Կարսի մէջ գանձ փնտռողները կը շարունակեն մշակութային աւերը: Այս անգամ անոնք թիրախ ընտրած են հին հայկական գերեզմանները: Այդ մասին կ՛ահազանգէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով Karsmanset.com կայքէջը:
Ըստ աղբիւրին, տարիներ շարունակ գանձագողերու աւերումներուն ենթարկուած այս տարածքին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանաքարերու տակէն մարդկային ոսկորներ ելած են: Ինչպէս կը նշուի թրքական աղբիւրին մէջ, մինչ օրս կանգուն մնացած պատմական շինութիւնները մեծապէս կը տուժեն նաեւ իշխանութիւններու անտարբերութեան պատճառով:
Այս տարածքին մէջ կան խաչի պատկերներով զանազան մեծութեան գերեզմանաքարեր, իսկ գանձախոյզներու փորած փոսերէն դուրս եկած մարդկային ոսկորները այս ու այն կողմ ցրուած են եւ կը սպասեն համապատասխան մարմիններու ուշադրութեան: