Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Երբ Անհանդուրժողութիւնը Կը Դարձնեն Հանդուրժելի

$
0
0

Մինչ մարդիկ կը քնանային` թշնամին եկաւ,
որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց:
Մատթէոս 13:25

Մայիս 18-ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի դէմ կատարուած յարձակումը իր բովանդակ իմաստով յանցագործութիւն է եւ իբրեւ այդպիսին` խիստ դատապարտելի: Արցախեան ազատամարտին իր ներդրումը կատարած դաշնակցական քաղաքական գործիչին դէմ կատարուած խուժանային արարքը, պարզապէ՛ս ստորութեան համազօր է:

Երկրի իշխանութիւններն ու իրաւապահ մարմինները կատարուածը գնահատելու եւ օրէնքի համապատասխան ուժով պարտաւոր են պատժական տնօրինում կատարելու յանցագործներուն դէմ:

Սպառնալիքներով լի այս հանգրուանին կ՛ապրինք այնպիսի անհեթեթ քաղաքակրթութեան մը մէջ, ուր գոյութիւն ունին միայն զո՛հն ու զոհարարը, ուր կաշկանդուած է այլակարծութիւնը, տարածուած է թունալից բանսարկութիւնը, մաղձը, ոխակալութիւնը, վրէժխնդրութիւնը, պառակտումն ու խաւարամտութիւնը:

Իրերամերժութիւնը կ՛առաջնորդէ երկկողմանի ինքնամեկուսացման, որ իր կարգին կ՛առաջնորդէ ազգային հաւաքական ներուժի ջլատման, հասարակութեան խաւերու միջեւ սուր բեւեռացման, որմէ կրնայ օգտուիլ միա՛յն մեր հայրենիքի թշնամին:

Իշխանութիւններու «Ով մեզի հետ չէ` մեզի դէմ է» կարգախօսը այսօրուան հաւաքականութեան լայն զանգուածներու գիտակցութեան մէջ տեղադրուած է յստակ եւ կազմակերպուած քարոզչութեամբ: Մնացեալը հաւատաքննութիւն է:

Սարսափելին հոն է, որ սկսած ենք վերածուիլ ատելավառութեամբ ախտավարակուած հասարակութեան եւ անհանդուրժող ընկերային հաւաքականութեան: Իսկ ազգային միասնականութիւնը պառակտելու եւ մանաւանդ արցախեան ճակատի վրայ համահայկական միասնութեան սպառնացող բաժանարար կոչերու հրահրումը լուրջ վտանգ են անաւարտ պատերազմի իրավիճակի մէջ գտնուող հայրենիքին: Շիկացած այս լարուածութիւնը կրնայ միայն առաջնորդել մեր դիմադրականութեան պատնէշներու փլուզման:

Ո՞ւր մնացին սիրոյ եւ համերաշխութեան յորդորները: Ընկերային ցանցերու վրայ սանձարձակ կը գործեն փարիսեցիներու վոհմակները, որոնք կը սերմանեն որոմը, եւ այդ որոմը արդէն իսկ սկսած է քանդել քառորդ դար առաջ հայութեան մէջ արարուած յաղթականի հոգեկերտուածքը: Օրըստօրէ կը խախտի եւ կը սասանի մեր ազգային արժեհամակարգը:

Ցաւալի՛ն եւ վտանգաւորը ա՛յն է, որ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ կը տիրէ կատարեալ հանդուրժողութիւն` անհանդուրժողութեան հանդէպ, եւ այս մէկը այլեւս ազգային ժահրակալած վէրք է, որ կը խորանայ օրն ի բուն: Նոյնինքն այդ անհանդուրժողութիւնը կրնայ դառնալ մեր գոյատեւելիութեան աքիլլէսեան խոցելի գարշապարը:

Ներքաղաքական առողջ միջավայրով սնանելու ժամանակն է: Բարոյալքման վիհ յառաջացնող անհանդուրժողութեան Հայաստանի ներկայ կացութենէն կ՛օգտուի միայն սահմանին վրայ սպառազինուած դարանակալ թշնամին:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատասխանատուութեան կուսակցութիւն է, եւ ինչպէս անցեալին, այսօր նոյնպէս, իր դէմ կատարուած ոտնձգութիւնները դիմակայելով, պիտի լծուի ներքին համերաշխութիւնը վերահաստատելու եւ համազգային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առաքելութեան:

«Հորիզոն»

20 մայիս 2019թ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>