Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի Խօսքը` Մայիսեան Փառատօնին

$
0
0

ՀՄԸՄ-ի երկրորդ հարիւրամեակի մայիսեան առաջին փառատօնն է այս, եւ ինչպէս նախորդները, ան խանդավառութեան, յոյսի եւ լաւատեսութեան աղբիւր է մեզի համար:

Քիչ ետք, ՀՄԸՄ-ական տողանցող շարքերը դիտելով, մենք պիտի խանդավառուինք մեր նոր սերունդով եւ պիտի ուրախանանք, որ հարիւրամեակի երթը կը շարունակուի ու պիտի՛ շարունակուի նորերով: Տեւաբար պիտի գան նորերը, եւ մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր զաւակներն ու թոռները վստահիլ իր «կամաւոր բանակ»-ին, որ 100 տարուան իր ծառայութեամբ ու նուիրումով յարգանքի եւ գնահատանքի արժանի է բոլորին կողմէ:

Քիչ ետք ՀՄԸՄ-ական տողանցող նոր սերունդը մեզի պիտի փոխանցէ յոյսն ու լաւատեսութիւնը` մեր վաղուան գալիքին: Անոնք` պատանի-երիտասարդները, պիտի գան մեզի փոխանցելու, որ անհո՛գ եղէք, մի՛ մտահոգուիք, նոր սերունդը ՀՄԸՄ-ի ազգային-միութենական հնոցին մէջ կը պատրաստուի` միութեան նախորդ սերունդներուն ջահը բարձր պահելու եւ զայն նորանոր բարձունքներու առաջնորդելու:

Այսօր այստեղ ներկայացուածը, սակայն, արտացոլումն է ամբողջ տարուան մը վրայ երկարած կազմակերպչական, սկաուտական եւ մարզական այն հսկայական աշխատանքին, որուն լծուած են այս միութեան երախտաւորները` մեծով ու փոքրով, վարչականով ու խմբապետով, միութեան բարերարով եւ բարեկամով:

Բոլորին վարձքը կատար, մանաւանդ որ անցնող տարին սովորական տարի մը չէր, եւ աշխատանքներն ալ սովորական չէին: 2018-ն ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տարին էր, աշխատանքները նուիրուած էին 100-ամեակին, յաջողութիւնները եւ իրագործումներն ալ վայել էին 100-ամեակին:

Այսօր նոր փուլ է: Փուլ մը, որ կը սկսի ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական համագումարով, երիտասարդութեան հանդէպ միութեան ցուցաբերած յաւելեալ ուշադրութեամբ: Այս փուլին միութեան սկաուտական եւ մարզական բաժիններուն կ՛աւելնայ երիտասարդական բաժինը, որ կը համախմբէ 18-30 տարեկան ՀՄԸՄ-ականներ, որոնք միութենական միջավայրի մէջ մնալով` իրենց համար կը ստեղծեն աշխատանքի յատուկ դաշտեր:

Երկրորդ 100-ամեակի փուլը ՀՄԸՄ-ին համար կը սկսի նաեւ այլ նորութեամբ մը` Արցախի մէջ գործունէութեան ծաւալումով: Այսօր, Հայաստանի անկախութեան 101-ամեակին նուիրուած այս փառատօնին ուրախութիւնը ունիմ մեր ժողովուրդին աւետելու, որ շուտով ՀՄԸՄ իր 111-րդ մասնաճիւղը կ՛ունենայ Ստեփանակերտի մէջ եւ կը լծուի Արցախի մէջ կազմակերպական իր ցանցի ստեղծման ու տարածման:

Երկրորդ ուրախ լուրը, զոր քիչ առաջ ստացայ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Հրաչ Սիսեռեանէն, այն է, որ ՀՄԸՄ-Ֆրանսի մեկուսի շրջանը, երէկ երեկոյեան (25 մայիս) Փարիզի արուարձաններէն Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետ Անտրէ Սանդինիէն պաշտօնապէս ստանձնած են ՀՄԸՄ-Ֆրանսի նուիրուած հողաշերտ մը, որուն համար տարիներէ ի վեր հետեւողական աշխատանք կը տարուէր` կառուցելու համար ՀՄԸՄ-ի կեդրոնը, որ ապագային պիտի դառնայ Եւրոպայի ՀՄԸՄ-ի կեդրոնատեղին:

Այսպէս, ՀՄԸՄ-ի յաջողութիւնները կանգ չեն կրնար առնել երբե՛ք: ՀՄԸՄ կոչուած է հասնելու հո՛ն, ուր հայութիւն կայ, կազմակերպ կեանքի անհրաժեշտութիւն կայ, սերունդ դաստիարակելու պահանջ կայ: Եւ այդ անհրաժեշտութիւնն ու պահանջը այս օրերուն քիչ մը ամէն տեղ կան` Հայաստանի մարզերէն մինչեւ ամերիկեան ցամաքամասի հեռաւոր շրջաններ, անցնելով Եւրոպայի հայկական նորակազմ համայնքներէն եւ Միջին Արեւելքի աւանդական մեր գաղութներէն:

Մեր սիրելի Լիբանանը կը նկատուի աւանդական գաղութներու շարքին, ուր ՀՄԸՄ-ական գործունէութեան հսկայական գործ ու վաստակ կայ, ուր հպարտութեան եւ խանդավառութեան անպատմելի յաջողութիւններ կան: Լիբանանի շրջանը կոչուած է միշտ մնալու իր յաջողութիւններու պատուանդանին վրայ եւ հակառակ մարդուժի եւ նիւթական իր դժուարութիւններուն` տեւաբար ընթանալու հոսանքն ի վեր:

ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը շատ բան կ՛ակնկալէ Լիբանանի շրջանէն, որովհետեւ կը հաւատայ, որ Լիբանանը եղած է ու կը մնայ ամուր ողնայարը միութեան բազմաճիւղ աշխատանքներուն: Լիբանանէն գաղթած քոյր-եղբայրներն են, որոնք  այսօր կանգուն կը պահեն միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերէն շատերը: Նաեւ Լիբանանի շրջանի մարզական եւ սկաուտական յաջողութիւններն են, որոնք տեւական ներշնչումի եւ ոգեւորութեան աղբիւր են ՀՄԸՄ-ական ընտանիքին համար: Լիբանանի շրջանին հզօրութիւնը ՀՄԸՄ-ի բովանդակ ընտանիքին հզօրութիւնն է:

Մայիսեան այս փառատօնը առիթ է նաեւ Լիբանանի շրջանին գնահատանք արձանագրելու` միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն իր բերած ամբողջական մասնակցութեան համար, Հայաստան թէ Լիբանան: Նաեւ առիթ է յաւելեալ աշխուժութիւն, եռանդ եւ կորով մաղթելու շրջանի պատասխանատու բոլոր կազմերուն, որպէսզի փառատօնէ փառատօն միութեան երթը շարունակուի անդամական նոր շարքերով եւ իրագործումներով:

Ու որպէսզի մեր ժողովուրդը շարունակէ հպարտանալ ու հիանալ մայիսեան յաղթանակներու ոգիով գործող այս միութեամբ, անոր իւրաքանչիւր յաղթանակին մէջ տեսնելով իր սեփական յաղթանակը, հայ ոգիին ու հայ ինքնութեան պահպանման յաղթանակը:

Հայաստանին, Արցախին եւ համայն հայութեա՛ն յաղթանակը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>