ուժերուն դէմ: Այդ ուժերէն է Դաշնակցութիւնը, թերեւս` միակը, որ խիզախութիւնը ունի մատնացոյց ընելու սխալն ու միաժամանակ գործակցութեան ձեռք երկարելու իշխանութեան, որպէսզի կասեցուի երկրին սպառնացող մայրամուտը:
Դաշնակցութիւնը այս հանրահաւաքին ըսաւ իր խօսքը` ամենայն հարազատութեամբ, խարազանեց իշխանութիւններուն թերութիւնները` ամենայն անկեղծութեամբ, հիմնաւորեց իր նկատողութիւնները` առանց լոզունգներու եւ քինախնդրութեան, ներկայացուց երկրի ու ժողովուրդի վերելքին միտող իր առաջադրութիւնները` համեստութեամբ ու պատասխանատուութեան գիտակից քաղաքական կուսակցութեան վայել ձեւով ու բովանդակութեամբ:
Դաշնակցութիւնը դաւաճաններ չփնտռեց մեր իշխանաւորներուն մէջ: Թշնամիներ չտեսաւ հայրենի իշխանութիւններուն մօտ: Ընդհակառակը, Դաշնակցութիւնը որոնեց գիտակիցն ու գործակիցը անոնց մէջ: Այդ յանձնառութեամբ իր ամբողջական գործակցութեան ձեռքն ու նեցուկը երկարեց իշխանաւորներուն, որպէսզի միասնաբար փրկենք ու զարգացնենք երկիրն ու ժողովուրդը:
Իմաստուն եւ հեռանկարային առաջնորդը գիտէ տեսնել եւ ընդունիլ սխալը: Ան ընդունակ է սրբագրելու իր ընթացքը եւ կառուցելու իր վարքագիծը ճիշդ ուղիին վրայ: Երկիրը կը յառաջդիմէ միայն այդ ճանապարհով, ժողովուրդին կեանքը կը բարելաւուի միայն այդ ուղիով:
Դաշնակցութեան այս հանրահաւաքը լաւագոյն առիթն է վարչապետին ու իր գործակիցներուն համար, որպէսզի միասնաբար կառուցենք լաւը եւ միասնաբար մեր նաւը առաջ տանինք դէպի լաւագոյն ապագայ: Եթէ անոնք գործակցութեան տեղ չեն տեսներ Դաշնակցութեան հետ, Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ ըլլալ իրենց նեցուկ եւ աջակից` ի սպաս լաւ երկրի կերտման ու բարօր ժողովուրդի կայացման:
Ամէն պարագայի, Դաշնակցութիւնը տուած է երկրի ու ժողովուրդի վերելքի ճանապարհի ազդանշանը: Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է տարածելու այդ ազդանշանը համայն հայրենիքին ու համայն հայութեան վրայ` Երեւանէն մինչեւ Գիւմրի, Լորիէն մինչեւ Աշտարակ, Գորիսէն մինչեւ Շուշի, եւ մինչեւ հայկական սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր գաղութները:
Սա մեր հայրենիքն է, սա մեր ժողովուրդն է: Եթէ մենք թերանանք ու սխալինք, այլեւս աններելի է: Այս յանձնառութեամբ Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ մեր հողին ու մեր ժողովուրդին, որպէսզի կրկին անգամ չսխալինք եւ վերջնականապէս կասեցնենք այս երեսնամեայ մայրամուտը:
Լոս Անճելըս